Վարդանանց Երգչախումբը դէպի համաշխարհայնացում

Պէ­յօղ­լո­ւի Լա­տինաց Սուրբ Ան­տոն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յացաւ Վար­դա­նանց Երգչա­խումբի հա­մեր­գը։

Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի ալ կ՚ապ­րինք հա­մայնքա­յին մի­ջոցա­ռումնե­րու խտա­ցեալ օրեր։ Կար­ծես հապ­ճեպ մը կը տի­րէ, նախ­քան դպրո­ցական ար­ձա­կուրդի մեկ­նարկու­մը, աւար­տին հասցնել տա­րուայ ըն­թացքին մշա­կուած ձեռ­նարկնե­րը։ Ան­խուսա­փելի կը դառ­նայ խա­չաձե­ւումներ եւ մար­դիկ կը դժո­ւարա­նան կողմնո­րոշո­ւելու այս կամ այն ձեռ­նարկին հե­տեւե­լու հա­մար։

Յու­նիս ամ­սո­ւայ երկրորդ կէսն ալ կ՚անցնի այդ վազվզու­քի մթնո­լոր­տին մէջ, երբ իրար կը յա­ջոր­դեն հա­մերգնե­րը, բե­մադ­րութիւննե­րը, դպրո­ցական հան­դէսնե­րը, գրա­կան մի­ջոցա­ռումնե­րը եւ այլն։

Այդ թո­հու­բո­հին մէջ 18-19 Յու­նի­սի երե­կոյեան Պէ­յօղ­լո­ւի Լա­տինաց Սուրբ Ան­տոն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յացաւ Վար­դա­նանց Երգչա­խումբի հա­մեր­գը, որ կը կրէր «Ձայն Յա­ւիտե­նական» խո­րագի­րը։ Մենք որ­քան ալ հա­յերէ­նի թարգմա­նուած կեր­պով նկա­րագ­րենք հա­մեր­գը, իր ամ­բողջ էու­թեամբ օտա­րաշունչ բնոյթ ու­նէր, իբ­րեւ թէ պատ­շա­ճեց­նե­լով «դա­սական» կո­չու­մին։ Ար­դա­րեւ երգչա­խումբին կ՚ըն­կե­րանար սե­նեկա­յին նո­ւագա­խումբը։

Այսպէս հա­մեր­գը կը ծա­նու­ցո­ւէր Vox Aeterna խո­րագ­րով։ Եր­գա­ցան­կի մէջ կա­րեւոր բա­ժին յատ­կա­ցուած էր Գառլ Օր­ֆի հան­րա­ծանօթ «Գար­մի­նա Պու­րա­նա» գոր­ծին։ Այս ստեղ­ծա­գոր­ծութեան յա­ջոր­դե­ցին Յո­հան Սե­պաս­տիան Պա­խի, Գաբ­րիէլ Ֆո­րէի, Դա­ւիթ Հալ­լա­ճեանի, Մո­ցար­թի եւ Ահ­մետ Ատ­նան Սայ­կունի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րէ նմոյշներ։ Հա­մեր­գի սկզբին խմբա­վար Սի­պիլ Ար­սե­նեան սա­հուն թրքե­րէնով ող­ջունեց ներ­կա­ները եւ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ յայ­տագրի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին։ Ան յատ­կա­պէս յի­շեց Դա­ւիթ Հալ­լա­ճեանը, որու առա­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը կա­տարո­ւեցաւ նո­ւագա­խումբի կող­մէ, իսկ երկրորդ գոր­ծի բա­ռերը կը պատ­կա­նէին եղեռ­նա­մահ բա­նաս­տեղծ Ռու­բէն Սե­ւակի։

Նշենք որ Գառլ Օր­ֆի «Գար­մի­նա Պու­րա­նա»ն եւ Մո­ցար­թի մա­հեր­գը ան­ցեալին եւս եր­գո­ւած են Վար­դա­նանց Երգչա­խումբի կող­մէ։

Պար­տինք նշել թէ հա­մեր­գը իր նպա­տակադ­րած յա­ջողու­թեան ար­ժա­նացաւ նախ երգչա­խումբի հնչեղ եր­գե­ցողու­թեան, նո­ւագա­խումբի հա­մերաշխ ըն­կե­րակ­ցութեան, տա­ճարի հնչո­ղակա­նու­թիւնով եւ խմբա­վար Սի­պիլ Ար­սե­նեանի կա­րողու­թիւնով։

Հա­մեր­գի աւար­տին Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը եւս շնոր­հա­ւորեց կա­տարուած աշ­խա­տան­քը եւ օրհնեց ձեռ­նարկի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը եւ աջակ­ցողնե­րը։

Յա­ւելենք նաեւ թէ Վար­դա­նանց Երգչա­խումբի հա­մեր­գը մաս կը կազ­մէր Օր­թա­գիւ­ղի Թարգման­չաց Վար­ժա­րանի հիմ­նադրու­թեան 240-ամեայ յո­բելեանի մի­ջոցա­ռումնե­րուն շար­քին եւ աջակ­ցութիւ­նը կը վա­յելէր Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն, Պէյ­քո­զի Սուրբ Նի­կողա­յոս, Գուզկունճու­քի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեցի­ներու թա­ղակա­նու­թեան, Գա­րակէօզեանի խնա­մակա­լու­թեան եւ խումբ մը բա­րերարներու։

https://www.agos.com.tr/am/news/vartanants-yrkchakhvwmpi-tebi-hamashkharhahnatsvwm-40967

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ