Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արարայի ճակատամարտը, որուն փառքը հայ կամաւորները կազմեցին, անկիւնադարձ մը եղաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի պատմութեան մէջ:
Ճակատամարտին զոհուած կամաւորներուն աճիւնները թաղուեցան 20 սեպտեմբեր 1918-ին, Արարայի բարձունքներուն, Ռաֆաթ գիւղի հարաւ-արեւմտեան լանջին, եղբայրական գերեզմանի մէջ:
Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւելեան լեգէոնի հրամանատար գնդապետ Ռոմիէօ, որ իր սրտի խօսքը փոխանցելով ըսաւ.
«Երբեք ձեր ցեղին յամառութիւնը, որ վերապրեցուցած է ձեզ դարաւոր փորձառութիւններու մէջէն, աւելի վեհ գործունէութիւն մը չէր ունեցած:
Այս գետնին վրայ, ուր երէկ ամենափոքր շարժումն իսկ մահուան հրաւէր կը կարդար, մենք հպարտ մխիթարութիւնը ունինք հողին յանձնելու հայ հերոսները, բոլորն ալ առաջին գիծին վրայ ինկած, իրենց երեսը դէպի թշնամին, օրինակ հանդիսանալով: Անոնք բոլորն ալ արժանի են Պատերազմական Խաչի, ամէնքն ալ պաշտպան սուրբերն են Արեւելեան լեգէոնին:
Քնացէք ձեր փառքին մէջ: Դուք ճամբան բացիք արդարութեան եւ իրաւունքին, որոնք դարերէ ի վեր վտարուած էին այս շրջաններէն: Պիտի գիտնանք ձեզի արժանի ըլլալ, որպէսզի այս հատուցումը կատարեալ եւ տեւական ըլլայ: Ասիկա կ՛երդնում ձեր գերեզմանին վրայ, այս գերեզմանատան առջեւ, զոր փառքի յիշատակարանի մը պիտի վերածենք եւ պիտի կոչենք Արարայի գերեզմանատուն, այս անունին միացնելու յիշատակը մեր մեռելներուն, անոնց զոհաբերութեան, անոնց յաղթանակին եւ այն հորիզոնին, որ այդ յաղթանակը կը բանայ իրենց հայրենակիցներուն ազգային բաղձանքներուն առջեւ»:
Նշենք, որ հետագային Արարայի ճակատամարտին զոհուած հերոսներուն աճիւնները Երուսաղէմէն եւ Եգիպտոսէն խումբ մը նախկին լեգէոնականներու նախաձեռնութեամբ եւ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանի աջակցութեամբ Երուսաղէմ տեղափոխուեցան եւ Սիոն լերան բարձունքին ամփոփուեցան, ուր անոնց ի պատիւ, դամբարանին վրայ յուշարձան կանգնեցուեցաւ:
Անգլիական բանակի հրամանատար զօրավար Էտմունտ Ալենպի շատ գոհ մնացած էր Արեւելեան լեգէոնէն: Ան իր պատրաստած տեղեկագիրին մէջ կը գրէր. «Արեւելեան լեգէոնը շատ կարեւոր դեր խաղաց մեծ յարձակումին օրը, որ տեղի ունեցաւ 1918 սեպտեմբեր 19-ին, Պաղեստինի ճակատին վրայ»:
Զօրավար Ալենպի 25 սեպտեմբեր 1918-ին հեռագիր ուղարկեց Ազգային միութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշայի, ուր կ՛ըսէր. «Ջերմօրէն շնորհակալ եմ ձեր շնորհաւորութիւններուն համար եւ հպարտ եմ այն իրողութեամբ, որ Արեւելեան լեգէոնի ձեր հայրենակիցները գործօն բաժին մը վերցուցին կռիւին մէջ եւ մասնակից եղան մեր յաղթանակին»:
Իսկ 12 հոկտեմբեր 1918-ի հեռագիրին մէջ զօրավար Ալենպի կը գրէր. «Հպարտ եմ հրամանատարութեանս տակ հայկական զօրամաս մը ունենալուս համար: Անոնք փայլուն կերպով կռուեցան եւ մեծ բաժին ունեցան յաղթանակին մէջ»:
* * *
Արարայի ճակատամարտին պարտուած դուրս ելած թրքական եւ գերմանական բանակները իրենց դիրքերը լքելով սկսան ցիր ու ցան անկանոն նահանջել: Պաղեստինի ռազմաճակատը ճեղքուեցաւ:
Անգլիական բանակի հեծելազօրքը ճակատամարտին յաջորդ օրը, սեպտեմբեր 20-ին, շուրջ երեսուն քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատով սրընթաց գրոհի անցաւ եւ առանց դիմադրութեան հանդիպելու արագօրէն յառաջանալով շուրջ եօթանասունհինգ քիլոմեթր մխրճուեցաւ թշնամիի դիրքերը:
Պաղեստինի ամբողջ ռազմաճակատը, Միջերկրական ծովէն մինչեւ Մեռեալ ծով, խորտակուած էր:
* * *
Թուրք եւ գերմանական ճակատը քայքայուեցաւ` ճամբայ բանալով արաբական հողերու ազատագրումին:
Օսմանեան անպարտելի նկատուած եըլտըրըմ բանակը քանի մը օրուան մէջ ցիր ու ցան եղաւ: Զինուորներ զանգուածաբար լքեցին իրենց դիրքերն ու զէնքերը եւ փախուստի դիմեցին. տասնեակ հազարաւորներ ալ անձնատուր եղան:
Հայ կամաւորներուն քանի մը օր հանգիստ տրուեցաւ, որմէ ետք անոնք ճամբայ ելան եւ ընդարձակ դաշտեր կտրելով Հայֆա հասան:
Բրիտանական բանակը, իր կողքին ունենալով հայ եւ արաբ կամաւորներ, հոկտեմբեր 1-ին գրաւեց Դամասկոսը, 6-ին` Պէյրութը:
Հայ կամաւորները մինչեւ Պէյրութ հասնիլը ճամբան, սնունդի պակասի եւ ըմպելի մաքուր ջուրի չգոյութեան պատճառով բաւական թիւով զոհեր տուած էին: Պէյրութի մօտ, Լիբանանի ծովափերուն, աւազը փորելով աղի ու անհամ ջուրով գոհացան անոնք:
Պէյրութի մէջ սով կը տիրէր: Քաղաքը կիսաւեր վիճակ մը կը պարզէր: Կարգ մը թաղեր ու փողոցներ անանցանելի դարձած էին: Օրական տասնեակներով մարդիկ անօթութենէն կը մահանային Պէյրութի մէջ: Երիտասարդ կիներ ու աղջիկներ մեռած երեխաներու դիակները գրկած հաց կը մուրային:
Հայ կամաւորները, պարզուած տեսարաններէն զգացուած, եւ չդիմանալով ու գթալով թշուառներուն վրայ, որոնց մէջ նաեւ հայ գաղթականներ կային, իրենց համեստ պաշարը կը բանային անոնց առջեւ:
Պէյրութի ազատագրումէն քանի մը օր ետք ֆրանսական կառավարութիւնը հինգ նաւ լեցուն ալիւր, հագուստեղէն ու դեղեր ուղարկեց: Նաւերը Պէյրութ ցամաք ելան եւ ժողովուրդին նպաստ բաժնուեցաւ:
Հոկտեմբերի կիսուն Պէյրութի մէջ ստեղծուեցաւ հայ լեգէոնականներու չորրորդ գումարտակը: Քանի մը օր ետք Կիպրոս գտնուող հայ կամաւորներ Պէյրութ հասան եւ կազմաւորուեցաւ հինգերորդ գումարտակը:
Ֆրանսական հրամանատարութիւնը, բարձր գնահատելով հայ լեգէոնականներուն ծառայութիւնը, անոնցմէ քսանհինգ հոգի Մարտական Խաչ շքանշանով պարգեւատրեց:
Բրիտանական բանակը եւ հայ ու արաբ կամաւորները հոկտեմբեր 26-ին ազատագրեցին Հալէպը:
Թրքական բոլոր ճակատները այլեւս քայքայուած էին եւ Թուրքիա, պարտուած դուրս գալով պատերազմէն, 30 հոկտեմբեր 1918-ին Լեմնոս կղզիի Մուտրոս նաւահանգիստին մէջ խարսխած անգլիական «Աքամեմնոն» յածանաւին վրայ զինադադար ստորագրեց եւ անձնատուր եղաւ:
Մուտրոսի զինադադարի պայմաններուն համաձայն դաշնակից պետութիւնները իրաւունք կը ստանային գրաւելու Վոսփորի եւ Տարտանէլի նեղուցներու ամրութիւնները, իրենց ռազմանաւերը ազատօրէն կրնային նաւարկել այդ նեղուցներուն վրայ եւ մուտք գործել Սեւ ծով: Եմէնի, Հիճազի, Սուրիոյ եւ Իրաքի օսմանեան կայազօրները անձնատուր կ՛ըլլային: Օսմանեան զօրքերը կը քաշուէին Իրանէն, Անդրկովկասէն եւ Կիլիկիայէն:
Կիլիկիայէն օսմանեան զօրքերը պէտք է քաշուած ըլլային մինչեւ 18 դեկտեմբեր 1918, որմէ ետք անոնք գրաւող բանակ կը նկատուէին, կը գերեվարուէին, իսկ անոնց զէնք ու զինամթերքը ենթակայ էին բռնագրաւման: Հայերը իրաւունք ունէին վերադառնալու իրենց ծննդավայրերը:
Նոյեմբեր 11-ին Գերմանիա զէնքը վար դրաւ: Պատերազմը աւարտեցաւ դաշնակիցներու յաղթանակով:
* * *
Պէյրութի մէջ, 15 նոյեմբեր 1918-ին ստացուեցաւ ֆրանսական կառավարութեան որոշումը` Արեւելեան լեգէոնի անուանափոխութեան մասին: Այսուհետեւ անիկա պիտի կոչուէր Հայկական լեգէոն:
Նոյն օրը ստացուեցաւ նաեւ ֆրանսական պատերազմական նախարարութեան հրամանը` Հայկական լեգէոնը Կիլիկիա փոխադրելու մասին:
Նոյեմբեր 21-ին Պէյրութէն նաւերով առաջին գումարտակը Ալեքսանտրէթ փոխադրուեցաւ: Դեկտեմբեր 16-ին երկրորդ, երրորդ եւ հինգերորդ գումարտակները, որոնց մէջ` քեսապցի կամաւորները, Պէյրութէն նաւերով Մերսին փոխադրուեցան:
Կամաւորներուն ուրախութիւնը անբացատրելի էր: Տարիներու բաժանումէ ետք անոնք պիտի վերադառնային իրենց ծննդավայրը: Հայուն երազը վերջապէս իրականութիւն կը դառնար եւ կը թօթափուէր թրքական դարաւոր լուծը:
Հայկական լեգէոնի երկրորդ գումարտակը Մերսինէն յառաջանալով գրաւեց Տէօրթ Եոլը, Թոփրաք Գալէն եւ Իսլահիէն, իսկ հինգերորդ գումարտակը մտաւ Ատանա: Երրորդ գումարտակը գրաւեց Մերսինը, Տարսոնը եւ Պոզանթին: Լեգէոնականներ տեղաբաշխուեցան նաեւ Այնթապի եւ Մարաշի մէջ:
Քեսապցի կամաւորները շատ յուզիչ դրուագներու ականատես եղան, շատ բան տեսան, որոնք հետագային պատմած են: Անոնք պատմած են, թէ ինչպէս յուզումով եւ արտասուաթոր աչքերով հանդիպեցան գաղթականութենէն, անապատներէն նոր վերադարձող հայ խլեակներու եւ ինչպէս դիմաւորուեցան իբրեւ ազատարարներ:




Leave a Reply