Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրէն ներս, յունիս 25ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա մրցումին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ակնկալուող ներկայութեան առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչով մը դիմեց Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք պաշտօնական հիւրընկալութիւն չշնորհեն Էրտողանին։
Հայ Դատը կոչին մէջ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Էրտողան ոչ միայն կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի լայնածաւալ արշաւը, այլ նաեւ քանի մը տարի առաջ գործնական մասնակցութիւն բերած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանական արշաւին։
«Կարմիր գորգեր, բեմականացուած ժպիտներ եւ լուսանկարներու առիթներ պէտք չէ շնորհել Ցեղասպանութիւնը ուրացողին, որ իրեն համար պատիւ մը կը համարէ Արցախի մէջ ցեղային մաքրագործման գործողութեան իրականացումը։ Քաղաքի եւ նահանգի ղեկավարները պէտք է երես դարձնեն Էրտողանին», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։




Leave a Reply