Ուխտագնացութիւններ՝ բեռցուած անցեալի յիշատակներով

Ան­ցեալէն մնա­ցած է միայն վան­քի տպա­րանի շէն­քը, որ եր­կար տա­րիներ աղ­բա­կոյ­տով լցո­ւած, վեր­ջերս մաք­րուած եւ բո­լորո­վին դա­տարկ վի­ճակով հա­սած է մեր օրե­րուն։

Նախորդ շաբ­թո­ւայ երկրորդ կէ­սը դրոշ­մո­ւեցաւ ուխտագ­նա­ցու­թիւննե­րով։ Անոնցմէ առա­ջինը Ար­մա­շու եր­բեմնի Դպրե­վան­քի յի­շատա­կի ոգե­կոչումն էր, Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի Սա­նուց Միու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ։

11 Յու­նիս հինգշաբ­թի առա­ւօտ Պոլ­սոյ տար­բեր թա­ղերէն մեկ­նող չորս հան­րա­շար­ժէր, շուրջ 1,5 ժամ ճամ­բորդե­լէ ետք լցքա­կայա­նի մը մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան եւ շա­րասիւն մը կազ­մե­լով ուղղո­ւեցան դէ­պի Ար­մաշ, կամ ներ­կայ պաշ­տօ­նական անո­ւանու­մով Աք­մե­շէ աւա­նը։

Հան­րա­շարժնե­րը կանգ առին աւա­նի մզկի­թին առ­ջեւ, որ ան­ցեալին այդ նոյն վայ­րը կանգնած էր հա­յոց եկե­ղեցին։

Այստեղ «Ակօս»ի աշ­խա­տակից ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ Ար­մա­շի եր­բեմնի բնակ­չութեան, դպրե­վան­քին եւ վա­նական կեան­քին մա­սին։ Ան թո­ւեց այդ հո­գեւոր ճե­մարա­նէն ու­սում ստա­նալով Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ բարձրա­գոյն սպա­սար­կողներ դար­ձած հո­գեւո­րական­նե­րու անուննե­րը, յատ­կա­պէս ծան­րա­նալով այժմու Սկիւ­տա­րի Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի հիմ­նա­դիր Գա­րեգին Արք. Խա­չատու­րեան Տրա­պիզո­նեցի Պատ­րիար­քի վրայ։ Պատ­մեց թէ երբ օրա­կար­գի կու գայ այս վեր­ջի­նին պատ­րիար­քի թեկ­նա­ծու­թիւնը Պոլ­սոյ աթո­ռին, Խա­չատու­րեան Սրբա­զան պայ­ման կը դնէ նոր դպրե­վան­քի մը կա­ռուցման աջակ­ցութիւ­նը։ Պոլ­սա­հայեր կը ձայ­նակցին այս առա­ջար­կին, որ իրա­կանու­թիւն դար­ձաւ 1953-ին։

Այ­սօր ոչինչ մնա­ցած է Ար­մա­շու եր­բեմնի դպրե­վան­քէն։ Հո­գեւոր ճե­մարա­նը բո­լորո­վին ան­հե­տացած է, որուն տա­րած­քին աւե­լի ուշ կա­ռու­ցո­ւած է վար­ժա­րան մը։ Այս վեր­ջինն ալ երկրա­շար­ժե­րու հե­տեւան­քով վնա­սուած եւ փլած է։ Ան­ցեալէն մնա­ցած է միայն վան­քի տպա­րանի շէն­քը, որ եր­կար տա­րիներ աղ­բա­կոյ­տով լցո­ւած, վեր­ջերս մաք­րուած եւ բո­լորո­վին դա­տարկ վի­ճակով հա­սած է մեր օրե­րուն։ Նոյնպէս աւե­րակ վի­ճակով իր գո­յու­թիւնը կը պա­հէ եր­բեմնի ջա­ղաց­քը։

Ուխտագ­նա­ցու­թիւնը դաշ­տապտոյ­տի բնոյթ ալ ու­նէր, քա­նի որ Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի Միու­թեան ան­դամնե­րը շատ բծախնդիր կար­գադրու­թիւնով վան­քի եր­բեմնի ագա­րակի տա­րած­քը վե­րածած էին յար­մա­րաւետ հանգստա­վայ­րի։ Այստեղ տեղ­ւոյն քա­ղաքա­պետա­րանին ալ աջակ­ցութեամբ տե­ղադ­րո­ւած էր սե­ղան­ներ ու աթոռ­ներ, սպա­սար­կուեցաւ տեղ­ւոյն վրայ պատ­րաստո­ւած ճա­շը եւ մա­տու­ցո­ւեցաւ բո­լոր ներ­կա­ներուն։

Դաշ­տապտոյ­տին իր մաս­նակցու­թիւնը բե­րաւ նաեւ Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանը, իր հետ ու­նե­նալով Հայր Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեանը եւ Տէր Գրի­գոր Աւագ Քհն. Տա­մատեանը։ Պատ­րիարք Սրբա­զանը ճա­շի աւար­տին ող­ջունեց միու­թեան կա­տարած աշ­խա­տու­թիւնը եւ բա­րի վե­րադարձ մաղ­թե­լով բո­լորը հրա­ւիրեց «Տէ­րու­նա­կան Աղօթք»ը ար­տա­սանե­լու։

Պար­տինք նշել թէ այս ուխտագ­նա­ցու­թիւնը հետզհե­տէ ստա­ցած է աւան­դա­կան բնոյթ, քա­նի չոր­րորդ ան­գամն է, որ կը կա­տարո­ւի աշ­խարհաս­փիւռ դպրե­վանքցի­ներու մէկտղման օրե­րուն։

Եթէ 11 Յու­նի­սի Ար­մա­շու ուխտագ­նա­ցու­թիւնը միօրեայ մի­ջոցա­ռում մըն էր, ան­դին հայ ուխտա­ւոր­նե­րու խումբ մը 12-15 Յու­նիս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ այ­ցե­լեցին Ամա­սիա, Մար­զո­ւան եւ Կիւ­միւշհա­ճը գիւղ։ Այս եռօ­րեայ ուխտագ­նա­ցու­թիւնն ալ կը զու­գա­դիպէր Ամա­սիոյ այժմ «Վէնք Սու­յու» կո­չեալ, եր­բեմնի Լոյ­սաղբիւ­րի վե­րաբաց­ման։ Տե­ղական շրջա­նակ­ներ կը յայտնեն թէ ժայ­ռա­բուխ այդ ջու­րը ան­ցեալին օգ­տա­գոր­ծուած է մկրտու­թեան ծի­սակա­տարու­թիւննե­րուն։ Այժմ տե­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րը վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տան­քով աղ­բիւրը բե­րած են նախ­կին տես­քին, որու բա­ցու­մին հա­մար յա­տուկ հրա­ւէր ու­ղարկած են յու­նաց եւ հա­յոց պատ­րիար­քա­րան­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ բաց­ման պաշ­տօ­նական հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին ըն­թերցո­ւեցաւ զոյգ պատ­րիարքնե­րու շնոր­հա­ւորա­կան ու­ղերձնե­րը։

Գա­րեգին սար­կա­ւագ Պար­սա­մեանի գլխա­ւորած ուխտագ­նա­ցու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Մար­զո­ւանի եւ ան­ցեալին հա­յաբ­նակ Կիւ­միւշհա­ճը գիւ­ղի այ­ցե­լու­թիւննե­րով։ Հո­գեհանգստեան կարգ կա­տարո­ւեցաւ եր­բեմնի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նատու­նե­րը, որոնք բա­ւակա­նին խնա­մեալ վի­ճակ կը պար­զեն։

42 հո­գինե­րէ բաղ­կա­ցող ուխտա­ւոր­նե­րը քա­ղաք վե­րադար­ձան 15 Յու­նիս կիրակի օր։

https://www.agos.com.tr/am/news/vwkhdaknatsvwtiwnnyr-pyrtsvwadz-antsyali-hishadagnyrvv-40904

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ