Ալիեւ Շուշիի մէջ կայացած համաժողովի մասնակիցներուն յղուած աւղերձի մը մէջ յիշատակած է «Զանգեզուրի միջանցքը»

•

«Անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ Միացեալ հռչակագիրի ստորագրումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը լիովին փոխած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Այս առումով, իրագործուող «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի կապէ Ազրպէյճանի հիմնական հատուածը Նախիջեւանի շրջանին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի դառնայ Միջին միջանցքի առանցքային հատուածներէն մէկը», ըսած է Ալիեւ` Շուշիի մէջ կայացող` «Շրջանային ներդրումը համաշխարհային անվտանգութեան գործին մէջ. խաղաղութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» նիւթով միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ