Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով

Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։  

Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»ի՝ ան ընդգծեց, որ յոյս ունին, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրեն՝ առանց յապաղումներու, աւելցնելով սակայն, որ՝ «Ատրպէյճանի հիմնաւորուած մտահոգութիւնները պէտք է լուծուին»։

Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կարելին պիտի ընէ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, եւ որ կողմերուն ցուցաբերած կամքը տարածաշրջանին համար յստակ կարելիութիւններու պատուհան բացած է:

Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։

Ըստ անոր՝ վերջին չորս տարիներու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է։

https://asbarez.am/archives/503986

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ