Թարմ ծաղիկներ

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ըստ քեզի, ի՞նչն է, որ օտար վայր մը կը դարձնէ տուն: Ընտանի՞ք, բարեկա՞մ, գո՞րծ, միջավա՞յր, թէ՞ գաղութ:

Լիբանանը ետիս ձգելով` ես եւ իմ սերնդակիցներէս շատեր անցնող տարիներուն հաստատուեցանք աշխարհի չորս կողմը տարբեր երկիրներու մէջ` արաբական աշխարհէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: Եթէ այսօր ուզեմ մէկտեղել դպրոցական եւ ուսանողական տարիներու շրջանակս, պէտք է զանոնք հաւաքեմ գոնէ տասնհինգ տարբեր երկիրներէ…

Ի՜նչ բախտաւորութիւն է, ի՜նչ անտեսուած առաւելութիւն է շրջապատուած մնալ այն մարդոցմով, որոնք քու անձդ կերտած են, դրոշմած են հոգիդ ու միտքդ, եւ որոնց հետ բաժնած ես քաղցր յիշատակներ:

Մտածելով այս մասին` հասկցայ, թէ կարեւորագոյն բանը, զոր մարդ կը փնտռէ օտարութեան մէջ, հարազատութիւնն է` իրեն համար հարազատ միջավայրը: Ծանօթ դէմքեր, մտերիմ անձեր, բայց նաեւ` հարազատ փողոցներ, շէնքեր, խանութներ եւ կառոյցներ, որոնք քեզ գրկած են տարիներ շարունակ: Այսօր ամէն մարդ կը փորձէ ստեղծել` իր նոր առօրեան, նոր հարազատութիւն, նոր մտերմութիւններ, նոր կապեր` օտար փողոցներու եւ նոր կառոյցներու մէջ:

Քսանչորս ապրիլին իմ ամէնօրեայ գործ-տուն ճամբուս վրայ յանկարծ տեսայ բազմութիւն մը` հաւաքուած տանս մօտակայ պարտէզին մէկ անկիւնը: Աւելի ուշ հասկցայ, որ այնտեղ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակուած հայերուն նուիրուած յուշարձանը: Ահա ինծի համար նոր ուղեցոյց մը` հայկական յուշակոթող մը, որ ինծի կը պարգեւէր պատկանելիութեան զգացում ու նոր մեկնակէտ մը` Քանատայի խառն ու հսկայ տարածքին մէջ: Ահա սահմանաքար մը, զոր ես կը տեսնեմ ամէն օր, եւ որ զիս կը կապէ իմ անցեալիս:

Յաջորդող օրերուն իմ նոր ուղեցոյցս, որ ամէն առաւօտ եւ երեկոյ առանց բացառութեան կը գրաւէր ե՛ւ իմ ուշադրութիւնս ե՛ւ իմ միտքս, օժտուած էր երկու հսկայ ծաղկեպսակներով: Սակայն օրէ օր, չդիմանալով Քանատայի խիստ կլիմային ու ցուրտ օդին, այդ թարմ ծաղիկները կորսնցուցին իրենց հմայքը: Կամաց-կամաց անոնց տերեւները ինկան գետին, ծաղիկները թառամեցան, խամրեցան,  ու յայտնուեցաւ անոնց կլոր պատուանդանը: Ծաղիկները թօշնեցան, բայց իմ հայեացքս մնաց նոյն տեղը:

Ամէն օր դիտեցի այդ ծաղկեպսակները` անդրադառնալով, թէ ինչպէ՛ս ոմանք զանոնք կը շտկեն, կը կոկեն, ուրիշներ կը հետաքրքրուին, թէ ինչո՛ւ այդտեղ ծաղիկներ զետեղուած են, իսկ շատեր ալ ուշադրութիւն իսկ չեն դարձներ:

Բայց այդ յուշարձանը ինծի համար ստեղծեց հարազատ անկիւն մը, հաճելի ներկայութիւն մը` մեր պատմութեան մութ էջերուն նուիրուած ըլլալով հանդերձ:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ըլլալով` այդ յուշարձանը հպարտօրէն կը կանգնի իմ եւ շատ մը ուրիշ հայորդիներու առօրեային մէջ` իր պարտաւորեցնող ներկայութեամբ յիշեցնելով, թէ Քանատայի պէս հսկայ երկրի մը մէջ, ուր ապազգայնացման դէմ պայքարը կը տիրէ բոլոր ազգերուն մօտ, տարեցէն մինչեւ երիտասարդ, մենք ունինք մեր ինքնութիւնը ներկայացնող յուշարձան մը:

Ճեմարանական տարիներուս ուսուցչուհիներէս մէկը օր մը մեզ զգաստացուց` մատնանշելով, թէ մենք` իբրեւ լիբանանահայ պատանիներ եւ երիտասարդներ, որքա՛ն բախտաւոր ենք: Ան բացատրեց, թէ որքա՛ն դիւրին է մեզի համար իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի հայ մեծնալ` ունենալով ազգային պատկանելիութիւն եւ կապուածութիւն, ըլլայ Հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցներու, հայ ակումբներու կամ հայ մշակութային կեդրոններու միջոցաւ: Ան նշեց նաեւ, որ մեզի համար աւելի դիւրին եւ անմիջական է այցելել Հայաստան եւ ֆիզիքապէս ու հոգեպէս մօտիկ զգալ հայրենիքին, պարզապէս որովհետեւ աշխարհագրական դիրքով աւելի մօտիկ ենք անոր:

Օրին մենք ամբողջովին չհասկցանք անոր տուած այս բացատրութիւնները ու անոնց խոր իմաստը: Բայց այժմ հաստատուելով հեռաւոր Քանատայի մէկ անկիւնը` մորթիս վրայ կը զգամ, թէ որքա՛ն դժուար եւ յաւիտենական պայքար է պահել մեր կառոյցները, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները հսկայ երկիրներու մէջ, ուր հազարաւոր այլ փոքր ազգեր եւս կը փորձեն պահել իրենց ինքնութիւնը: Այսօր արեւմտայնացած միտքերու ու բարքերու ճնշումով կը ստեղծուի նոր իրավիճակ մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ` կուլ տալով ազգային արժէքները:

Այսպէս, այդ երկու ծաղկեպսակները, որոնք շաբաթներ շարունակ մնացին այդ յուշարձանին տակ, զիս զգաստացուցին ոչ միայն իրենց յարգանքի տուրքի խորհուրդով, այլ նաեւ` ինծի պարգեւելով պատկանելիութեան ոգի, հարազատ ապահով անկիւն մը, որ պիտի խաղաղեցնէր իմ խառն ու ալեկոծ մտքերս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ