Կ՚ուզենք իմանալ Հրանդ Տինքի հետ ձեր առաջին հանդիպման պատմութիւնը

Կը ցան­կա­նանք լսել այն երի­տասարդնե­րու պատ­մութիւննե­րը, որոնք հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են հե­տագա­յին ճանչնալ անոր:

Թերթիս հիմ­նա­դիր՝ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան 20-ամեակին մօ­տենա­լուն զու­գընթաց, կը ցան­կա­նանք լսել այն երի­տասարդնե­րու պատ­մութիւննե­րը, որոնք հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցած են հե­տագա­յին ճանչնալ անոր։ Մենք կը փնտռենք այն ան­հատնե­րը, որոնք դեռ չէին ծնած կամ ան­չա­փահաս էին Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան ժա­մանակ ու այժմ 18-էն 35 տա­րեկան են եւ հե­տագա­յին հան­դի­պած են անոր միտ­քե­րուն, յի­շատա­կի մի­ջոցառ­ման ելոյթնե­րու կամ այլ առի­թով։ Մենք կը ցան­կա­նայինք հրա­պարա­կել «Ակօս»ի մէջ ձեր ու­ղարկած նա­մակ­նե­րու ընտրա­նին՝ ձեր անու­նով կամ անա­նուն, եթէ կը ցան­կա­նաք։ Դուք կրնաք գրել ձեր պատ­մութիւ­նը՝ հիմ­նո­ւելով հե­տեւեալ հար­ցե­րու վրայ.

Ե՞րբ եւ ո՞ր առի­թով առա­ջին ան­գամ լսե­ցիք Հրանդ Տին­քի անու­նը։

Անոր անու­նը ի՞նչ զգա­ցում կ՚արթնաց­նէ ձեր մէջ։

Ար­դեօք եղա՞ւ պահ մը, երբ դուք անոր աւե­լի մօ­տիկէն ճանչցաք։

Ար­դեօք սա ինչ-որ բան մը փո­խե՞ց ձեզ հա­մար։

Ար­դեօք անոր միտ­քե­րը եր­բե­ւէ կը հա­մընկնի ձեր կա­յացու­ցած որո­շումնե­րուն, ձեր ձե­ւաւո­րած յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն կամ ձեր կեան­քի վար­քագծի հետ։

Դուք կրնաք ձեր գրած­նե­րը ու­ղարկել՝ [email protected] հասցէով։

https://www.agos.com.tr/am/news/g-vwzynk-imanal-hrant-dinki-hyd-tzyr-arachein-hantibman-badmvwtiwni-40706

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ