Սուրբ Փրկիչ՝ 174 տարեկան

Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, ելոյթ ու­նե­նալով բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ վեր­ջին մէկ տա­րուայ ըն­թացքին կա­տարո­ւած գոր­ծունէու­թեանց մա­սին։

Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հիմ­նադրու­թեան 174-րդ ամեակը ըստ աւան­դութեան նշո­ւեցաւ նա­խորդ հինգշաբ­թի Համ­բարձման Տօ­նին։ Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Սրբա­զանի նա­խագա­հած հո­գեւոր արա­րողու­թե­նէ ետք սար­քո­ւեցաւ ընթրիք։ Այստեղ Հո­գաբար­ձութեան Ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, ելոյթ ու­նե­նալով բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ վեր­ջին մէկ տա­րուայ ըն­թացքին կա­տարո­ւած գոր­ծունէու­թեանց մա­սին։ Ան նշեց որ մօտ 9 մի­լիոն ԱՄՆ տո­լարի հաս­նող ներդրումներ կա­տարո­ւած են, Հի­ւան­դա­նոցը օժ­տե­լով սիրտ-անո­թային հի­ւան­դութիւննե­րու վի­րահատ­ման սար­քա­ւորումնե­րուն հա­մար։

Ատե­նապե­տը նշեց նաեւ թէ յա­ռաջի­կայ տա­րի պի­տի սկսի հիւ­լէական բժշկա­գիտու­թեան բաժ­նի շի­նու­թիւնը։

Ան նաեւ նշեց թէ Հի­ւան­դա­նոցը դի­մագ­րա­ւած է 1344 կա­րօտեալ հա­մայնքա­յին­նե­րու բուժման ծախ­սե­րը, որ կը գե­րազան­ցէ 13 մի­լիոն ԹԼ.։

Շի­րինօղ­լու նաեւ նշեց թէ ինչպէս նա­խորդ տա­րիներ, այս տա­րի ալ Պատ­րիար­քա­րանին կը յանձնեն հի­ւան­դա­նոցի տա­րեկան հա­շուետուութիւնը։

https://www.agos.com.tr/am/news/svwrp-prgich-174-darygan-40582

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ