Արարատի եւ Արագածի վեհութեան ներքեւ իրականացած Արա Գէորգեանի «1000 տհոլ» նախագիծը արձանագրուեցաւ Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ

Անուանի երգահան եւ երաժիշտ Արա Գէորգեան հանրութեան ներկայացուց իր լայն արձագանգ գտած «Վերածնունդ» տեսահոլովակը, որ ստեղծուած է «1000 տհոլ» մշակութային նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ: Նախագիծը, որ իր տարողութեամբ եւ գաղափարական խորքով բացառիկ երեւոյթ դարձաւ հայկական մշակութային կեանքին մէջ, արդէն իսկ արձանագրուած է Կինեսի մրցանիշներու եւ անոր բովանդակութեան նման չորս այլ գիրքերու, ինչպէս նաեւ պիտի ներառուի հայկական «Դիւցազնագիրք»-ին մէջ:

«Վերածնունդ» տեսահոլովակի նկարահանումները տեղի ունեցան Արարատեան դաշտավայրին մէջԱրարատ, Արագած, Արա եւ Հատիս լեռներու խորհրդանշական համայնապատկերին ներքեւ: Նախապէս նախատեսուած էր հազար տհոլահարի մասնակցութիւն, սակայն նախաձեռնութիւնը գերազանցեց բոլոր սպասումները, երբ ծրագիրին միացան աւելի քան 1400 արուեստագէտներ եւ պարային համոյթներ: Ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ «1000 վահան» նախաձեռնութեան սահմանամերձ բնակավայրերէն եկած երիտասարդներ: Նշենք, որ «1000 վահան» ծրագիրի համահիմնադիրներն են Իգոր Զարգարեանը եւ Սրբուհի Մովսիսեանը: Անոնք այս նախագիծին մասնակցելով հիմնականօրէն նպատակադրած են Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնել:

Արա Գէորգեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց, որ «1000 տհոլ» ծրագիրի գաղափարը ծնած է, երբ Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի Մշակոյթի բաժանմունքի երաժշտութեան ամպիոնին մէջ քննութեան ներկայացած են նոյնանման երկուորեակ եղբայրներ: Անոնցմէ ազդուելովանոր մտքին մէջ ծագած է երկրի ներկայ կիսուածութեան «սեւերու» եւ «սպիտակներու» խորհրդանշական հակադրութեան գաղափարը, զոր պէտք էր միաւորել մշակոյթի լեզուով: «Երկուորեակ եղբայրներուն պատճառով մտքէս անցաւ, որ այս կիսուածութիւնը պէտք է միաւորել, կոչ կ՛ուղղեմ ամբողջ հայ ժողովուրդին թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ` համախմբուելու, միաւորուելու»:

Տեսահոլովակին մէջ այդ գաղափարը ներկայացուած է աստուածաշնչական խորհրդանշականութեամբ: Գլխաւոր կերպարը մարմնաւորած է դերասանուհի Անահիտ Կիրակոսեան, որ մօր կերպարով կը հաշտեցնէ Կայէնն ու Աբէլը խորհրդանշող երկու եղբայրները, զորս մարմնաւորած են Արմէն եւ Ասքանազ Բաբայեանները: Հաղորդենք, որ տեսահոլովակի բեմադրիչն է Վահէ Եանը, իսկ գլխաւոր նկարահանողը` Արթուր Ղարայեանը:

Նախագիծին երաժշտական կառուցուածքը նոյնպէս խոր խորհրդանշական իմաստ ունի: Ստեղծագործութիւնը կը սկսի երգչուհի Տաթեւ Եղիազարեանի կատարումով, որմէ ետք կը հնչեն տհոլներու պատերազմական կշռոյթներըսեւ եւ սպիտակ հագուստներով տհոլահարներու մասնակցութեամբ: Ապա ամբողջ ընթացքը կը փոխակերպուի կը ճերմկի հաշտութեան եւ միասնութեան խորհրդանիշի եւ կը հնչէ կոմիտասեան «Տէր ողորմեա» շարականըմեկնաբանութեամբ «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի երգչախումբի, ղեկավարութեամբ Ռուբէն Կարասէֆէրեանի: Այնուհետեւ Արշակ Սահակեան կը ղեկավարէ զուռնայի կատարումները, որոնք կը հնչեցնեն հայկական քոչարիի մեղեդին, եւ երիտասարդները կը պարեն շուրջպար:

Նախագիծի երաժշտական բաժինին իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են նաեւ երաժիշտներ Վահան Նահապետեանն ու Դաւիթ Գէորգեանը: Ձայնագրութեան մասնակցած են հայրենի անուանի տհոլահարներ` Գագիկ Հախուերդեան, Նորայր Շարոյեան, Էֆօ, Ալիկ Փելօշեան, Նորայր Աւետիսեան, Շահէն Աւետիսեան, Մակիչ Նազլուխանեան եւ Ռազմիկ Սարգսեան:

Արա Գէորգեանի համոզումովներկայ աշխարհը կ՛ապրի պատերազմներով եւ լարուածութեամբ լի ժամանակաշրջան մը, ուստի «1000 տհոլ» նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը մշակոյթի միջոցով խաղաղութեան, սիրոյ, հանդուրժողականութեան եւ համազգային համախմբման պատգամ փոխանցելն է: Ան նշեց, որ անօդաչու սարքով վերէն դիտելու ժամանակ մասնակիցներուն ամբողջական պատկերը կը կազմէր մէկ բառ «ՍԷՐ»:

Յայտնենք, որ «1000 տհոլ» նախաձեռնութիւնը այսպիսով կը դառնայ ո՛չ միայն մշակութային բացառիկ իրադարձութիւն, այլ նաեւ համազգային խորհրդանշական ձեռնարկ, որ միջազգային հարթակի վրայ կը ներկայացնէ հայկական երաժշտութիւնը, պարը, ազգային արժէքներն ու միասնականութեան գաղափարը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ