ՄԵԹԷ ՀԱԹԱՅ
Հայոց Կիպրոսի մէջ գոյութիւնը շատ հին անցեալ մը ունի։ Հայեր Կիպրոսի մէջ բնակած են նոյնիսկ Բիւզանդական շրջանին։ Սակայն այսօր կղզիաբնակ հայոց մեծամասնութիւնը Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ անգլիական վարչակարգի ենթակայ Կիպրոս հաստատուած ընտանիքներու շառաւիղներն են։ Ի դարու առաջին քառորդին կղզին իրենց համար աշխարհագրական հատուած մը ըլլալէ աւելի՝ գոյութիւնը պահելու վերջին կանգառը եղած էր։
Հետաքրքրական է, այդ տարեթիւերուն կղզի եկող հայերու մեծամասնութիւնը թրքախօս էին։ Ալ աւելի հետաքրքրական է, որ անոնք բնակութիւն հաստատեցին թրքական թաղերու կամ գիւղերու մէջ։ Հոգեբանական ցնցումները երբեմն մարդիկ իրարմէ կը հեռացնեն, երբեմն ալ ընդհակառակը կը պատահի։ Ահա այդպիսին էր կիպրացի թուրքերուն եւ հայերուն յարաբերութիւնը։ Մէկ կողմէ կոտորածներէն փրկուած մարդիկ, իսկ միւս կողմ անգլիական տիրապետութեան տակ սփիւռքի վերածուած եւ նոր պայմաններուն յարմարելու ձգտող փոքրիկ համայնք մը։ Այս հանդիպումը կղզիի մշակութային կեանքին մէջ թէեւ անձայն, բայ խոր հետքեր թողուց։
Կիպրոսի թուրքերու երկրորդական վարժարանի փողերախումբը կազմող եւ այդ երախաներուն բազմաձայն երաժշտութեան ճաշակը ներառողը Պետելեանն էր։
Կիներու ալ բեմ ելած առաջին թրքերէն բեմադրութիւնները կատարողը հայոց թատերախումբն էր։ Կղզիի թրքերէն առաջին թերթի հրատարակիչը եւ խմբագիրն ալ Սարաֆեանն էր։ Սարաֆեան նաեւ թուրք ազգային գրականութեան ռահվիրաներէն Նամըք Քեմալի բարեկամն է։
Եթէ ուզէք բնաւ չանդրադառնամ խոհանոցի մշակոյթին։ Այսօր մերը կը համարենք լահմաճոն, տէօները, պաստուրման, աղացած միսով պատրաստուած քէպապը եւ տակաւին բազում ճաշատեսակներ, բոլորին հիմքին մէջ հայոց հետքերուն կը հանդիպինք։
Նոյնը կարելի է թուել արհեստներու համար եւս։ Լուսանկարչութիւնը, դերձակութիւնը, ոսկերչութիւնը, ատաղձագործութիւնը եւ տակաւին բազում արհեստներ հայ վարպետներու ձեռամբ փոխանցուեցան կիպրացի թուրք աշկերտներուն։ Հետեւաբար այս պատումը լոկ փոքրամասնութեան մը մասին չէ, ան նաեւ մասնիկն է կիպրացի թուրք հասարակութեան արդիականացման ջանքերուն։
Թէ ինչո՞ւ անդրադարձայ այս նիւթին։
Այս տարի աւերակի վերածուած Սուրբ Մակար Վանքի ուխտագնացութեան համար նախ արտօնութիւն տրուելու եւ ապա վերջին պահուն այդ արտօնութիւնը չեղարկելու մասին լրատւութիւնը դրդեց որ գրեմ այս նիւթով։
Գիտէինք որ վանքը կայուն պահելու համար հայ հասարակութիւնն ալ դրամահաւաք կատարած եւ վերանորոգութեան մասնակցած էր։ Մարդ ակամայ կը տարուի մտածելու, յաճախ «Կը գրկենք բոլորին» ըսող խօսոյթը կղզիի պատմական ժողովուրդներէն մէկուն կրօնական եւ մարդկային ուխտագնացութեան համար ինչո՞ւ համար այսքան վերապահ,այսքան անհանդուրժողական կը գտնուին։ Մանաւանդ երբ Հանրապետութեան Նախագահը Թուֆան Էրհիւրմանն է մարդ բնականաբար աւելի տարբեր մերձեցում մը կը սպասէ։
Միայն արարողութիւններու ընթացքին բազմամշակութային յատկութիւնները փառաբանելը այդքան ալ մեծ նշանակութիւն մը պիտի չունենայ եթէ պէտք եղած պահուն այդ բազմամշակութային կառոյցը ցոլացնող գործունէութիւններէն խուսափինք։ Երբ մէկ կողմէն ականատես կ՚ըլլանք Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացի մը ի՞նչ շահ կ՚ակնկալուի նման արգելքով։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէ Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան Նախագահը։ Ի՞նչ կը մտածեն քաղաքական կուսակցութիւնները։ Եւ այելի կարեւոր հարցադրումը՝ այս կղզին անցեալի վախերով պիտի շարունակէ՞, թէ ոչ համատեղ կեցութեան փորձ ունեցող ժողովուրդներու յիշողութեան յարգանք պիտի ցուցաբերէ։ Երբ մենք յարգանք կը սպասենք, ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել ուրիշի հանդէպ այս անիմաստ դժկամութիւնը։
https://www.agos.com.tr/am/news/magaravanki-vwkhdaknatsvwtiwni-anhantvwrjvghvwtyan-zvh-40505




Leave a Reply