Անլռելի Կոմիտաս վարդապետի հետքերով

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Մեծերը՝ մեր ազգին մեծերը, անոնք են մեծերը, որոնք մեր ազգային հպարտութեան կռուանն են մինչ այսօր: Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթին եւ հայ գրականութեան անզուգական տիտանները, որոնք ազգային ինքնութեան պարծանքը դարձան եւ յաջորդական սերունդներ թրծեցին ազգային եւ մշակութային զանազան հարթակներու վրայ՝ ազգային եւ հայրենական ազնիւ հպարտութեամբ:

Հայ ժողովուրդի փառաւոր ծագումը եւ ապա անոր անցած դարաւոր ուղին կը պարտինք իւրայատուկ անհատներու, որոնք ազգային փառքի եւ պարծանքի տեսիլքով օծուած՝ ստեղծագործեցին եւ արարեցին, ինչպէս հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչ եւ դաստիարակ Մեսրոպ Մաշտոց, որ հետագային դասուեցաւ սուրբերու փաղանգին՝ կոչուելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, առաջին ուսուցիչ հայոց:

Յաջորդաբար, հայ ազգը ծնաւ նոր մեծեր, որոնք ոչ միայն մեր ազգի պարծանքը դարձան, այլեւ աշխարհի բարձր բեմերու եւ պաստառներու վրայ հնչեղ անուն մը դարձան եւ ընկալուեցան իբրեւ անկրկնելի մեծութիւն: Անոնցմէ յիշատակելի եւ մեծարելի է Սողոմոն Սողոմոնեան՝ Կոմիտաս վարդապետ․ թէեւ ան անկրկնելի կոչուելու հնարքն ունէր, սակայն մեր ազգը ժամանակի թաւալումով զանազան այլ «մեծեր» ծնաւ՝ հայ մշակոյթի զանազան շերտերով հիմնուած արուեստին մէջ:

Մտածելով, որ մեծերը մեծարելը՝ մեծութիւն է: Սոյն յօդուածս թող որ համեստ տպաւորութեանս եւ մտածումներուս հարազատ արգասիքը դառնայ բոլոր անոնց համար, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան փոխանցման ու տարածման ի նպաստ:

Վերջերս հոգեկան մեծ ուրախութիւն ապրեցայ՝ թանկարժէք գիրք մը նուէր ստանալով. անոր կողքի խորհրդաւոր եւ անխօս պատկերն իսկ ամբողջական ապրումներու եւ հպարտութեան վարագոյր բացաւ մտապատկերիս մէջ. . . մեր շատ կանուխ տարիքէն, դպրոցական դասագիրքերէն եւ երաժշտութեան դասապահերէն ծանօթացած էինք անզուգական հոգեւոր վարդապետ, նուիրեալ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար ուսուցիչ Կոմիտաս վարդապետին, որուն լռակեաց եւ խոհուն դէմքը՝ հոգիի տառապանքով պարուրուած, կարծէք դարերու ընդմէջէն մեզի հասած է՝ հայ գիւղացիի արօրին ու գութանին հետ, ուր ցաւն ու կարօտը, կորուստն ու փնտռտուքը խառնուած են, պահպանելու համար անոր արդար քրտինքով օծուած արտն ու ցանքը, ինչպէս պիտի ըսէր հոգեւոր մտաւորական հայոց անզուգական Խրիմեան հայրիկը:

Ի դէպ, թանկագին նուէր «Կոմիտաս» գիրքը, նոյն պահուն ոչ միայն շոյեց հոգեւոր ծարաւս, այլեւ պարտաւորութիւն մը փոխանցեց երկար չմտածելու եւ արագօրէն ըմբոշխնելու զայն, իր պատմական ժամանակներով օծուած խորհրդաւոր կողքով, գոյնով եւ պատկերով, որուն կեդրոնը պահուած էր արժանաւորին՝ հայոց «անկրկնելի Կոմիտաս»ին:

Գիրքը կազմուած եւ խմբագրուած է հայ լեզուի ջատագով, գրականասէր եւ մշակութասէր Յովսէփ Նալպանտեանի կողմէ, որուն աշխատանքն ու ծառայութիւնը քաջածանօթ են գաղութիս եւ հայ գրականութեան նուիրուած անհատներուն, որոնց գրադարանները լեցուն են Նալպանտեանի հաւաքագրած ու խմբագրած «Լոյս»ի բեղուն հատորներով:

Վերջերս լոյս տեսած «Կոմիտաս»ի նուիրուած սոյն հատորը՝ իր հարուստ բովանդակութեամբ, նիւթերով եւ տեղեկութիւններով, հարազատօրէն ներկայացուած է եւ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի կեանքի թշուառ եւ լուսաւոր, յիշատակելի թուականներուն, նամակներուն, յօդուածներուն, բանաստեղծութիւններուն եւ խօսքերուն։ Յատկանշական են հայ գրականութեան գանձին մէջ իրենց դրոշմը ձգած պատմական եւ ազգային գրողներու ու գործիչներու գրիչներէն բխած յօդուածները, ինչպիսին են Հրաչեայ Աճառեանի, Շահան Շահնուրի, Արշակ Չոպանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Գառնիկ Ադդարեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ շատ շատերու հաստատումները: Նաեւ, բանաստեղծական հրաշալիքներ՝ Վ. Թէքէեանի, Յ. Շիրազի, Ե. Չարենցի, Զահրատի, Հ. Սահեանի, Կ. Զարեանի, Գ. Էմինի, Գ. Մահարիի, Պ. Սեւակի եւ այլ հրաշք գրիչներու…։ Առաւել եւս հոն տեղ գտած են զանազան հատուածներ, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն օտարներ Կոմիտասի մասին: Եւ այսպէս, 477 էջերով հարստացած այս գիրքը հայ ընթերցողին կը փոխանցէ հայ ըլլալու, հայօրէն ապրելու եւ հայերէն գիրք ընթերցելու իւրայատուկ եւ արժանավայել ազգային հպարտութիւնը:

Թերթատելով խմբագրուած այս արժէքաւոր գրութիւնները, սոյն գիրքը հարազատ շունչով եւ հայ գրականութեան հարուստ ոգիով պիտի ներշնչէ իւրաքանչիւր հայ ընթերցողի հոգին եւ միտքը, ուր ազգային հպարտութիւնն ու պատկանելութիւնը ունին իրենց յատուկ խօսքը:

Վերջապէս, մեր ազգային հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելը եւ փոխանցելը իւրաքանչիւր հայ անհատի ազնիւ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ: Հայապահպանումը միայն ոգի եւ ապրում չէ, այլ՝ անհատնում նուիրական գործ, որ անընդհատ փոխանցումն է հայոց լեզուի, հայ արուեստի, հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան հարուստ ժառանգութեան:

Այս համեստ գրախօսականը թող որ յայտարար մը դառնայ «Ասպարէզ»ի ընթերցողին՝ հետաքրքրութեամբ պրպտելու եւ տիրանալու Յովսէփ Նալպանտեանի «Կոմիտաս»ի նուիրուած սոյն գիրքին, ծանօթանալու համար հայ երաժշտութեան առաջին ուսուցիչ Կոմիտասի կեանքէն փրցուած էջերուն եւ տեղեկութիւններուն:

Հայ լեզուին եւ գրականութեան ծառայող ժրաջան մշակ Յովսէփ Նալպանտեան՝ գրելու, կազմելու եւ հրատարակելու ոգիդ, կամքդ եւ գրիչդ մի՛շտ անսպառ:

https://asbarez.am/archives/502911

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ