Թուրք հետաքննող լրագրողը կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ ներթափանցման ջիգերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ բնակող այլախոհ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթը «Nordic Monitor»-ի մէջ հրատարակուած «Թուրքիան կ՛աշխուժացնէ Ուաշինկթընի մէջ գաղտնի եւ բացայայտ ազդեցութեան գործողութիւնները» խորագիրով յօդուածին մէջ բացայայտած է Թուրքիոյ բազմաշերտ ու ընդլայնուող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս Պոզքուրթը ամփոփած է իր բացայայտումները. «Թուրքիան զգալիօրէն ընդլայնած է իր լոպիինկի եւ ազդեցութեան գործողութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ` կառուցելով աւելի բարդ, ամուր եւ համատեղ աշխատող ցանց մը` բաղկացած արձանագրուած գործակալներէ, իրաւաբանական եւ քաղաքական խորհրդատուներէ, կուսակցական ներկայացուցիչներէ, ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններէ եւ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններէ` նպատակ ունենալով ձեւաւորել Անգարայի քաղաքականութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի ընկալումը»:

Ամերիկեան «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնք»-ին (FARA) համաձայն, օտարերկրեայ կողմերը պարտաւոր են տեղեկացնել արդարադատութեան նախարարութիւնը (DOJ), երբ անոնք ամերիկեան լոպիական կամ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններ կը վարձեն: Արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ ներկայացուած են օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագիրները, վճարուած գումարները, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումներու կամ յարաբերութիւններու մանրամասնութիւնները:

Յատկանշական է, որ 2001-2021 թուականներուն Թուրքիան վարձած է 105 ամերիկեան լոպիական ընկերութիւններ` ըստ Քոնկրեսի հետազօտական ծառայութեան (CRS) 2026 թուականի մարտ 9-ի տեղեկագիրին:

Լոպիական ջանքերէն զատ, Թուրքիան նաեւ ներգրաւուած է աւելի լայն ազդեցութեան գործարքներու մէջ: Քաղաքական գործիչ  Լորա Լումըրի խօսքով, որ նախագահ Թրամփի մտերիմ եւ վստահելի անձերէն է, Սի. Այ. Էյ.ը «ունի անառարկելի ապացոյցներ, որ Թուրքիան, աւելի որոշակի` Էրտողանի վարչակազմը, ծախսեր ուղղորդած է փոտքասթըրներու  համար` խաթարելու համար Թրամփի վարչակազմին Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութիւնը»: Ան «Էքս» հարթակին վրայ գրած է. «Սի. Այ. Էյ.ը ապացոյցներ ունի, որ թրքական այս ֆինանսաւորումը կը հասնի առնուազն մէկ կին եւ մէկ տղամարդ փոտքասթըրներու»: Ան եզրակացուցած է. «Թուրքիան «Իսլամ եղբայրներ»-ու մեծագոյն ֆինանսաւորողն է»: Պոզքուրթի կարծիքով, Լումըրի պնդումը համահունչ է «Էրտողանի կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գաղտնի ֆինանսաւորուող լաւ փաստագրուած արձանագրութիւններուն` սկսած «Իսլամ եղբայրներ»-ու հետ կապ ունեցող ցանցերու աջակցութենէն մինչեւ լրտեսական գործունէութիւն, որ կը թիրախաւորէ Էրտողանի քննադատները, ինչպիսիք են կիւլէնական շարժման անդամները»:

Անգարայի կողմէ վարձուած ամերիկեան ընկերութիւնները «կը զբաղին բազմաբնոյթ գործունէութեամբ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներուն հետ կապերու հաստատում, հանդիպումներու կազմակերպում, ձեռնարկներու իրականացում, կարծիքներու հրապարակում (ամերիկեան լրատուամիջոցներու մէջ), ինչպէս նաեւ հաղորդագրութիւններու արշաւներու համակարգում` ուղղուած Թուրքիոյ քաղաքական դիրքորոշումներու խթանման», գրած է Պոզքուրթը:

«Turken Foundation Inc.»-ի` «Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած եւ Էրտողանի ընտանիքի անդամներու ու գործընկերներու վերահսկողութեան տակ գտնուող ոչ առեւտրական կազմակերպութեան FARA-ի արձանագրութիւնը կը բացայայտէ ֆինանսական հոսքերու ծաւալն ու կառուցուածքը, որոնք կը քաջալերեն Անգարայի շահերուն հետ համընկնող գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Փաստաթուղթէն կ՛երեւի, որ մինչեւ 30 նոյեմբեր 2025 երկարող վեցամսեայ հաշուետու ժամանակաշրջանին հիմնադրամը ստացած է 2 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում Թուրքիոյ կապուած կազմակերպութիւններէ, յատկապէս` Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ կրթութեան ծառայութեան հիմնադրամէն (TURGEV) եւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու հետ առնչուած թրքական իսլամական «Ensar» հիմնադրամէն: «TURGEV-ը կը ղեկավարէ Էրտողանի որդին` Պիլալ Էրտողանը», գրած է Պոզքուրթը:

Ուղղակի քաղաքական լոպիինկի առումով, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 18 ապրիլ 2024-ին կնքած է 1,02 միլիոն տոլարի նոր պայմանագիր մը` «LB International Solutions LLC»-ին հետ, որ Թուրքիոյ դեսպանատան անունով Քոնկրեսի հետ կապեր հաստատող ամէնէն երկարամեայ գործընկերներէն մէկն է: «Ընկերութիւնը նաեւ ընդլայնած է իր գործունէութիւնը` ներառելով մասնաւոր թրքական ընկերութիւններ, ինչպիսին է ONJA-ն, որ ֆինանսական եւ առեւտրական խորհրդատուական ծառայութիւններ կը մատուցէ», գրած է Պոզքուրթը:

FARA-ի արձանագրած տուեալները ցոյց կու տան, որ «LB International Solutions LLC»-ին յանձնարարուած է «Թուրքիոյ համար լոպիական եւ կառավարական կապերու ծառայութիւններ մատուցել», ներառեալ` թրքամէտ օրէնսդրութեան որդեգրումը, որ` «Կը նպաստէ Թուրքիոյ շահերուն եւ դրական պատկեր կը ստեղծէ թուրքերու, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբերեալ»:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ մայիս 2025-ին 1,54 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է Ուաշինկթընի մէջ գործող «Saltzman & Evinch» իրաւաբանական ընկերութեան հետ` տրամադրելու համար «իրաւական խորհրդատուութիւն եւ վերլուծութիւն Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերող,  նաեւ` անոնց վրայ ազդող հարցերու ու զարգացումներու շուրջ, ինչպիսիք են` ներկայ եւ հնարաւոր դատական գործերը, օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, գործադիր որոշումներն ու քաղաքականութիւնը»` ըստ FARA-ի ներկայացուցած փաստաթուղթին: Պոզքուրթի համաձայն, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»-ը յայտնած է, որ` «Թուրքիոյ կառավարութիւնը Saltzman & Evinch-ը օգտագործած է Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող Էրտողանի քննադատներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Ընկերութեան գործընկեր Կիւնայ Էվինչը, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է, որոշ ժամանակով աշխատանքի ընդունած է նաեւ Թուրքիոյ հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընի դուստրը` Ռումէյսա Քալընը (Քարապուլութ)»:

Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ուաշինկթընեան գրասենեակը FARA-ին ներկայացուցած իր յայտարարագիրին մէջ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կուսակցութեան գործառնական ծախսերուն համար Թուրքիայէն փոխանցուած է 875.534 տոլար, մինչդեռ ծախսուած է 941.833 տոլար: FARA-ի յայտարարագիրին մէջ կը նշուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ուաշինկթընեան գրասենեակը` «Ներգրաւուած եղած է քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան մէջ, ինչպիսիք են հանրային հաւաքները եւ անձնական հանդիպումները»:

31 յունուար 2025-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը 600 հազար տոլարի պայմանագիր կնքած է ամերիկեան լոպիական այլ ընկերութեան մը` «Skyline Capitol»-ի հետ: FARA-ի տուեալները ցոյց կու տան, որ «Skyline Capitol»-ին «յանձնարարուած է կապ հաստատել թէ՛ Քոնկրեսի, թէ՛ գործադիր իշխանութեան հետ, ինչպէս նաեւ` ընդլայնել Թուրքիոյ ներգործութիւնը Միացեալ Նահանգներու նահանգային եւ տեղական քաղաքական համակարգերուն մէջ: Ընկերութիւնը պարտաւոր է յարաբերութիւններ մշակել նահանգապետներու, նահանգային օրէնսդիրներու եւ քաղաքապետներու հետ ամբողջ երկրի տարածքին, ամրապնդել կապերը թուրք-ամերիկեան գործարար համայնքներուն հետ եւ ներգրաւել վերլուծական կեդրոններ, ակադեմական ու քաղաքական հաստատութիւններ` պատմութիւններ (narratives) ձեւաւորելու համար»: Այլ ամերիկեան ընկերութիւն մը` «Imperium Strategies LLC»-ը, ենթապայմանագրային գործակցութիւն ունի «Skyline Capitol»-ի հետ:

Բացի ատկէ, «GoTürkiye»-ն վարձած է «Geoffrey Weill Associates»-ը` աշխատելու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեան շրջանակէն ներս, ձեւաւորելու հանրային ընկալում ու խթանելու զբօսաշրջութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի միութիւնը (TRT) նոյնպէս ունի արձանագրուած ներկայութիւն Ուաշինկթընի մէջ:

Թուրքիան ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ ամերիկեան տարբեր լոպիական ընկերութիւններու վրայ: Բնականաբար մեծ գումարներ կը պահանջուին` փաստերը խեղաթիւրելու, ճշմարտութիւնը սխալ ներկայացնելու, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումները արդարացնելու եւ անցեալի ցեղասպանութիւնները քողարկելու համար:

www.TheCaliforniaCourier.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ