Ըստ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերն արժանի են գովեստի»

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի առեւտուրի սահմանափակումները վերցնելու յայտարարութիւնը:

«Այս քայլը ցոյց կու տայ երկու երկիրներու յանձնառութիւնը` ընդլայնելու տնտեսական կապերը եւ խթանելու Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութիւնն ու բարեկեցութիւնը», կը նշուի դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ 11 մայիս 2026 թուականի դրութեամբ աւարտած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի նախապատրաստական աշխատանքները:

Նոր կարգաւորման հիմամբ Թուրքիայէն երրորդ երկիր, ապա Հայաստան ուղարկուող ապրանքներու վերջնական նպատակակէտը կարելի պիտի ըլլայ նշել իբրեւ Հայաստան: Նոյն տրամաբանութեամբ` Հայաստանէն նոյն ճամբով գացող ապրանքներու ծագման երկիր կրնայ նշուիլ Թուրքիան:

Մինչեւ հիմա Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հիմնականին մէջ կը կատարուէր միջնորդ երկիրներու միջոցով:

Եւրոպական Միութիւնը «ջերմօրէն» կ՛ողջունէ

Եւրոպական Միութիւնը ջերմօրէն կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկը: Այս մասին ըսած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան մամլոյ բանբեր Անիթա Հիփեր:

«Ասիկա անոնց յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ ուշագրաւ զարգացում է, ինչ որ արտայայտուեցաւ նաեւ 28 ապրիլ 2026-ին երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման հարցերով երկկողմանի աշխատանքային խումբի վերջին հանդիպումով, որ մենք ողջունած էինք:

«Այս նշանակալի քայլը կրնայ խթանել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական կարելիութիւնները` դրական ազդեցութիւն ունենալով թէ՛ ամբողջ Հարաւային Կովկասի, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան համար:

«Մենք կը խրախուսենք երկու երկիրները շարունակելու համատեղ աշխատանքը, ներառեալ երկկողմ սահմանի վերաբացման ուղղութեամբ», գրած է Հիփեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ