«Հոյպուն»ի մասին գիտական մենագրութիւն կը պատրաստուի

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Կիրակի, 10 մայիսի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ (Գահիրէ) «Յուսաբեր» ակումբին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ պատմաբան, փրոֆեսոր եւ հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան նուիրուած դոկտ. Մոհամմէտ Ռիֆհաթին, որ Հայ Դատի մարմնի ներկայացուցիչ՝ բժ. Արմէն Մազլումեանին կը ներկայացնէր «Մուսթաֆա Քեմալ. Պայքար Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ (1919-1921)» վերնագրուած ակադեմիկոս, թրքագէտ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեանի աշխատասիրութեան արաբերէն թարգմանութեան եւ հրապարակման աշխատանքներուն ընթացքը։

Խօսքի մէջ դոկտ. Ռիֆհաթ յայտնեց, որ օսմաներէն, քրտերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով աղբիւրներու հում նիւթերու ուսումնասիրութեամբ կը ծրագրէ 1920ական թուականներուն ստեղծուած եւ գործած քրտական «Հոյպուն» կուսակցութեան մասին մենագրութիւն մը։

«Հոյպուն»ը ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն էր Հայաստանի անկախութեան անկումէն ետք, որ կը նպատակադրէր արգիլել բռնագրաւուած Հայաստանի հողերու թրքացումը, այսինքն՝ բնակեցումը եւ իւրացումը։ Ցեղասպանութեամբ բնիկ տարրէն՝ հայութենէն դատարկուած հայրենիքին մէջ բնակող գերակշիռ միակ տարրը քիւրտն էր իր ցեղախմբային կառուցուածքով, բաժան-բաժան եւ յաճախ արիւնալի միջցեղախմբային կռիւներով տարուած։

«Հոյպուն»ով՝ Դաշնակցութիւնը նախաձեռնարկ կը դառնար ցեղախմբայինէն ազգայինի բարձրացնել քրտութիւնը եւ միացեալ գործօն դարձնել թրքական ծաւալապաշտութեան ու համայնակուլ ընթացքին դէմ։ Բնական էր, կազմակերպական այս կառոյցին հիմքը կրնար բնորդի մը վրայ ձեւուիլ, որ այս պարագային ՀՅԴն էր, իր աշխարհայեացքով ու գաղափարաբանութեամբ, կանոնագրով եւ բարոյականութեամբ։

Արդարեւ՝ դժուարագոյն առաջադրանք մը, նկատի առնելով հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու արժէքային համակարգերուն եւ ըմբռնողութիւններուն մէջ գտնուող հսկայ՝ թերեւս անկամրջելի տարբերութիւնները։

Այնուամենայնիւ, այս աներեւակայելի առաքելութիւնը գլուխ բերելու պատուիրակը դարձաւ Վահան Փափազեանը, ծանօթ՝ Կոմս, Բժիշկ եւ այլ ծածկանուններով, որ իր ողջ երիտասարդութիւնը Հայաստանի ազատագրութեան դատին նուիրած էր Վասպուրականի թէ Տարօնի աշխարհի մէջ եւ այլուր, քաջածանօթ էր քրտութեան նիստուկացին, ուղն ու ծուծին։

Ահա այս տիտանական ճիգին նուիրուած է յարգելի ակադեմականի ծրագրած գիտական աշխատանքը, որն ըստ ամենայնի հետաքրքրական պիտի ըլլայ ոչ միայն օտար ընթերցողին, այլեւ հայ նոր սերունդներուն, որոնցմէ շատեր արդէն հեռացած հայերէնին ընտանութենէն, չըսելու համար խորթացած են։

https://asbarez.am/archives/502548

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ