Մխիթարեան միաբանութիւնը ոգեկոչեց Մխիթար Սեբաստացիի մահուան 277ամեակը

26 Ապրիլին, Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին՝ Մխիթար Աբբահօր մահուան 277ամեակը, ձեռնարկով մը որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս յաւարտ Սուրբ պատարագի։ Ոգեկոչումը կատարուեցաւ Աբբահօր ծննդեան 350ամեակի յոբելենական տարիուան ծիրէն ներս։

Բացման խօսքին մէջ, Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերաւ Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին, նշելով. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից, եւ խորանում այդ ժամանակների անաչառ քննութեան մէջ, նրա կերպարը այնքան մեծանում է մեր աչքերի առաջ»։ Սրբազանը նաեւ յուշեց Աբբահօր մասին ուրիշ դրուագ մը, երբ հայրենի ազգային գործիչ Ալեքսան Կիրակոսեան օրուան վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի հետ խօսակցութեան ընթացքին Մխիթարին անդրադարձած էր ըսելով, որ «նա հոգեւոր հայրենիք կերտեր է, երբ այս տարածքում հայկական պետականութիւն չկար»։

Լեւոն արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Մխիթար Աբբահայր ոչ միայն հայկական մեծութիւն է… այլ նաեւ համաքրիստոնէական եւ համամարդկային չափանիշով մեծութիւն է Մխիթար Աբբահայր»։

Սրբազան հօր խօսքէն ետք, միաբան վարդապետները եւ նորընծաները երգեցին Մխիթար Սեբաստացիի Մարիամ Աստուածածնին նուիրած շարականը:

Ապա խօսք առաւ Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, որ Մխիթար Աբբահօր համապարփակ կենսագրական պատկեր մը ներկայացուց յետ գրաբար լեզուով ներածականի․ ըսելով. «Նա եղեւ լուսաճաճանչ աստղն որ ցոլացոյց ի խաւարամած հայրենիս՝ զլոյս սրբութեան եւ գիտութեան եւ կանգնեաց զազգակիցս իւր զի կեցցեն աստուածահաճոյ վարուք եւ ազգօգուտ գործովք՝ զհետ լինել բարւոյն եւ ճշմարտին։»

Հայր Համազասպ անդրադարձաւ նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի (1676-1749) սրբակենցաղ վարքին եւ իր բացառիկ դատողութեան, նշելով. «Խոհեմութեամբ զարդարուած՝ ամէն ինչ կշռադատող եւ հետեւաբար հաստատակամ եւ զգուշաւոր, միշտ միջին ճամբան կ՛ընտրէր»։ Հիմնադիր Աբբահայրը «խոնարհամիտ անձ էր, որ գիտէր հրամայել համեստ եւ բարեշնորհ կերպով, եւ քաղցրահամբոյր վերաբերումով»։

Մխիթարի բեղուն եւ նուաճումներով ու ապրումներով հարուստ կեանքին մէջ, հայր Համազասպ առանձնացուց Աստուածամօր տեսիլքը Սեւանավանքի մէջ՝ 1693ին, իբրեւ իր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր դէպքը։ Տասնվեցամեայ Մխիթար սարկաւագը, Սեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, «երկարաշունչ աղօթքներէ վերջ… յոգնաբեկ՝ քունի կ՛անցնի Աստուածամօր պատկերին դիմաց»։ Աստուածամայրը իրեն կը յայտնուի երազին մէջ եւ անոր կ՛ըսէ. «Այն կ՛ուզեմ ինչ դուն կ՛ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ ինչ որ դուն գիտես որ ինծի օգտակար է եւ կ՛ուզես տալ», Տիրամայրէն ստանալով խնդրանքի գոհացման խօսք։  

«Աստուածամօր տեսիլքը կը դրոշմէ Մխիթարի ամբողջ կեանքը, աննկուն կամքը, անխոնջ աշխատանքը եւ հաստատուն հաւատքը։ Աստուածամօր խօսքին զօրութեամբ՝ Մխիթար հիմնած է իր միաբանութիւնը, որ առ այսօր կը գոյատեւէ մի միայն ամենասուրբ Կոյսի «Եղիցի»ով», ըսաւ ան։

Անխոնջ եւ վեհանձն նուիրումի կեանքը, ինչպէս նաեւ նեղութիւններ ու երկարատեւ հիւանդութիւն մը Մխիթար Սեբաստացին բոլորովին կը հիւծեն, ու «1749ի Ապրիլի սկիզբը վերջնականօրէն անկողին կը գամուի եւ վերջին օծումն ու հոգեւոր մխիթարութիւնները ստանալէ ետք՝ կ՛աւանդէ հոգին 27 Ապրիլ 1749ին»։

Հայր Համազասպ իր խօսքը աւարտեց յուշելով Միաբանութեան հիմնադիրին մէջբերումներ, անոնք աւարտելով այս խօսքով. «Սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս միաբանութեանն ալ սահմանուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»։

(Թղթակցութիւնը՝ միաբանութենէն)

https://asbarez.am/archives/502353

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ