Ես եւ Ռուբէն Ռուբինեանը փոխըմբռնում ունինք, որովհետեւ մենք նոյն մշակոյթէն կու գանք: «Երեւանեան երկխօսութիւն-2026» միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ:
«Երբ մենք կը սկսէինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգաւորման հոլովոյթը, ես բազմաթիւ առաջարկներ ըրի հայ գործընկերոջս, եւ անոնցմէ ոչ մէկը միտուած էր Թուրքիոյ օգուտ բերելուն: Իմ գլխաւոր նպատակս հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ աւելի լաւ ապագային նպաստելն էր:
«Ես ապրած եմ հայ ժողովուրդին մէջ Լոս Անճելըսի մէջ, երբ այնտեղ կ՛աշխատէի, ապա Պէյրութի մէջ: Ես եւ Ռուբէն Ռուբինեանը փոխըմբռնում ունինք, որովհետեւ մենք նոյն մշակոյթէն ենք», նշած է Քըլըչ:




Leave a Reply