Այս տարի եւս, Քոնկրեսի անդամներ պիտի միանան ամերիկահայերուն չորեքշաբթի, ապրիլ 15ին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, բայց նախքան այդ՝ կ․ե․ ժամը 1էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» խորագիրով ներկայացումը, որուն հրաւիրուած են քոնկրեսականներու անձնակազմերը։
«Քենըն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ներկայացումին նպատակը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մտահոգիչ կէտերը լուսարձակի տակ առնելը եւ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը իրենց գործած յանցանքներուն համար պատասխանատուութեան կանչելն է:
Ներկայացումը պիտի առաջնորդեն արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան եւ միջազգային իրաւագիտութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան։

Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։
Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին խորագիրը «Հայոց Ցեղասպանութիւն․ Յիշատակումէն Պատասխանատուութիւն․ Արդարութիւն Դար մը Ցեղասպանութեան Համար՝ Հայաստանէն Արցախ, 1915-2023»նն է եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6էն 8, «Ռէյպըրն» սրահին մէջ։ Ապահովուած են հանրակառքեր Մերիլընտի Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն (4906 Flint Drive, Bethesda, MD 20816) փափաքողները սրահ փոխադրելու համար, կ․ե․ ժամը 4:30ին։
Տեղեր ապահովելու համար դիմել [email protected] հասցէին կամ (703) 585-8254 թիւին։
Երկու ձեռնարկները պիտի սփռուին առցանց՝ Հայ Դատի ընկերային կայքերուն վրայ։




Leave a Reply