Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 մարտ 2026, հինգշաբթի առաւօտ ճամբայ ելաւ գլխաւորելու համար դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները կատարուելիք ուխտաւորութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Մարտ 2026, Հինգշաբթի առաւօտ ճամբայ ելաւ գլխաւորելու համար դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները կատարուելիք ուխտաւորութիւնը։ Ծրագրուած է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Իսկենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանցը եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու այցելութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շքախումբը կը կազմէին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ դպիրներ։
Նորին Ամենապատուութիւնը Կեսարիոյ օդակայանէն առաջնորդուեցաւ հիւրանոց, ուր իջեւանեցաւ։ Իսկ քահանայ հայրեր մեկնեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի եւ կատարեցին արարողութեանց պատրաստութիւնները։
Մեր Հոգեւոր Պետին հետ նոյն թռիչքով Կեսարիա հասան տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։
Կեսարիոյ Քաղաքապետին եւ Կուսակալին այցելութիւն
Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամը 13.00-ին այցելեց Կեսարիոյ Մայր Քաղաքապետարան եւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Քաղաքապետ Տքթ. Մէմտուհ Պիւյիւքքըլըճին։
Այս այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Կեսարիոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր։
Իսկ ժամը 13.45-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, նոյն շքախումբով այցելեց Կեսարիոյ Կուսակալութիւն եւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Կուսակալ Կէօքմէն Չիչէքին։
Այց՝ գրադարանի
Քաղաքի երկու վարիչներուն տրուած քաղաքավարական այցելութիւններէ ետք, մեր Հոգեւոր Պետը, շքախումբին եւ Քաղաքապետութեան քաղաքի պատմութեան ծանօթացման ու զբօսաշրջութեան գրասենեակի վարիչի ուղեկցութեամբ այցելեց քաղաքի գրադարանը:
Այս այցելութիւնը իմաստալից էր, որ սոյն հաստատութեան շէնքը քաղաքի Հայոց երբեմնի առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, որ երկար տարիներ այլ նպատակաւ գործածուելէ ետք, քաղաքապետութեան կողմէ նորոգուած, որմնանկարները բարեզարդուած ու գրադարանի վերածուելով ժողովուրդին բացուած էր:
Այց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի
Մեր Հոգեւոր Պետը ապա այցելեց քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատմական եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Աթոռոյս արարողութեանց պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ դպիրներու կողմէ:
Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ զանգի զուարթ ղօղանջին ներքեւ մուտք գործեց աղօթատուն, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը, ապա տեղեկութիւններ ստացաւ Տ. Նաթան Հօրմէ յաջորդ օրուան պատրաստութեանց, իսկ Ծխական Խորհուրդէն՝ եկեղեցւոյ մասին:
Պատրիարք Հայրը շրջեցաւ համալիրը, ցուցմունքներ ընելէ ետք բաժնուեցաւ:
Արգէոս Լերան լանջին
Օրուան այցելութեան վերջին կայանը եղաւ քաղաքի ու ամբողջ շրջանի գագաթը՝ Էրճիյաս՝ պատմական Արգէոս Լեռը: Մօտ չորս հազար մեթր բարձրութեամբ լերան լանջին Կեսարիոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներու եւ ուխտաւորներու հետ դադարէ ետք, շաղացող ձիւնը վայելելէ ետք վերադարձաւ հիւրանոց:
Նոյն գիշեր Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ ուխտաւորներու սարքած ընթրիքին։
Կեսարիոյ մէջ հոգեւոր ապրումներով լի օր մը
Պատրիարք Հայրի նախագահութեամբ սկսած Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը, 13 Մարտ 2026, Ուրբաթ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։
Քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատմական եկեղեցւոյ զանգը ժամը 09.15-ին աւետեց ժամերգութեան սկիզբը: Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի խոր վիրապ մուտքի տօնին առթիւ:
Պատրիարք Հայրը նախագահեց խորհրդարանէն մեկնած հանդիսաւոր թափօրին։
Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան:
Քարոզ
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձաւ Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Կեսարիոյ եւ այս եկեղեցւոյ մեզի համար կարեւորութեան: Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց նաեւ, թէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Կեսարիան կարեւոր էր այն առումով, որ մեր հաւատքի հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր սնած, մեծցած եւ Հայոց Մեծաց եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր այս քաղաքին մէջ. Այս քաղաքը յիշատակներ ունի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ կը կրէ Հայոց Լուսաւորիչ Հայրապետի օրհնութիւնը։
Հաթայ ժամանում
Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հասաւ Հաթայ եւ քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեանի, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշի կողմէ:
Մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ Լատինաց Վանքը, ուր դիմաւորուեցաւ Անատոլուի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս.ի կողմէ:
Նոյն գիշեր Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրեր եւ դպիրներ սիրոյ սեղանով հիւրասիրուեցան Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին կողմէ:
Ս. Քառասուն Մանկանց տօնախմբութիւն Իսկենտէրունի մէջ
Պատրիարք Հայրի նախագահութեամբ սկսած ուխտագնացութիւնը շարունակուեցաւ Իսկենտէրունի մէջ եւ 14 Մարտ 2026, շաբաթ առաւօտ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ անուան տօնախմբութիւն։
Առաւօտուն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւն:
Պատրիարք Հայրը նախագահեց խորհրդարանէն մեկնած հանդիսաւոր թափօրին։ Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, ինչպէս նաեւ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան:
Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ Ատըեամանի եւ շրջակայից Ասորւոց Մոր Կրեկորիոս Մելքի Եիւրէք Մետրոպոլիտը, Անատոլուի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս.ը, խումբ մը վարդապետներով, Իսկենտէրունի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ.Նիքոլաս Փափասօղլու եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ճան Թէյմուր, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Տ. Ճան Տէլիւլլէր եւ Տ. Տիմիթրի Տօղում քահանաներ եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ֆատի Հուրիօղլու:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Շահին Ճան Ուր. Դպ. Քալտըրըմ, Բրկ. Յովհաննէս Ուր. Դպ. Մուրատեան եւ եկեղեցւոյ դպիրները: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրաւիրեալ դպիրներու եւ ուխտաւորներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ նախ խօսեցաւ Կեսարիոյ եւ Հաթայի ուխտագնացութեան մասին։ Անդրադարձաւ Իսկենտէրունի Հայ համայնքի ու եկեղեցւոյ եւ մեզի համար կարեւորութեան:
Մեր Հոգեւոր Պետը ապա ծանրացաւ օրուան խորհուրդին՝ Ս. Քառասուն Մանուկներու եւ իրենց նահատակութեան վրայ ու եզրակացուց. Շատ թանկագին է մեր հաւատքը: Բանի մը գինը կը յայտնուի մեր անոր համար վճարած գինով: Պատրիարք Հայրը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն խօսքին, որ արձանագրուած էր այս եկեղեցւոյ խորանի կամարին վրայ. «Ով որ իր կեանքը իրեն կը պահէ՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն» (Մատթ. Ժ.39): Հաւատքը երբեմն ենթակայ կ’ըլլայ փորձութեան: Դժուար է: Բայց համբերութեամբ կարելի է յաղթել: Կարեւորը մինչեւ վերջ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալն է: Այս է որ ըրին Քառասուն Մանուկները Սեբաստիոյ մէջ:
Քարոզի աւարտին Պատրիարք Հայրը գնահատեց Եուսուֆ Թապաշի ատենապետած Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդը, որ կը ջանայ այս աղօթքի տունը պայծառ պահել։
Դպրութեան ձեռնադրութիւն
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով եկեղեցւոյ երկու երիտասարդ սպասաւորները՝ Մինաս Թապաշեանն ու Յովհաննէս Թապաշեանը, խարտաւիլակութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, կտրեց անոնց մազերը, յանձնեց անոնց դպրութեան խորհրդանիշները ու ըստ Ձեռնադրութեան Մաշտոցի՝ շնորհեց դպրութեան չորս աստիճանները:
Յաւարտ Ս. Պատարագի յատուկ կարգ կատարուեցաւ Իսկենտէրունի հանգուցեալ հոգեւոր սպասաւորներու՝ հովիւներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի աշխատանքը, քահանայական ձեռնադրութեան տասնհինգամեակին առթիւ իրեն շնորհեց սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն:
Հանդիսութեան աւարտին կազմուած թափորով մեր Հոգեւոր Պետը, հիւր հոգեւորականներ խորհրդարան առաջնորդուեցան: Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնն ու հիւր բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր վառեցին Ս. Քառասուն Մանկանց քառասուն կանթեղները:
Նշենք նաեւ, որ Ս. Պատարագին մասնակցեցան բացի տեղւոյն համայնքի անդամներէն, Մերսինի, Մալաթիոյ, Ատըեամանի եւ շրջակայ քաղաքներէ ուխտաւորներ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաներ առաջնորդուեցան Արսուզի մէջ ծովեզերեայ ճաշարան մը, ուր սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան:
Իսկենտէրունի Գաւառապետին այցելութիւն
Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամը 15.00-ին այցելեց Իսկենտէրունի Գաւառապետարան եւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գաւառապետ Մուհամմէտ Էօնտէրին։
Այս այցելութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ, Նէպիլ Թապաշ, Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար:
Պաշտօնականութեան առընթեր, մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յարգելի Գաւառապետին պարզեց աւանդական դարձած այցելութեան նպատակը եւ ըսաւ, որ փափաքած է այս տարի եւս իրականացնել տօնական այս այցելութիւնը։ Այս առթիւ փափաքած է քաղաքավարական այցելութիւն տալ նաեւ Իսկենտէրունի Գաւառապետին։
Գաւառապետ Մուհամմէտ Էօնտէր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Զրոյցի նիւթ դարձաւ քաղաքի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցին ու համալիրը, որ վնաս կրած է Հաթայի երկրաշարժէն։ Յարգելի Գաւառապետը պատրաստակամութիւն յայտնեց, ինչպէս միշտ, ամէն տեսակի օժանդակութեան համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի հրատարակութիւն հատորներէն նուիրեց Գաւառապետին։
Հաթայի Կուսակալին այցելութիւն
Ժամը 17.15-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, նոյն շքախումբով այցելեց Հաթայի Կուսակալութիւն եւ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Կուսակալ Մուսթաֆա Մասաթլըին։
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը յարգելի Կուսակալին յայտնեց սոյն այցելութեան նպատակը եւ ըսաւ, որ փափաքած են այս տարի եւս անուան տօնախմբութեան առթիւ ուխտի գալ Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին։ Նոյն առթիւ Պատրիարք Հայրը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն տալ քաղաքի պետական բարձրագոյն պաշտօնեային։
Կուսակալ Մասաթլը ուրախութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Զրոյցի նիւթ դարձան քաղաքի յետ-երկրաշարժեան շրջանի վերականգնման աշխատաքներն ու քաղաքի այժմու վիճակը։
Յարգելի Կուսակալը հետաքրքրուեցաւ Իսկենտէրունի մեր եկեղեցւոյ վիճակով եւ խոստացաւ իր կարելին ընել վերանորոգչական աշխատանքներու ընթացքին։
Այցելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը Աթոռոյս հրատարակած հատորներէն նուիրեց յարգելի Կուսակալին։
Նոյն գիշեր, Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդը, ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան եւ հիւր հոգեւոր հայրերուն, ընթրիքի սեղան սարքեց Արսուզի մէջ:
Դատաւորի Կիրակին Վաքըֆգիւղի մէջ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սկսած ուխտագնացութիւնը Վաքըֆգիւղի մէջ հասաւ իր վերջին կայանը եւ 15 Մարտ 2026, Կիրակի առաւօտ տեղւոյն Ս. Աստուածածին գողտրիկ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ապա կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։
Նորին Ամենապատուութիւնը Իսկենտէրունի Լատինաց վանքին մէջ ողջագուրուեցաւ Անատոլուի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս.ին հետ, որ ողջերթ մաղթեց մեր Հոգեւոր Պետին:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցամաքի ճամբով անցաւ Սամատաղի Վաքըֆգիւղը՝ նախագահելու եկեղեցական արարողութեանց:
Գիւղի Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան:
Ապա սկսաւ Արեւագալի ժամերգութիւնը: Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, ինչպէս նաեւ Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան:
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրաւիրեալ դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ նախ խօսեցաւ Կեսարիոյ եւ Հաթայի ուխտագնացութեան մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը ապա ծանրացաւ Դատաւորի Կիրակիի խորհուրդին։
Քարոզի աւարտին Պատրիարք Հայրը գնահատեց Ճէմ Չափարի ատենապետած Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ գիւղապետ Պերճ Գարթունեանը, որոնք կը ջանան այս գիւղն ու անոր գողտրիկ աղօթքի տունը պայծառ պահել։
Յաւարտ Ս. Պատարագի յատուկ կարգ կատարուեցաւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցւոյ հանգուցեալ հոգեւոր սպասաւորներու՝ հովիւներու, Եկեղեցւոյ վերաշինութեան բարերարներէն միամեայ հանգուցեալ Միհրան Ուլիկեանի, ինչպէս նաեւ փափաքողներու հանգուցեալ պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաներ առաջնորդուեցան Մուսա Լերան լանջին ճաշարան մը, ուր սարքուեցաւ սիրոյ սեղան:
Մեր Հոգեւոր Պետը ապա շրջեցաւ գիւղի նորակառոյց բնակարաններէն մին, որմէ ետք ճամբայ ելաւ դէպի օդակայան:
Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը նոյն գիշերուան թռիչքով վերադարձան քաղաքս:
https://www.agos.com.tr/am/news/vwkhdaknatsvwtiwn-tebi-gysaria-yw-hatah-39905




Leave a Reply