Ատրպատականի Հայոց թեմը հաղորդագրութեան մը միջոցով կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի վրայ իսրայէլեան եւ ամերիկեան յարձակումներուն ընթացքին, թեմին պատմական արժէքաւոր վանքերը ռմբակոծումէ պահպանելու համար, վանքերուն տանիքներուն վրայ զետեղուած են միջազգայնօրէն ընդունուած յատուկ պաստառներ եւ ազդանշաններ։
Նաեւ, թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի առաջնորդութեամբ, 21 Մարտին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին առիթով արարողութիւն մը Արաքսի գետի ափին գտնուող դարաւոր Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ։
Միւս կողմէ, նկատի ունենալով որ Իրանի մէջ Նովրուզի՝ Նոր տարուան, առիթով բազմաթիւ տեղացի զբօսաշրջիկներ կը գտնուին Ատրպատական եւ անոնք այդ օրերուն սովորաբար իսլամական եւ այլ սրբավայրեր կ՛այցելեն, առաջնորդարանին տնօրինումով վանքերը 22 Մարտին վերաբացուած են՝ ընդունելու համար այդ զբօսաշրջիկները։




Leave a Reply