Ոճիր մը, որ կը սպասէ լուսաբանութեան

Համարեա Հանրապետական շրջանի ամբողջ տեւողութեան մէջ բազում օրինակներով տեսած ենք թէ կարգ մը ոճիրներ մեծ զգուշութեամբ խաւարի մէջ կը մնան եւ երբեք չեն լուսաբանուիր իրենց ամբողջական ծալքերով։

Համարեա Հանրապետական շրջանի ամբողջ տեւողութեան մէջ բազում օրինակներով տեսած ենք թէ կարգ մը ոճիրներ մեծ զգուշութեամբ խաւարի մէջ կը մնան եւ երբեք չեն լուսաբանուիր իրենց ամբողջական ծալքերով։ Այդպիսիներէն մէկն է քաղդէացի Հիւրմիւզ եւ Շիմունի Տիրիլ ամոլի խնդիրը։ Անոնք որոշ ժամանակ Եւրոպա բնակելէ ետք որոշած էին վերադառնալ հայրենի երկիր՝ Շըրնախի Պէյթուլշապապ գաւառը։ Անոնք խորհրդաւոր կերպով անհետացան եւ անհետացումէն 70 օրեր ետք յայտնաբերուեցաւ Շիմունի Տիրիլին անշունչ մարմինը իրենց գիւղի մօտակայ առուակի մը մէջ։

Ընտանիքի պաշտպանութիւնը ստանձնեց Շրնախի փաստաբաններու Կաճառի նախագահ փաստաբան Ռոժհատ Տիլսիզ։

Բազում թերացումներով եւ փաստաբանի առաջարկներու մերժումով ընթացող դատավարութեան աւարտին սպաննութիւնով մեղադրուեցաւ Աբրօ Տիրիլ եւ ցկեանս մահուան դատապարտուեցաւ։ Ընտանիքը եւ փաստաբանները առարկեցին այս վճիռին, պիդելով թէ ան ունեցած էր մեղսակիցներ եւս, որոնց բացայայտման համար կը պահանջուի աւելի ծաւալուն հարցաքննութիւն։

12 Մարտին կայացող դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 12 Մայիսին։

https://www.agos.com.tr/am/news/vcir-mi-vr-gi-sbase-lvwsapanvwtyan-39870

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ