Նոր հրատարակութիւններ

 – Այվազեան Արմէն, «449-451 թթ. Հայ-պարսկական Պատերազմը. Ուսումնամեթոտական Ուղեցոյց», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2025, 46 էջ (Ե. դարու Հայաստանի քարտէսը, նշուած երեք տարիներուն հայկական բանակին մղած ճակատամարտերու դիրքային չորս գծագիրներ)։

 – «Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» պատկերագիրք, Բ. հատոր, կազմող եւ խմբագիր՝ Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն Ռաֆֆի Քորթոշեան, Երեւան, 2025, եռալեզու՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն: Հրատարակուած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի ու Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կառոյցին համագործակցութեամբ եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկին աշխատասիրութեամբ:

 – Գրիգորեան Արմինէ, «Թերթապատում 1912-1913 – Մամուլի Անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետին», Բ. հատոր, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2025, 421 էջ, 21 x 29,5 սմ. (Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի գործունէութիւնը, եռալեզու՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն յառաջաբան, կենսագրական բառարան, ծանօթագրութիւններ, գիտական մեկնաբանութիւններ):

 – «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», ԽԵ. տարի, թիւ 45, Բ. գիրք, պատասխանատու խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2025, 514 էջ, (հայերէն եւ անգլերէն հայագիտական յօդուածներ, հրապարակումներ, հաղորդումներ եւ անոնց ամփոփումները՝ նոյն լեզուներով, մահագրականներ եւ հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին):

 – Մաղալեան Արտակ, «Արցախի Մելիքութիւնները XVII-XIX դդ․», Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի ինստիտուտ-Մատենադարան, Երեւան, 2025, 400 էջ + 2 մամուլ ներդիրներ։

 – «Մուսա Լերան եւ Այնճարի Տոհմիկ Ճաշեր», Բ., լրամշակուած հրատարակութիւն, հրատարակիչ՝ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2025 (2001ին առաջին անգամ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը՝ 40 ճաշատեսակներու նկարագրութիւններու յաւելումով):

 – «Ուրուագիծ ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցի Պատմութեան», խմբագիր՝ Ժագ Յակոբեան, հրատարակիչ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2025, 72 էջ, 15,7 x 22,7 սմ. (ՀՅԴի Լիբանանի կառոյցի կազմաւորման ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները տասնամեակներու ընթացքին. բազմաթիւ լուսանկարներ եւ օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Լոյս տեսած է Արամ Սոմունճեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր հօր՝ Ապրօ Սոմունճեանի։

 – Չերչեան Տիգրան (Tchertchian Dikran), «Երկու Անգամ Վեց» (Double six), յառաջաբանը՝ Տիգրան Ճինպաշեանի, «Քարափաս» (Carapace) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2025, շուրջ 100 էջ (Լիբանանի 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Լիբանանի հայոց «Դրական չէզոքութեան» քաղաքականութեան մասին), ֆրանսերէն:

 – «Պատասխանողն Է Մինաս Թէօլէօլեան», առցանց եւ տպագիր հրատարակութիւն՝ իբրեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի յաւելուած, խմբագիր եւ ձեւաւորող՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Մոնթրէալ, 2026, 48 էջ, 21,6 x 28 սմ. (վերահրատարակութիւն հայ գրականութեան զանազան հարցերու մասին գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի հետ Վ.-Ա. Արթինեանի կատարած հարցազրոյցին՝ լոյս տեսած «Գրական Հորիզոն» թերթի 1982ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերի թիւերուն մէջ, Մ. Թէօլէօլեանի ինքնակենսագրութիւնը, յուշ մը, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ): Տպագիր տարբերակը լոյս տեսած է Մհեր եւ Նինա Պապեաններու մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ Գալուստ Պապեանի եւ Կորիւն արք. Պապեանի։ Առցանց տարբերակը՝ horizonweekly.ca Horizon PDF։

 – Պէն Ահարոն Էլտատ (Ben Aharon Eldad), «Իսրայէլ-Թուրքիա Յարաբերութիւնները Պաղ պատերազմի աւարտին. Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացման Աշխարհաքաղաքականութիւնը» (Israeli-Turkish Relations at the end of the Cold War: The Geopolitics of Denying the Armenian Genocide), Էտինպուրկի համալսարանի հրատարակչութիւն (Edinburgh University Press), Էտինպուրկ – Միացեալ Թագաւորութիւն, Նոյեմբեր 2025, 304 էջ, 15,6 x 23,4 սմ. (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թափը կասեցնելու թուրք-իսրայէլական գործակցութիւնը 1980ականներուն, փաստաթուղթեր, 30 հարցազրոյցներ, 27 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ եւ յատուկ անուններու ու առարկաներու ցանկ), անգլերէն:

 – «Պէպօ Սիմոնեան – Նամականի», Ա․ եւ Բ․ հատոր. կազմեց, ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, Դեկտեմբեր 2025, Ա․ հատոր՝ էջ 1-580, Բ. հատոր՝ էջ 581-1189, 17 x 24 սմ. (Աւետիս Ռազմիկի եւ կազմողին յառաջաբանները, լիբանանահայ կրթական, գրական եւ հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանի (1937-2015) կենսագրութիւնը եւ ինքնակենսագրութիւնը, շուրջ 600 նամակներ, 1905 ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու եւ կառոյցներու ցանկեր):

 – Revue des Études arméniennes (Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Ամսագիր), 43րդ հատոր, խմբագիր՝ Ժան-Փիեռ Մահէ (Jean-Pierre Mahé), Փարիզ, 518 էջ, Երեւան, 2025 (19 գիտական յօդուածներ՝ դասակարգուած 4 բաժիններու մէջ) (15 յօդուածներ՝ ֆրանսերէն, 4 յօդուածներ՝ անգլերէն): Նուիրուած է Ժան-Միշել եւ Նիքոլ Թիերիներու յիշատակին։

 – Վարդանեան Աննա, «Տիանա Աբգար – Հայ Առաջին Կին Պատուաւոր Հիւպատոսի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2025, 88 էջ, 12 x 17,5 սմ. (Ճափոնի մէջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ հայուհի առաջին դիւանագէտին գործունէութիւնը):

 – Տիլսիզեան Լեւոն, «Ալեքսանտրուպոլիս-Տէտէաղաճի Հայկական Գաղութին Հետքերով», հրատարակութիւն «Արմէնիքա» պարբերականի, Աթէնք, 2025 (Յունաստանի Թրակիոյ շրջանի Ալեքսանտրուպոլիս քաղաքի հայկական գաղութի 1875-2025 150ամեայ պատմութիւնը), յունարէն:

https://asbarez.am/archives/499214

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ