Արեւի Ճանապարհին. Սիպիլի նոր երաժշտական խօսքը

Հայկական սփիւռքի ամենանրբազգաց ու ճանչցուած երգչուհիներէն մէկը՝ Սիպիլը, ներկայացուցած է իր նոր տեսահոլովակը՝ «Արեւի մօտ», որ կ՚առանձնանայ իր լիրիկականութեամբ։ Սիպիլը միշտ ալ ունեցած է յատուկ կարելիութիւն՝ համադրած մեղմութիւնը եւ ներքին ուժը, բայց այս աշխատանքին այդ երկու բաղադրիչները գրեթէ կը հասնին կատարեալ հաւասարակշռութեան։

Արեւի Ճանապարհին. Սիպիլի նոր երաժշտական խօսքը

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայկական սփիւռքի ամենանրբազգաց ու ճանչցուած երգչուհիներէն մէկը՝ Սիպիլը, ներկայացուցած է իր նոր տեսահոլովակը՝ «Արեւի մօտ», որ կ՚առանձնանայ իր լիրիկականութեամբ։ Սիպիլը միշտ ալ ունեցած է յատուկ կարելիութիւն՝ համադրած մեղմութիւնը եւ ներքին ուժը, բայց այս աշխատանքին այդ երկու բաղադրիչները գրեթէ կը հասնին կատարեալ հաւասարակշռութեան։ Երգ Սիպիլի մեկնաբանութիւնով ձեռք բերած է մաքուր մեթաֆորիկ շունչ, իսկ տեսահոլովակի շնորհիւ՝ նոր գեղագիտական շերտեր։ Երգը կը հնչէ մեղմ, բայց ներգրաւող։ Կը թուի՝ իւրաքանչիւր ձայնանիշ զգուշօրէն դրուած է ճիշդ դիրքին, ոչ աւել, ոչ պակաս։ Սիպիլի ձայնը, որ միշտ ճանաչելի է իր մաքրութեամբ եւ յուզական խորութեամբ, այս անգամ կը հնչէ աւելի հասուն, աւելի անկեղծ, աւելի ապաւինող։ Երգի խօսքերը պարզ են, բայց ոչ պարզեցուած։ Անոնք կը ստեղծեն մի քիչ մելանխոլիկ, մի քիչ լուսաւոր ապրումներու միջավայր, որտեղ իւրաքանչիւր բառ աւելի շատ կը զգացուի, քան կը լսուի։

Հարցազրոյց Սիպիլի հետ

Կը շնորհաւորեմ երգի փրեմիերայի առթիւ։ Կը պատմէ՞ք՝ ինչպէս ծնաւ «Արեւի մօտ» երգը։

«Արեւի մօտ» երգը իմ փափաքով ծնունդ առաւ, երբ շուրջ երկու տարիներ առաջ երգահան Յասմիկ Հախվերդեանին ըսի «Յասմիկ ճան, այլեւս կ՚ուզեմ սիրոյ մասին երգել։ Ինծի համար սիրոյ երգ մը գրէ»։ Վերջին տարիներուն բոլորս ալ ծանր ժամանակներէ անցանք։ Ես զգայուն մէկն եմ եւ երգի միջոցաւ խօսող երգչուհի եմ։ Յատկապէս ուզեցի երգել սիրոյ մասին, որպէսզի աշխարհի սէր ու ջերմութիւն տարածենք։ Երգը շատ ուժեղ ազդեցութիւն կը գործէ մարդոց հոգեվիճակին վրայ։ Յասմիկ այս երգը գրի առաւ, որովհետեւ լաւ կը ճանչնայ զիս ու ծանօթ է իմ կեանքին։ Առաջին վայրկեանին իսկ սիրեցի երգը ու երաժշտութիւնը։

Եթէ արեւը խօսէր, ինչպէ՞ս կ՚արձագանգէր ձեր երգին։

Եթէ արեւը խօսէր, հաւանաբար կ’ըսէր․ «Այս երգը տաքուկ ժպիտով դիմաւորեցի․ ճառագայթներուս մէջ սէր ձգեցիր ու սիրտս ջերմացուցիր»։

Ձեր կեանքի մէջ ո՞ր պահը եղած է ան, երբ դուք իսկապէս զգացած էք՝ «արեւին մօտ եմ»։

Երբ առաջին ալպոմս եւ կեանքիս առաջին մրցանակը ձեռքս առի՝ այնքան երջանիկ զգացի որ։ Առաւել համերգներու պահուն ժողովուրդի սէրն ու ջերմ վերաբերումը իսկապէս անգին է։ Ես այնպիսի մէկն եմ որ մանր բաներէ երջանիկ կ՚ըլլամ։ Անկեղծօրէն եւ սիրալիր ամէն ինչ քայլ մը եւս զիս արեւուն կը մօտեցնէ։

Մայքըլ Կիւրճանի հետ աղած է տեսահոլովակի նկարահանումը։ Պատմէք քիչ մը այդ մասին։

Նախ պէտք է ըսեմ որ ինծի համար մեծ ուրախութիւն, բախտ ու պատիւ էր Մայքըլի հետ ծանօթանալ, իրեն հետ մտերմանալ ու իրեն հետ աշխատելու առիթն ունենալ։ Մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ իր մասին լսած ու Ամերիկացի ժապաւէնը դիտած էի, որմէ մի քանի ամիսներ վերջ Հայաստանի մէջ ձեռնարկի մը պահուն իրեն հետ ծանօթացանք։ Կեանքի ընթացքին ոչ մէկ բան պատահական է ինծի համար։ Առաջին իսկ պահուն զգացի իր համեստութիւնը ու տեսայ թէ լաւ անձնաւորութիւն է։ Հազարաւոր մարդոց հետ կը ծանօթանաս, բայց ո՛չ թէ այդ անկեղծութիւնն ու ջերմութիւնը բոլորի մէջ զգաս։ Աւելի վերջ համացանցի միջոցով իրարու հետ կապ հաստատեցինք։ Իր մտերմութենէն ու անկեղծութենէն քաջալերուելով տեսահոլովակի առաջարկը ըրի, որ անմիջապէս ընդունեց։ Սա ինձ համար մեծ ուրախութիւն էր։ Ինչպէս ըսի՝ առաջին իսկ պահուն զգացի իր համեստութիւնն ու անկեղծութիւնը եւ մեր աշխատանքի շրջանին տեսայ որ երբեք չեմ սխալեր իր մասին։

Հանդիսատեսի առաջին արձագանգը ինչպէ՞ս էր։

Կարծէք շատեր միաբերան նոյն բանն էր որ ըսին, թէ վերջին տարիներուն կատարած ու նկարած ամենալաւ երգն ու տեսահոլովակն է։ Շատ տարբեր, իսկական ու անկեղծ։

Կը խօսի հանդիսատեսը

«Արեւի մօտ»-ը այն երգերէն է, որոնք չեն հնչեր՝ այլ կը բացուին։ Առաջին իսկ ակորդներէն կը զգաս, որ սա պատմութիւն չէ, այլ վիճակ։ Լսելիս կը թուի թէ կը քալեմ ես լռութեան մէջ, որտեղ իւրաքանչիւր հնչիւն ունի իր շունչը, իսկ Սիպիլի ձայնը կը դառնայ ուղեկից, ոչ թէ առաջնորդ։ «Արեւի մօտ»-ը ինձ համար կը յիշեցնէ, որ լոյսը միշտ ալ հեռու չէ։ Երբեմն այն մեր ներսն է, պարզապէս պէտք է լռել ու լսել։ Երգը չի փորձեր քեզ տանիլ դէպի բարձր յուզական պոռթկում, այլ՝ դէպի ներս, դէպի այն կէտը, որտեղ մարդը կը մնայ իր հետ։ Ունկնդիր ըլլալով՝ կը զգաս, որ սա երգ է, որ լաւ է լսել միայնակ։ Ոչ որպէս փախուստ իրականութենէն, այլ որպէս հանդիպում քեզ հետ։ Եւ երբ ան կ՚աւարտուի, ինչ-որ բան մը փոխուած կ՚ըլլայ՝ ոչ մեծ, բայց իրական։ Կը մնայ տաքութիւն, ինչպէս արեւէն ետք՝ մաշկի վրայ մնացած լոյսը։

Սիպիլի «Արեւի մօտ»-ը այլեւս իրողութիւն է

Հայկական ժամանակակից երաժշտական դաշտին առանձնայատուկ իրադարձութիւն դարձաւ երգչուհի Սիպիլի «Արեւի մօտ» երգի տեսահոլովակի փրեմիերան, որ ոչ միայն նոր ստեղծագործութեան ներկայացում է, այլեւ ամբողջական գեղարուեստական խօսք՝ ուղղուած յիշողութեան, ներսի լոյսին եւ ինքնութեան որոնման։ Տեսահոլովակը կ՚առանձնանայ իր մտածուած վիզուալ լեզուով։ Ան կառուցուած չէ պարզ նարատիվի վրայ, այլ կ՚առաջարկէ խորհրդանշական ընթերցում։ Արեւը այստեղ ոչ միայն ֆիզիկական լոյս է, այլ նաեւ յիշողութեան, յոյսի, երբեմն ալ՝ կորուստներու ու վերադարձի նշան։ Կադրային լուծումները, գունային զուսպ պալիտրան, շարժման դանդաղ ռիթմը դիտողին կը ներգրաւեն մտորումներու ընթացքի մէջ՝ թողնելով մեկնաբանութեան ազատ տարածք։

Յատկանշական է նաեւ տեսահոլովակի մէջ ներգրաւած յայտնի դերասանի ներկայութիւնը, որ յաւելեալ խորութիւն կը հաղորդէ պատմութեան։ Անոր խաղը զուրկ է արտաքուստ էֆեկտներէն, կառուցուած է ներքին լռութեան եւ հայեացքի ուժի վրայ՝ դառնալով երգի ըսելիքի համահունչ շարունակութիւնը։ Այս համադրութիւնը՝ Սիպիլի ձայնի եւ դերասանի խաղի միջեւ, կը ստեղծէ նուրբ, բայց ազդեցիկ երկխօսութիւն։ «Արեւի մօտ»-ը կարելի է դիտարկել նաեւ որպէս Սիպիլի ստեղծագործական հասունացման հերթական փուլ։ Երգչուհին հաւատարիմ կը մնայ իր գեղարուեստական ինքնութեան՝ խուսափելով արագ սպառուող ձեւերէն եւ ընտրելով խորքային, երկարատեւ ազդեցութիւն ունեցող արուեստի ճանապարհը։ Սա այն դէպքն է, երբ երաժշտութիւնը չի ձգտիր պարզապէս հնչել, այլ՝ մնալ։ Տեսահոլովակի փրեմիերան եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, որ հայկական ժամանակակից երաժշտութիւնը կրնայ խօսիլ համամարդկային լեզուով՝ պահպանելով ազգային զգացողութիւնը ու հոգեւոր նրբութիւնը։ «Արեւի մօտ»ը երգ է, որ չի աւարտուիր վերջին ձայնանիշով․ այն կը շարունակուի դիտողի ներս՝ որպէս լուռ հարց, յիշողութիւն կամ լոյսի սպասում։

https://www.agos.com.tr/am/news/arywi-canabarhin-sibili-nvr-yrajshdagan-khoski-38987

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ