Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ՝ Արցախի ներկայացուցչութեան դահլիճի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքի երկրորդ հատորին շնորհահանդէսը:
Պատկերագիրքին առաջին եւ երկրորդ հատորները՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով, կը ներկայացնեն Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, որ այսօր Ատրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուի ցեղասպանութեան:
Արցախի 44օրեայ պատերազմէն ետք, Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակները նախաձեռնեցին այս կարեւոր հրատարակութեան՝ նպատակ ունենալով պատկերագիրքի տարածման միջոցով աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել այն փաստին վրայ, որ Արցախի մէջ հայկական մշակութային հետքը վտանգուած է:
«Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» պատկերագիրքը կազմուած է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի կողմէ՝ հիմնուելով յստակ փաստերու եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ: Անոր նպատակը Ատրպէյճանի կեղծ քարոզչութեան փաստարկուած պատասխաններ տալն է:





Leave a Reply