Քեսապի գիւղերը` Կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները. հայ գիւղը` ազգագրական եւ մշակութային ժառանգութեանց պահպանման օրրան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ գիւղը, իր աւանդական ու նահապետական կեանքով, իր անցեալով, աւանդական բարքերով ու սովորութիւններով, այսօր այլեւս սփիւռքեան պայմաններուն տակ պատմութեան անցած է եւ ալ անգոյ է մեր իրականութենէն ներս:

Այսօր, սփիւռքահայութեան մեծամասնութեան համար անծանօթ են գիւղական կեանքի առանձնայատկութիւնները: Սփիւռքեան պայմաններու տակ ապրող խարբերդցիին, չարսանճագցիին, զէյթունցիին կամ սասունցիին համար անծանօթ են իրենց պապերուն ապրած գիւղերը, գիւղական կեանքը, անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ ապրող, պարզ ու նահապետական նկարագիրով, տեղական առանձնայատկութիւններով եւ հոգեբանութեամբ, ընդհանրապէս ինքնամփոփ մեծ թէ փոքր այն բնակավայրերը, այն միջավայրը, ուրկէ եկած են իրենց արմատները եւ ուր դարէ դար, սերունդէ սերունդ ապրած են իրենց ընտանիքները, գերդաստանները, արիւնակցական, ազգականական, զգացական եւ հոգեկան կապերով իրարու կապուած իրենց պապերը, ուր բոլորը կը ճանչնային զիրար եւ ուր միասին անցուցած էին իրենց լաւ ու վատ օրերը:

Պատմութեան բոլոր վերիվայրումներու, բազմապիսի դժուարութիւններու, հալածանքներու, ջարդերու եւ տնտեսական անձուկ պայմաններու տակ, եւ հակառակ նաեւ մասնակի գաղթերու, հայ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կառչած մնացած էր իր հողին, իր տուն ու տեղին: Արիւնակցական, գիւղական եւ գաւառական պատկանելիութեան զգացումը զօրաւոր էր եւ ունէր իր արժէքը, որուն շնորհիւ կը ճանչցուէր իւրաքանչիւր մարդ:

Հետաքրքրական է նշել, որ երբ երիտասարդ տղամարդիկ գաւառներէն Պոլիս կամ այլ քաղաքներ ու երկիրներ կ՛երթային, իրենց ընտանիքը գիւղը կը պահէին, ան համոզումով, որ իրենք ալ օր մը պիտի վերադառնան:

Ինքնամփոփ, պարզ ու նահապետական բարքերով մեր գաւառները ազգապահպանումի միջնաբերդեր էին, ուր կերտուած է մեր բազմապիսի եւ ուրոյն մշակոյթը` բարբառները, բարքերը, սովորութիւնները, բանահիւսութիւնը, երգերն ու պարերը: Առանց հայ գիւղին` կարելի պիտի չըլլար իսկ երեւակայել ազգագրական մեր հարուստ աւանդին մասին:

* * *

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայաթափումը շատ ծանր հարուած հասցուցին հայութեան: Արեւմտահայ գիւղը, իր բնակչութեան մեծամասնութեամբ եւ մշակութային ու ազգագրական հսկայ հարստութեամբ անցաւ պատմութեան:

Այսօր բռնագրաւեալ Հայաստանի մէջ կան իրենց ինքնութիւնը պահած, թաքցուցած, ինչպէս նաեւ իսլամացուած հայեր, սակայն թրքական եւ քրտական հոծ միջավայրի մէջ, առանց դպրոցի, եկեղեցիի եւ հայութենէ կտրուած` անոնք անկարող են պահելու հայ գիւղացիի աւանդական կերպարը, լեզուն եւ մշակոյթը:

Հայ գիւղին անփոխարինելի կորուստը շատ սուղ արժեց հայ ժողովուրդին: Փոխուեցաւ հայութեան դարաւոր ընկերային եւ ընտանեկան կեանքը: Մեծամասնութեամբ գիւղաբնակ մեր ժողովուրդը դարձաւ քաղաքաբնակ, ցրուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն, եւ այսպիսով ծայր տուին բարքերու այլասերումն ու ձուլման վտանգը:

Այսօր, սփիւռքեան պայմաններու մէջ, ունինք փոքր թիւով հայկական գիւղեր: Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասին մէջ, Քեսապ` իր շրջակայ գիւղերով, Լաթաքիոյ լեռները եւ Ճսըր Շուղուրի կողմերը` Ղնեմիէ, Արամօ, Եագուպիէ եւ Գնէյ: Լիբանանի մէջ` Այնճար: Հիւսիսային Իրաքի մէջ` Աւզրուկ եւ Հաւրէզք: Իսկ Իրանի մէջ անցեալին բազմաթիւ հայաբնակ շէն գիւղեր կային Ատրպատականի, Փերիայի եւ Չարմահալի մէջ, որոնք այսօր գրեթէ պարպուած են: Փերիայի եւ Չարմահալի հայերը շահ Աբասի 1604-ի բռնագաղթին ժամանակ հոն հաստատուած էին. ներկայիս զուտ հայաբնակ մնացած է Փերիայի Բոլորան գիւղը եւ մասամբ հայաբնակ` Խոյգան գիւղը:

Սակայն ի՞նչ գիտենք մենք այս գիւղերուն եւ անոնց կեանքին ու պայմաններուն մասին` ընդհանրապէս, երբ քաղաքներու մէջ ամփոփուած, յաճախ կ՛անգիտանանք գիւղաբնակ մեր ազգակիցներու ապրելակերպին բնորոշ գիծերն ու հոգեբանութիւնը:

Պէտք է հասկնալ թէ ինչ է գիւղը, աշխարհագրական, տնտեսական եւ ընկերային ինչպիսի միջավայր մըն է եւ ինչ արժէք կը ներկայացնէ անիկա մարդկային ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս:

Եթէ փորձենք ամէնէն պարզ սահմանումներով ներկայացնել քաղաքն ու գիւղը եւ մատնանշել անոնց հիմնական տարբերութիւնները, կը տեսնենք, որ քաղաքաբնակը արհեստաւոր է, առեւտրական, պաշտօնեայ եւ այլն, իսկ գիւղաբնակը` երկրագործ եւ անասնապահ: Այսինքն գիւղացին կ՛արտադրէ երկրագործական եւ ամէն տեսակ կենսամթերք, իսկ քաղաքացին կը սպառէ զանոնք: Փոխադարձաբար, քաղաքացիին բարիքներէն` արհեստներէն, ճարտարարուեստական արտադրութիւններէն կ՛օգտուի գիւղացին:

Քաղաքային եւ գիւղական կեանքի տարբերութեանց հիմնական կէտերու բնորոշումը կրնանք խտացնել քանի մը կէտերով: Ճարտարարուեստական եւ արդիական կեանքի պայմաններու բերումով` քաղաքացին շատ կ՛աշխատի, օրն ի բուն կը վազվզէ իր օրապահիկը շահելու համար, բայց դարձեալ… բան մը պակաս է տան մէջ, որովհետեւ պահանջները շատ են: Քաղաքին բաղդատմամբ` գիւղական պահանջները համեստ են, աշխատանքը, որքան ալ չարքաշ` անիկա կը սահմանափակուի  որոշ եղանակներով եւ միանուագ չէ:

Գիւղը յատկանշող հիմնական տարրերէն մէկն ալ` բնութեան եւ անոր տարրերուն հետ գիւղացիին մօտիկութիւնն է, ոչ միայն աշխարհագրական, այլ նաեւ` առօրեայ կենցաղի ու աշխատանքի մարզերուն իմաստով:

Ընդունուած խօսք է ըսել որ գիւղին հորիզոնը լայն է, ուրեմն գիւղացիին տեսաշխարհն ու մտքի հորիզոնն ալ լայն են: Արդարեւ, հայ մտքի, գրիչի եւ զէնքի մարդոց մեծ մասը, ինչպէս` աշխարհի մեծ մարդոց մեծ մասը գիւղացիներ եղած են:

Անցեալին հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը գիւղերու մէջ կ՛ապրէր, իսկ այսօր` դժբախտաբար միայն մէկ փոքր հատուածը: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ալ գիւղաբնակները փոքրամասնութիւն են ներկայիս:

* * *

Մեր խօսքը մասնաւորելով սփիւռքահայ գիւղերուն մասին, ի՞նչ է անոնց տեղն ու դերը, եւ ազգագրական, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ինչ արժէք կը ներկայացնեն անոնք:

Իբրեւ քանակ` անոնց ամբողջ բնակչութիւնը կը կազմէ սփիւռքահայութեան թեւին մէկ շատ փոքր համեմատութիւնը, սակայն թուական այս փոքր թեւին հակառակ, այս գիւղերու բնակիչները (բացի հիւսիսային Իրաքի յետեղեռնեան շրջանին կազմաւորուած գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Այնճարէն, ուր փոխադրուեցաւ Մուսա Լերան ժողովուրդը` 1939-ին) բնիկներ են: Անոնք չեն նմանիր սփիւռքահայ գաղութներուն, որոնք կազմաւորուած են յետեղեռնեան շրջանին:

Իբրեւ հայրենի հարազատ հողի բնիկներ եւ հողին կառչած հաւաքականութիւններ, անոնք առաւել եւս պահպանած են ազգային տոհմիկ բարքերը, սովորութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները: Պահպանուած են հայկական դարաւոր ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի գիծերը, հայ գիւղացիի աւանդական կերպարը, Քեսապի եւ Այնճարի պարագային` նաեւ յատուկ բարբառը, թէեւ Լաթաքիոյ եւ Ճըսր Շուղուրի շրջանի հայ գիւղերը, դարեր շարունակ հայկական իրականութենէն կտրուած եւ մեկուսացած, արաբներու հետ տեւական դրացնութեան եւ շփման բերումով մեծ մասամբ կորսնցուցած են իրենց լեզուն եւ արաբախօս դարձած են, սակայն մնացած են հայ, շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ իրենց պատկանելիութեան: Հետագային, Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի ջանքերով վերակառուցուած եկեղեցիներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ Օգնութեան խաչի կազմակերպած բանակումներուն շնորհիւ Ղնեմիէի, Արամոյի թէ Եագուպիէի մէջ զգալի դարձաւ ազգային զարթօնք մը:

Տնտեսական գետնի վրայ, այս գիւղերու բնակիչները սփիւռքահայութեան մէջ միակն են, որոնք կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ: Կը մշակեն պտուղներ, յատկապէս` խնձոր, խաղող, դեղձ, ձիթապտուղ, բանջարեղէն եւ հացահատիկ, մասամբ նաեւ կը զբաղին անասնապահութեամբ: Բարեբախտաբար, անցեալի թշուառութիւնը, խեղճութիւնը վերջ գտած եւ պատմութեան անցած են: Սուրիոյ հայ գիւղերը, ինքնաշարժի ճամբաներու շինութեան, ելեկտրականութեան հաստատման եւ քաղաքներու հետ առօրեայ յարաբերութեանց պատճառով փոխուեցան այնքան, որքան չէին փոխուած իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

* * *

Սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ բան մը պակաս է: Քաղաքներու նեղ հորիզոնին մէջ, չունինք հնարաւորութիւնը տեսնելու, զգալու ու խօսելու, գրելու կեանքի միւս` աւելի հարազատ` բնութեան, հողին, գիւղին, գիւղացիին ու նահապետական կեանքին մասին: Այսօր չունինք գիւղագիրներ: Չունինք Համաստեղ մը` Տափան Մարգարներու ու Փիլիկ աղբարներու կերպարը ներկայացնող. չունինք Թլկատինցի մը` գիւղին կեանքը պատկերող. չունինք Սիամանթօ մը` «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» երգող. չունինք Վարուժան մը` «Հացին երգը» երգող: Այսօր ո՞վ պիտի երգէ ցորենի հասկերու առատութիւնը, ոսկեփոշի կալերուն  գեղեցկութիւնը, կալ ու կուտի, այգեկութքի աշխատանքը, սէգ ու զմրուխտ սարերը: Արձանագրենք նաեւ, որ գիւղն է բնօրրանը հում երգին, երաժշտութեան, պարին եւ արուեստի այլ մարզերուն:

Այսօր, քաղաքակրթութիւնը արագօրէն կը թափանցէ հայ գիւղերէն ներս, ի հեճուկս տոհմիկին, հարազատին եւ հում բիւրեղին: Հայ գիւղը ֆիզիքապէս եւ ըստ էութեան մօտեցած է քաղաքին եւ որդեգրած անոր յատկութիւնները: Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող քիչէն ալ բան մը սկսած է կորսուիլ եւ պատմութեան անցնիլ:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ