ՏՈՔԹ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Պոլիս եղած է հայ մամուլի եւ արեւմտահայ քաղաքական ու մշակութային կեանքի գլխաւոր կեդրոններէն մին: Պոլսահայ մամուլը, որպէս քանակ ու թէ որակ, բացառիկ ու շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Պոլսոյ առաջին հայ թերթը եղած է «Լրոյ Գիր Մեծի Տէրութեան Օսմանեան» շաբաթաթերթը, որ լոյս տեսած է 1832-1850ին Գէորգ Գրիգորեանի խմբագրութեամբ, որը առաջին թրքահայ խմբագիր կը նկատուի: Այս շաբաթաթերթը հրատարակուած է որպէս հայերէն տարբերակը «Թագվիմի Վագայի» անունով օսմանեան պաշտօնաթերթին:
Ցաւօք սիրտի, վերջին 40-50 տարիներուն պոլսահայութիւնը ապրեցաւ արտագաղթեր, իսկ պոլսահայ մշակոյթը՝ նահանջ, անկում, մաշում, ներքին ու արտաքին ծանր դժուարութիւններ եւ բնակչութեան նօսրացում:
Ներկայիս, պոլսահայութիւնը թէեւ ընկերային ու համայնքային կեանքէն ներս ունի կառոյցներ, համայնքային հաստատութիւններ, երգչախումբեր, պարախումբ, թատերախումբ, ակումբներ, սանուց միութիւններ, սակայն ի բացառեալ անոնցմէ մի քանիները, անոնցմէ շատերը սպասուած ձեւով գործօն կամ արդիւնաբեր գործունէութիւն չեն կրնար ծաւալեր, ինչպէս որ անցեալին կը ծաւալէին:
Ներկայիս պոլսահայութիւնը ունի հայատառ մամուլ, երեք օրաթերթերով, պարբերաթերթերով սակայն չունին մեծ թիւով ընթերցողներ, ինչպէս անցեալին ունէին։ Ներկայ պոլսահայութեան լայն խաւ մը անտարբեր է իր մշակոյթին, մայրենի լեզուին, հայ թերթին նկատմամբ։
Հոս ի հարկ է շեշտել, թէ պոլսահայութիւնը վերջին տարիներուն ապրեցաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան շրջանի ամենաբարեբաստիկ ու ողջունելի իրադարձութիւնը եւ ունեցաւ «Լոյս» արբանեակային հայերէն հեռուստատեսիլի կայանը:
Ներկայիս, պոլսահայութիւնը ունի նաեւ քիչ թիւով հայ արուեստագէտներ, մշակոյթի, գրականութեան, բանաստեղծութեան, գիտութեան, մտաւորականութեան գործօն դէմքեր ու մշակներ, սակայն, ցաւօք սիրտի, անոնց թիւը օրէ օր կը պակսին:
Պոլսահայ տպագրութեան կեանքը ներկայիս ունի գործօն «Արաս» հրատարակչութեան տունը, որ կը հրատարակէ գիրքեր, անցեալի հայ բանաստեղծներու, գրողներու գործերը հայերէնով ու թրքերէնով:
Պոլսահայութեան ուրիշ մէկ հարցն ալ, խառն ամուսնութիւններն ու հայ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան ոչ-հայախօս ըլլալն է, որ, ըստ իս, ծնունդ կ՛առնէ «Ընտանիք֊Դպրոց-Եկեղեցի֊-Ակումբ»ի օղակներու թուլացումէն եւ հայերէն դասաւանդող մասնագէտ դասատուներու պակասէն:
Ստեղծուած քաղաքական լարուած դրութիւնը, միջազգային տնտեսական անկումը, ընկերային հարցերը, մամուլի ազատութեան սահմանափակումը, հայերէնի նկատմամբ անտարբերութիւնը, հայ ժողովրդի լայն խաւի մը ընթերցումի փափաքին պակասը, հայ մամուլի զարգացման առջեւ լուրջ խնդիրներ բերաւ, որ այս խնդիրներուն հետեւանքով, բազմաթիւ հայ թերթեր ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան կամ իրենց հրատարակութեան քանակը նուազեցնել եւ կամ թէ իրենց հրատարակութեան վերջ տալ։ Այսպէսով, հայ մամուլը ենթարկուեցաւ նահանջի եւ ապրեցաւ ճգնաժամային շրջաններ:
Իսկ աւելի վերջերը, համացանցի դրութիւնը, ելեկտրական թերթերու հրատարակութիւնները ժխտական ազդեցութիւն ունեցան տպագիր մամուլի զարգացման վրայ, հետեւաբար, շատ մը թերթեր ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան իրենց տպագրական հրատարակութեան կեանքի վերջ տալ: Մի քանի թերթեր ու պարբերաթերթեր այս կացութիւնէն ազդուելով իրենց տպաքանակը նուազեցուցին։
Այսօր, օրը օրին, զանազան պատճառներով հետզհետէ կը պակսին հայ թերթին ընթերցողները, հետեւաբար, ի մասնաւորին Սփիւռքի հայ կեանքի մէջ հայ թերթ եւ կամ պարբերաթերթ մը ապրեցնելը գրեթէ մեծ հրաշք մըն է:
Պէտք չէ մոռնանք, որ հայ մամուլը շատ կարեւոր դեր կատարած է հայ մշակոյթի, միտքի, հասարակական, քաղաքական զարգացման ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքները հայ կեանքի մէջ տարածելու գործընթացքին։
Հայ տունին ամենամտերիմ ու անկեղծ ընկերը հայ թերթն է, որը կը կարօտի հայուն գուրգուրանքին:
Ներկայիս, հակառակ բոլոր ժխտական ու սահմանափակ պայմաններուն, կան նաեւ հայ թերթի կեդրոններ ,որոնք Մեսրոպեան ջահը վառ պահել ջանալով կը շարունակեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը: Այս կեդրոններէն պոլսահայ մամուլը ներկայիս ունի երկու օրաթերթեր՝ «Մարմարա» եւ «Ժամանակ», երկու շաբաթաթերթեր՝ «Ակօս» եւ «Լոյս» ,երկու ամսաթերթեր՝ «Սուրբ Փրկիչ» եւ «Փարոս», ինչպէս նաեւ «Լոյս Թի․Վի․» (Luys TV) հեռուստատեսի հայերէն կայարան, որոնք պոլսահայ աշխարհէն ներս կը բերեն հայ գիրը ու գրականութիւնը, հայ կեանքի ու աշխարհի լուրերը:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ հայ լրագրողները, հայ մամուլի օրկանները, աշխատակից ու գործակիցները, մաղթելով խօսքի ու մտքի ազատութիւն եւ իրենց մասնագիտական ասպարէզին մէջ ստեղծագործական եռանդ ու նոր մտայղացումներ:
Այս բոլորը եւ նմանաձեւ շարք մը պատճառներ, մէկը միւսին վրայ բարդուելով, ծնունդ կու տան հայ համայնքային կեանքի մէջ դժուարութիւններու, նեղութիւններու, խնդիրներու եւ նաեւ նահանջի, որոնցմէ իր բաժինն ալ նաեւ հայ մամուլը։
Ըստ իս, հայ թերթերու ընթերցողներու պակսելու հարցի լուծման ու ընթերցողներու աճին վերաբերեալ կարելի է հետեւեալ առաջարկներ ընել․
Ա․ Հայ դպրոցներու մէջ հայ թերթեր օգտագործել որպէս դասագիրքերու օգնական․
Բ․ Հայ թերթերու միջեւ հասարակութեան հետ կապի յանձնախումբ մը հաստատել․
Գ․ Հայ թերթերու մատակարարման համար հիմնադրամ մը կազմել
Դ․ Իւրաքանչիւր հայ ազգային-համայնքային հաստատութեան, ներառեալ թաղային խորհուրդներու անդամները, հայ թերթերու բաժանորդ արձանագրելու համոզել։
Ե․ Հայ թերթերու մէջ, հայ ազգային-համայնքային հաստատութիւններու շրջաբերականները որպէս գովազդ մատչելի գինով հրատարակել, որպէսզի անոնք ելեկտրական-ընկերային ցանցերու մէջ չհրատարակուին։
Ըստ իս, ընդհանուր առմամբ արեւմտահայերէնի բարելաւման համար ու հարցերուն լուծման կապակցութեամբ կարելի է նաեւ հետեւեալ առաջարկները ընել․
Ա․ Հայ աշակերտները կանուխէն նիւթապէս ու բարոյապէս վարձատրութիւններով, մրցանակներ տրամադրելով եւ այլ խրախուսիչ միջոցներով քաջալերել, որ մայրենի լեզուի կարեւորութեան գիտակցին․
Բ․ Այն հայ դպրոցի սաներ, որոնք, յառաջիկային հայերէն գրականութեան ու հայ լեզուի մասնագէտ դասատու դառնալ կը փափաքին, որպէս մասնագէտ դասատու պատրաստելու միջոցներ ստեղծել:
Գ․ Եւ անշուշտ, հայ դասատուն նիւթապէս լաւ վարձատրել:
Ցաւօք սիրտի, պոլսահայ մշակութային կեանքի ապագային վերաբերեալ լաւատես չեմ, քանի որ, անիկա արդէն դադրած է հայ աշխարհի մշակոյթի կեդրոն ըլլալէ եւ արագօրէն կը հեռանայ իր անցեալէն:
Պոլսահայութիւնը իր անցեալին մէջ սփիւռք չէ եղած, սակայն, երբ պոլսահայ մշակութային կեանքը մաշիլ կը սկսի եւ ներկայ կեանքի նահանջը կը շարունակէ, պոլսահայութիւնը շուտով կը դառնայ 30-40 հազար բնակչութիւն ունեցող Սփիւռքի հայ գաղութի մը:
Պատմութիւնը մեզի կը վկայէ թէ, այն ազգերը եւ կամ հաւաքականութիւններ, որոնք անցեալէն իրենց թողուած իմաստութիւնը ու բարոյական արժէքները ու ժառանգները յաջորդ սերունդներուն կրնան լաւ փոխանցել, անոնք, իրենց ապագան աւելի դիւրին կրնան կերտել ու գոյատեւումը հաստատել, քան անոնք, որոնք չեն կրցած փոխանցել:
Ժողովուրդին իմաստութիւնը եւ բարոյական արժէքները կը ստեղծէ այդ ազգին «ազգային մշակոյթը», որ ազդելով անհատներու ապրելակերպին ու մտածելակերպին վրայ, կը ձեւաւորէ անհատին ազգային ինքնութիւնը ու ազգային նկարագիրը: Կարելի է ըսել, թէ մշակոյթը ազգի մը անցեալը, պատմութիւնը, ապրելակերպը, աւանդութիւնները, միտքը, ներաշխարհը, զգացումները, ցաւերը եւ քաղաքակրթութիւնը, երջանկութիւնը ցոլացնող ամբողջութեան մը համապատկերն է, այսինքն՝ ազգի մը ամենաթանկագին ու մեծագոյն գանձն է:
Հայոց մշակոյթը շատ հարուստ է իր գանձերով եւ իր ուրոյն տեղը ունի համաշխարհային շրջանակներու մէջ, սակայն նախ, մենք պէտք է մեր սեփական մշակոյթի գանձերը լաւ ու ճիշդ ձեւով արժեւորենք, անոնց արժէքը, իմաստը ու միտքը հասկանանք, որպէսզի այդ գանձերուն տէրը կանգնինք, զանոնք առանց պակասի մեր յաջորդ սերունդներուն կարենանք փոխանցել:
Մենք, իւրաքանչիւրս, մեր մայրենի լեզուին,մեր ազգային ինքնութեան,մեր եկեղեցիին, մեր սեփական մշակոյթին տէր կանգնելու պարտականութիւնը ունինք:
Այն ազգերը եւ կամ հաւաքականութիւնները, որոնք չեն կրնար իրենց մշակոյթին տէրը ըլլալ, անոնք կը դժուարանան իրենց ազգային արմատներուն հետ կապուիլ եւ այդ կապը չեն կրնար յաջորդ սերունդին փոխանցել ու գոյատեւել:
Պատմական հայ ժողովուրդը, անցեալին քաղաքական դժուարին դրութիւններու պատճառներով, օտար ուժեղ կայսրութիւններուն ու պետութիւններուն ազդեցութիւններու ու ճնշումներու ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, միշտ փորձած է իր մշակոյթի անկախութիւնը պահել:
Հայկական մշակոյթը հայ ժողովուրդի ստեղծած նիւթական ու հոգեւոր արժէքներուն ամբողջութիւնն է: Հայոց մշակոյթը հանդէս եկած է դժուար ու ծանր պայմաններով, գտնուած է տարբեր ժողովուրդներու փոխազդեցութիւններու տակ, սակայն մշտապէս պահպանած է իր ուրոյն ինքնութիւնը, ժամանակի հոլովոյթին մէջ զայն զարգացնելով:
Պատմական հանգամանքներու բերումով, հայկական մշակոյթը զարգացած է ոչ միայն իր բուն հայրենիքին մէջ, այլ նաեւ Սփիւռքի մէջ, դարեր շարունակ որպէս հայութիւնը միաւորող եւ անոր ինքնութիւնը պահող կարեւորագոյն նեցուկը հանդիսանալով:




Leave a Reply