Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ արագացած են սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ աշխատանքները: Այդ ծիրին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ կարեւոր անցումային կէտերէն մէկուն մէջ` Ալիջանի սահմանային անցակէտին մէջ, սկսած են թեքնիք ուսումնասիրութիւններ եւ նախապատրաստական քայլեր: Այս մասին կը գրէ «էրմենիհապեր»-ը:
Հրապարակման համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նպաստած է շրջանային կարգաւորման հոլովոյթին, որուն գործնական քայլերէն մէկը դարձած է անցեալ շաբաթ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան վառելանիւթի մատակարարումը` իբրեւ առաջին առեւտրական նախաձեռնութիւն:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու յառաջընթացի պայմաններուն մէջ Ալիջանի անցակէտին մէջ կատարուող աշխատանքներուն նպատակներն են անցակէտը սկզբնական փուլին բանալ բեռնափոխադրումներու համար` Մարգարայի կամուրջին ճամբով, իսկ հետագային` նաեւ ճաբորդներու փոխադրումներու համար:
Կը նշուի, որ ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի Ալիջանի ճամբով լրացուցիչ շինարարութիւն` զայն միացնելով Քարաքոյունլու շրջանի խաչմերուկին եւ «Զանգեզուրի ճամբուն», ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ բարելաւել Իգդիրի ուղղութեամբ կապը եւ բարձրացնել շրջանային առեւտուրի եւ գումակային կարելիութիւնները:
Այդ նպատակով Ալիջանի անցակէտին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած են Իգդիրի նահանգապետ Էրճան Քէօքրը, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան գումակային աշխատանքներու ընդհանուր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար գնդապետ-զօրավար Ահմեթ Համտի Աթաչը եւ շարք մը պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Սահմանային գօտիին մէջ քննարկուած են թեքնիք ենթակառոյցներու բարելաւման, գործող չափորոշիչներու բարձրացման եւ գումակային կարողութիւններու ամրապնդման հարցերը:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply