Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը չþուզեր անգամ մը եւս քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն դէմ զինուորական քայլի դիմել, սակայն զգուշացուց, որ համարկումի համաձայնութեան գործադրութեան ուշացման պատճառով առնչակից կողմերուն համբերութիւնը սկսած է սպառիլ։ Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»-ը։
«Կը յուսանք միայն, թէ հարցերը երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ խաղաղ ճամբով յառաջ կþընթանան։ Չենք ուզեր անգամ մը եւս զինուորական միջոցներու դիմելու կարիք տեսնել, սակայն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պէտք է գիտակցին, թէ առնչակից գործօն կողմերու համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ», նշեց Ֆիտան։
www.aztagdailoy.com




Leave a Reply