Պայքար հայրենի հողի համար

Իրենց հայրենի երկրի պապենական հողերուն համար օրինական պայքարը տանողը Վարդօ գերդաստանի առաջնորդ Սիյապենտ Եաղպասանն էր, որ մեզի աւելի ծանօթ է Հրանդ Տինքի այրին Ռաքէլ Տինքի հայրը ըլլալով։

15 Դեկտեմբեր երկուշաբթի օր Շրնաքի մէջ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ դատական ստուգում, աւելի քան 60 տարիներէ ի վեր շարունակուող տարակարծութեան համար։ Սիլոփիի հայոց Վարդօ ցեղախումբը 1970-ական տարեթիւերուն հարկադրուեցան իրենց բնօրրանը լքելով Պոլիս հաստատուիլ։ Այդ թուականէն ետք հարեւան գիւղերու բնակիչները փորձեցին գրաւել լքեալ տարածքը։

Իրենց հայրենի երկրի պապենական հողերուն համար օրինական պայքարը տանողը Վարդօ գերդաստանի առաջնորդ Սիյապենտ Եաղպասանն էր, որ մեզի աւելի ծանօթ է Հրանդ Տինքի այրին Ռաքէլ Տինքի հայրը ըլլալով։

Արդարեւ երկուշաբթի օրուայ ստուգման ներկայ գտնուեցան Ռաքէլ Տինք, եղբայրները Սեւան, Միքայէլ, Բենիամին եւ Փանոս Եաղպասանը՝ որդին Արատ Տինք եւ իրենց իրաւապաշտպանը Հաքիմ Թանըշ։

Դատական գործողութիւնները կ՚երկարին մինչեւ 1960-ականներ, ուր մինչեւ օրս իրարու հակասող զանազան վճիռներ արձակուեցան։

Ընտանիքի նահապետ Սիյապենտ 2004-ի իր մահէն առաջ որդիներուն կտակած էր այս դատավարութիւնը շարունակել մինչեւ որ վերատիրանան իրենց արդար իրաւունքին։

Վերջին ստուգման պահուն տեղացի զանազան գիւղապետեր իրենց վկայութիւնը բերած են Եոլաղզը գիւղի եւ Կարիա շրջակայքի հայապատկան ըլլալուն բերմամբ։ Սոյն հողատարածքը մշակման դաշտերէ եւ արօտավայրերէ կը բաղկանայ։ Նշենք որ քրտական ապստամբութեան թէժ տարիներուն այդ շրջակայքի բնակավայրերը ամայացած էին բանկայիններու միջամտութեամբ։ Աւելի ուշ վերադարձի փորձերով տարածքը դարձեալ արժէք ստացած է։

Դատական ստուգման այս այցելութիւնը առիթ համարելով Ռաքէլ Տինք եւ իր եղբայրները այցելած են իրենց մօր Տելալի շիրիմը եւ բուռ մը հող վերցուցած հազարաւոր Քմ. Հեռաւորութեան վրայ ննջող Սիյապենտի շիրիմին խառնելու համար։

https://www.agos.com.tr/am/news/bahkar-hahryni-hvghi-hamar-38886

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ