Պոլսահայ միութիւնը հիւրընկալեց գրագէտ եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատը

ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ

Երբ երազը ընդլայնի, անջրպետը կը լայննայ եւ աստղերը նպատակակէտը կ՛ըլլան, եւ երբ մօտենաք նպատակակէտին՝ տեսլականը աւելի կը յստականայ եւ նպատակն ալ իմաստ կ՛ունենայ:

Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը հիւրընկալեց գրագէտ եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատը, միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ, մօտաւորապէս 70 հիւրերու ներկայութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան հոգաբարձու եւ Մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ Կարպիս Սարաֆեան, որ Հոգաբարձութեան, Գործադիր, Մշակութային եւ Տիկնանց յանձնախումբերուn անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին:

Ներկաները համտեսեցին Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համադամ աղանդերները եւ ճաշերը:

Ապա Սարաֆեան հրաւիրեց օրուան հիւրը՝ Հայկօ Պաղտատը, որպէսզի խօսի իր ազգային երազին, նպատակակէտին եւ տեսլականին մասին, ներկաներուն պատմելով իր կեանքի ճանապարհորդութենէն զանազան յուշեր:

Հայկօ Պաղտատ ծնած է Պոլիս, 1976ին: Ան յաճախած է Էսաեան վարժարանը եւ Մխիթարեան լիսէն, իսկ հետագային՝ Պոլսոյ համալսարանը։ Ան լրագրողական իր գործունէութիւնը սկսած է 2002ին, երբ ան պատրաստեց եւ ներկայացուց Sozde Kalanlar («Մնացուկները») ձայնասփիւռի յայտագիրը՝ կեդրոնանալով Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հարերուն վրայ։ Յաջորդ տարի ան սկսաւ գրել «Մարմարա» հայկական թերթին, ինչպէս նաեւ տեղական «Թարաֆ» ազատական օրաթերթին մէջ։ Ան նաեւ քաղաքացիական հանրութեան «Հրանդ Տինքի ընկերներ» նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն է, որ հիմնուած է 2007ին՝ լրագրողի եւ ազատ խօսքի ջատագովին սպանութենէն ետք։

2017ին, թուրք լրագրող Ճան Տիւնտարի հետ հիմնադրած է Ozguruz («Ազատութիւն») լրատուական կայքը՝ Թուրքիոյ մէջ գրաքննուած հարցերու վերաբերեալ անկողմնակալ լուսաբանութիւն ապահովելու նպատակով։

Հայկօ Պաղտատ կը համարուի ձայնասփիւռի առաջին հայ հաղորդավարը, որ Թուրքիա ապրող հայերու մասին հաղորդումներ հեռարձակած է։ Ան ներկայիս կ՛ապրի Թուրքիայէն դուրս՝ «կարգ մը ճնշումներու պատճառով», որոնց մասին ան չուզեց խօսիլ: Պաղտատ յայտարարեց, որ 1955ին, յոյներուն դէմ ուղղուած ջարդերու իրականացումին ձեւը կը կրկնուի այսօր, միայն թէ հիմա հիմնական թիրախը քիւրտերն են:

«Հակառակ անոր որ քիւրտերը մասնակցած են Ցեղասպանութեան իրականացման, սակայն մենք պէտք չէ լռենք անոնց կոտորածին մասին հիմա», ըսաւ եւ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ հայերու ներկայ վիճակին եւ իր փորձառութիւններուն մասին, որոնցմէ շատերը ներկայացուած են իր գիրքերուն մէջ։ Kurtulus Cok Bozuldu (2016), Gollik (2015), Salyangoz (2014):

Ապա հրաւիրուեցաւ միութեան Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Հերման Չէլիքը, որ իր սրտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրին: Ատենապետը յայտնեց նաեւ նորընտիր Երիտասարդաց յանձնախումբի կազմութեան եւ անոր ունենալիք ձեռնարկին մասին՝ ընթացիկ ամսուան 18ին:

Իսկ Հայկօ Պաղտատ շնորհակալութիւն յայտնեց Էսայի Պալճեանին, Հերման Չէլիքին եւ Կարպիս Սարաֆեանին՝ իրեն նեցուկ կանգնած ըլլալնուն համար, ինչպէս նաեւ համեղ ճաշերը պատրաստած Տիկնանց յանձնախումբին:

Ապա հրաւիրուեցան Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեանը, Գործադիր յանձնախումբի նախագահ Հերման Չէլիքը եւ միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ Բարունակ Չէլիքեանը, որպէսզի օրուան հիւրին յանձնեն գնահատագիր մը:

Առնուեցաւ խմբային յիշատակի պատկեր մը, իսկ աւարտին՝ Հայկօ Պաղտատ մակագրեց իր հեղինակած հատորներէն օրինակներ:

https://asbarez.am/archives/494876

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ