Ռուբէն Զարդարեան նշանաւոր եղած է արեւմտահայ գրականութեան մէջ ունեցած իր մեծ նպաստով, սակայն հանրութեան համար գրեթէ անծանօթ էր Զարդարեան կուսակցական-հասարակական գործիչը: Այդ բացը լրացնելու ծառայեց «Վէմ»-ի մատենաշարով լոյս տեսած «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորը` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:
Հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:
Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Հատորը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, ապա խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ հատորի խմբագիր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Երուանդ Փամպուքեան: Այնուհետեւ կատարուեցաւ հատորէն օրինակներու մակագրում:
Ձեռնարկին յաւելեալ մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնանք հետագային:




Leave a Reply