
Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ Իրանը աջակցի «Զանգեզուրի անցուղի»-ն բանալու քայլերուն: Այս մասին բռնագրաւեալ Արցախէն վերադառնալու ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Զանգեզուրի անցուղին ոչ միայն ցամաքային կապ է Ազրպէյճանի համար Նախիջեւանի հետ, այլ նաեւ Թուրքիայէն դէպի թրքական աշխարհ երկարող համարկումի գիծ: Կարճ ժամանակի մէջ այս անցքի բացումը պիտի ամրապնդէ նաեւ Կովկասի փոխադրութեան եւ ուժանիւթային ենթակառոյցները:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր դրացի Իրանը աջակցի այս քայլերուն, որոնք պիտի ծառայեն մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան, հանգստութեան եւ զարգացման: Իրականութեան մէջ, մենք պիտի փափաքէինք, որ անոնք օգուտ քաղեն այս երկկողմանի շահող մթնոլորտէն: Կատարուած իւրաքանչիւր քայլ, բացուած իւրաքանչիւր դուռ ու միջանցք տնտեսական շահ պիտի ապահովէ եւ ժամանակի ընթացքին երկիրները իրարու մօտեցնէ», ըսած է Էրտողան:
«Ուրախ ենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը արդէն հորիզոնի վրայ է», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Ուշադիր կը հետեւինք այս հոլովոյթին: Մենք նոյնպէս անհրաժեշտ ներդրում կը կատարենք եւ պատրաստ ենք ատիկա հետագային ընելու: Խաղաղութիւնը արժէքաւոր պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ մեր երկրին համար», ըսած է ան:
«Թուրքիան զգուշաւոր կարգաւորման հոլովոյթ կը կատարէ Հայաստանի հետ: Երբ թէ՛ խաղաղութիւնը, թէ՛ կարգաւորումը ձեռք բերուած ըլլան, մենք պիտի տեսնենք, որ մեր երկիրները ատկէ կը շահին: Այսինքն` այս հարցին մէջ նուազագոյն մտահոգութիւն չկայ», յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:
Leave a Reply