Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան 1966-ի պահանջատիրական յուշագիրը եւ «Ազդակ»-ի անդրադարձը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

1965-ին Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումն ու գաղութէ գաղութ, մինչեւ հայրենիք ոգեկոչումներու յախուռն եւ համարձակ բնոյթ ստանալը յիրաւի անկիւնադարձ հանդիսացան ժամանակակից Հայոց պատմութեան մէջ: Այդ թուականէն ետք Հայկական հարցի վերարժեւորումը կատարուեցաւ, եւ Ցեղասպանութեան յիշատակումը պարզ սգատօնէն վերածուեցաւ պահանջատիրական աքթի: Հայկական պահանջատիրութիւնն էր, որ թափ կը հաւաքէր սկսեալ խորհրդային տիրապետութեան տակ գտնուող մայր հայրենիք Հայաստանէն, ուր առաջին անգամ ըլլալով «Մեր հողերը» բացագանչութիւնը կը լսուէր: Այդ բացագանչութեան եւ անոր արձագանգներուն հետ զուգահեռ կ՛ընթանային խորհրդահայ իրականութեան մէջ 1960-ական թուականներու երկրորդ կէսերէն յառաջացած այլախոհական շարժումները, որոնք հետագայ տասնամեակներուն, յաւելեալ ձեւ ստանալով, ի վերջոյ յանգեցուցին 1988-ի ազգային մեծ վերազարթնումին եւ ապա` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման:

Սփիւռքի մէջ եւս Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք պահանջատիրական պայքարի վերասլաց թափը ինքզինք զգալի կը դարձնէր, բայց պահանջատիրական այդ մէկը պահպանելու եւ զայն առջեւ տանելու, ցեղասպան Թուրքիայէն ճանաչում եւ հատուցում ապահովելու, միաժամանակ` ասոր զուգահեռ, Հայաստանի անկախութիւնն ու ազատութիւնը վերականգնելու համար անհրաժեշտ էր պայքարին հաղորդել քաղաքական բովանդակութիւն: Պահանջատիրական պայքարին քաղաքական բովանդակութիւն հաղորդելը, զայն միջազգայնացնելը, թրքական հասարակական կարծիքին մէջ անոր մասին լայնօրէն խօսիլ տալը ուրիշ մէկը չէր կրնար ընել, քան Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան անունով խօսող կառոյցները, այս պարագային` Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք քանի մը տասնամեակներ շարունակ վտարանդի կարգավիճակով շարունակեց բարձրաձայնել Հայաստանի անկախութեան եւ պատմական արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին: Այս առումով ալ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն անմիջապէս ետք Հայ դատը միջազգայնացնելու առումով բացառիկ դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան պատրաստած պատմական յուշագիրը, որ 1966 թուականին յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ երկիրներու համապատասխան կառոյցներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան 1966-ի յուշագիրի յանձնումներուն եւ անոնց արձագանգներուն օրին բաւական շատ անդրադարձած է «Ազդակ» պարզ լրատուութիւններու, վերլուծումներու եւ խմբագրականներու միջոցով: «Ազդակ» առաջին անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան այս պատմակշիռ յուշագիրին կ՛անդրադառնայ իր հինգշաբթի, 10 մարտ 1966-ի թիւով: Իր լուրը քաղելով «Հայրենիք»-ի 5 մարտի թիւէն, «Ազդակ» կը տեղեկացնէ, որ 1 մարտ 1966-ին, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, Անդրանիկ Վարժապետեան, Արամ Գալուստեան եւ Մարկոս Քէշիշեան պաշտօնապէս ներկայացած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու գրասենեակի տնօրէն Ռոճըր Փ. Տէյվիսին, Ուաշինկթընի մէջ, եւ կատարած են յանձնումը յուշագիրին, որ հանգամանօրէն եւ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ Հայ դատի պատմական, քաղաքական եւ հողային բնոյթը, կը պահանջէ արդար լուծումը այդ Դատին, մէկ կողմէ ընթացք տուած ըլլալու համար հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, իսկ միւս կողմէ` ապահովելու համար տեւական խաղաղութիւն մը Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհագրական գօտիին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան երեք ներկայացուցիչները այս առիթով արժանացած են աւելի քան կէս ժամուան ունկնդրութեան մը, որուն ընթացքին տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան առանձնապէս պարզած է Հայոց քաղաքական դատին ու պահանջներուն առնչուող կէտեր: Ռոճըր Փ. Տէյվիս եւ իր փոխանորդը` Քինսոլվինկ, ջերմ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են թէ՛ հայկական պահանջներուն, եւ թէ առհասարակ հայ ժողովուրդի այդ ժամանակուան կեանքին վերաբերող կարգ մը խնդիրներու նկատմամբ եւ ստացած են համապատասխան անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

«Ազդակ»-ի շաբաթ, 19 մարտ 1966-ի թիւը էջադրումի իմաստով իւրայատուկ ձեւաւորում ունի: Թերթի առաջին էջի ճակատային մասի ամէնէն վերի ամբողջ բաժինը խորագրուած է հետեւեալ ձեւով. «Հայկական դատը Միացեալ ազգերու առջեւ»: «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը յուշագիր մը յանձնեց երէկ ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի» ենթախորագիրին ներքեւ «Ազդակ», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով խումբ մը անձնաւորութիւններ խնդրած են ՄԱԿ-ի օգնութիւնը` վերահաստատելու համար անկախութիւնը հայ ժողովուրդին, «կալանաւոր ազգ մը Խորհրդային Միութեան մէջ»: ՄԱԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին ուղղուած յուշագիրին մէջ պատուիրակութիւնը կը յիշեցնէ 1920-ի Սեւրի դաշնագիրը: Փաստաթուղթը կ՛ամբաստանէ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միացեալ ուժերը, թէ բռնաբարած են դաշնագիրը եւ իրարու միջեւ բաժնուած Հայաստանը: Յուշագիրը կը պահանջէ, որ ՄԱԿ-ը քննէ Հայկական հարցը` Սեւրի դաշնագիրին տրամադրութեանց համաձայն:

Իր չորեքշաբթի, 23 մարտի թիւով «Ազդակ» առաջին էջով ամբողջութեամբ հրատարակած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին յանձնուած յուշագիրին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մամուլին յղած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ի միջի այլոց նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Հայկական հարցի մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի ներկայացուցին յուշագիր մը, ուր կը նշուի անկախ Հայաստանի կառավարութեան վերահաստատման պատմական ու օրինական հիմը: Յուշագիրին մէջ (անոնք) կը պահանջեն, որ Հայկական հարցը պաշտօնապէս քննուի ՄԱԿ-ի մէջ, Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութեանց հիման վրայ, որ ստորագրուած է 1920-ին, մէկ կողմէ` Թուրքիոյ կառավարութեան, եւ միւս կողմէ` դաշնակից պետութեանց եւ Հայաստանի պատուիրակութեանց ձեռքով, եւ որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը, Ուիլսընեան սահմաններու շրջագիծին մէջ, զոր դաշնադիր կողմերը յանձն առած էին ընդունիլ»: Այնուհետեւ հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ. «1920-ին, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդիմութեան եւ բողոքին, համայնավար Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ զինուորական ուժերը միասնաբար բռնաբարեցին Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սեղմուած 11 հազար քառ. մղոնի մէջ, ինկաւ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ, իսկ Ուիլսընեան Հայաստանի տարածութեան մնացեալ մասը ապօրէն կերպով գրաւուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Հայկական հարցի այս միակողմանի լուծումը երբեք ընդունած չըլլալով, այս յուշագիրին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ին, որ պարտադրէ Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւնները եւ վերականգնէ 2500 տարուան անցեալ ունեցող ժողովուրդի մը անկախութիւնը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յուշագիրի յանձնումէն կարճ ժամանակ ետք թրքական մամուլը կը սկսի վայնասուն բարձրացնել յուշագիրի բովանդակութեան եւ անոր յանձնումի շարժառիթներուն վերաբերեալ: «Ազդակ»-ի այդ օրերու թիւերուն մէջ ամփոփ կէտերու մէջ կայ հանգամանալից լրատուութիւն թրքական մամուլի թունոտ անդրադարձներուն վերաբերեալ: Այսպէս, իր ուրբաթ, 25 մարտ 1966-ի թիւին մէջ, «Ազդակ» թրքական մամուլի անդրադարձին վերաբերող լուրը խորագրած է հետեւեալ ձեւով. «Հայկական դատի արծարծման առթիւ` թուրք մամուլը խռովքի մատնուած է»: «Ազդակ» կը գրէ, որ թրքական մամուլը, հարազատ թարգմանը հանդիսանալով թուրք վարիչներու մտայնութեան, անհանգիստ վիճակ մը պարզած է: «Հայերը ՄԱԿ-ին դիմեցին. թուրք հողերուն վրայ կ՛ուզեն Հայաստան հիմնել» զոյգ խորագիրներու տակ «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ յուշագիրի յանձնումի լուրը` հրապարակելով նաեւ քարտէս մը` «Մեծ Հայաստան» անունով: «Աքշամ» երեք սիւնակի վրայ հրատարակած քարտէսին տակ գրած է. «Հայերու կողմէ ցրուած վերի քարտէսին մէջ կը տեսնուի, թէ (անոնք) ինչպէ՛ս կ՛ուզեն բաժնել Թուրքիան: Ճերմակ մասերը ցոյց կու տան այն հողերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի կողմէ սահմանուած են հայերուն` ենթադրեալ հայկական պետութեան համար»: Յուշագիրին գծով Անգարայի պաշտօնական հակազդեցութիւնը եղած է բաւական խիստ: Նոյն լուրին մէջ յատուկ ենթախորագիրով «Ազդակ» կը նշէ, որ Անգարայի քաղաքական շրջանակները «ծիծաղելի» որակած են չորս հայերու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի կատարած դիմումը` թրքական եւ ռուսական հողերուն վրայ հայկական պետութիւն մը հիմնելու մասին: Թուրքիոյ արտաքին գործավարութեան բանբեր Օքթայ Իշչեն շեշտելով, որ այս մասին լրատու գործակալութեանց լրատուութիւններուն մէջ կարդացած է, ըսած է. «Ամէն ոք իր ուզած խնդիրին մասին կրնայ դիմել Ու Թանին: Ասոնց պէտք եղած ատենը պէտք եղած պատասխանը կարելի է տալ»:

Հայ դատի այսքան մեծ թափով արծարծման առիթով «Ազդակ» իր հինգշաբթի, 31 մարտ 1966-ի թիւին մէջ հրապարակած է «Զօրաշարժ» խորագիրով խմբագրական մը, ուր ի միջի այլոց կը կարդանք հետեւեալը. «Ծանր պատասխանատուութիւն մը կը ծանրանայ մեր ուսերուն, անհատապէս թէ հաւաքաբար, պատմութեա՛ն առջեւ, գալիք սերունդներո՛ւն առջեւ, մեր խղճին ու ցեղային գիտակցութեան առջեւ:

«Անհրաժեշտ է, որ ազգովին գտնուինք մեր դերին ու կոչումին բարձրութեան վրայ: Անհրաժեշտ է, որ բազմապատկենք մեր ճիգերը, համադրենք մեր ջանքերը եւ արժանաւորութեամբ ու բոլորանուէր հաւատքով նետուինք այն անհաւասար գօտեմարտին մէջ, որ կը բացուի միջազգային-քաղաքական կեանքին մէջ, Հայ դատի իրականացման ի խնդիր:

«Անհրաժեշտ է, որ զօրաշարժի ենթարկենք մեր բարոյական, նիւթական, մտաւորական ու գործնական հնարաւոր բոլոր միջոցները: Պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր շարքերը, ամէն տեղ եւ ամէն առիթով պէտք է ջանանք դրական ազդեցութիւն բանեցնել միջազգային հանրային կարծիքին ու քաղաքական շրջանակներուն վրայ` Հայ դատին ի նպաստ:

«Վերջին հաշիւով, մեր գերագոյն նպատակը, մեր գոյութեան միակ իմաստը, հարցերո՛ւն հարցը Հայ դատն է: Եթէ թերանանք Հայ դատին հանդէպ մեր նուիրական պարտականութեան մէջ, զուր անցած եւ յումպէտս վատնուած պիտի ըլլան մեր ազգային գերագոյն ճիգերն ու զոհաբերութիւնները` վերջին երկար ու ձիգ հարիւրամեակին ընթացքին»:

Շաբաթ, 14 մայիս 1966-ին «Ազդակ» լոյս տեսած է յատուկ ձեւաչափով: Մինչ այդ չորս էջերով հրատարակուող թերթը այդ օր լոյս տեսած է ութ էջերով, որոնց երկրորդ, երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ էջերուն վրայ հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցած յուշագիրը ամբողջութեամբ: Առաջին էջով կայ յատուկ խմբագրական` «Քաղաքական աքթը» խորագիրով: Այս խմբագրականին մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.

«Վերջին տասնամեակներու մեր տարեգրութեան մէջ, միջազգային կազմակերպութեան մը խողովակով, առաջին անգամն է, որ քաղաքական աքթ մը կը գործուի հայութեան անունով:

«Փաստական այս արարքը ինքնին կարեւոր նշանակութիւն ունի. կարեւոր` ա՛յն իմաստով, որ Հայ դատը իրողապէս մուտք գործեց ՄԱԿ-ի կենդանի թղթածրարներուն մէջ, ուր իր օրինական ներկայութիւնը կը պահէ առկախ եւ լուծելի հարցերու շարքին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան առած այս քայլը, անկախաբար փաստական իր կարեւորութենէն, քաղաքական առանձին նշանակութիւն ունի: Եւ ամէնէն աւելի հո՛ս պէտք է փնտռել անոր արժէքն ու իմաստը»:

Երբ այս նիւթը պատրաստելու աշխատանքին կը ձեռնարկէինք եւ «Ազդակ»-ի 1966-ի ժողովածուներէն նիւթեր կը հաւաքէինք, մտածում մը տիրական դարձաւ մեր մօտ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ 1966-ին, 1920-ին Հայաստանի անկախութեան անկումէն եւ երկրին խորհրդայնացումէն տասնամեակներ ետք, Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան անունով կառոյց մը գոյութիւն ունեցած է եւ տակաւին շարունակած է պայքարիլ անկախութեան վերականգնման համար: Եւ պատասխանը գտանք «Ազդակ»-ի այն թիւին մէջ, ուր հրապարակուած է յուշագիրին ամբողջական բովանդակութիւնը: Յուշագիրի բովանդակութեան մէջ կայ առանձին ծանօթութեան բաժին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մասին: Անիկա կազմուած է 1918-ին, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ: Անոր առաջին նախագահը եղած է Աւետիս Ահարոնեան, իսկ անդամներ եղած են Համօ Օհանջանեան եւ Միքայէլ Պապաջանեան: Պատուիրակութիւնը 1919-ի յունուարին կ՛անցնի Փարիզ, ուր հայ ժողովուրդի պահանջները կը ներկայացնէ Վերսայի խաղաղութեան խորհրդաժողովին: 10 օգոստոս 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, ճանչցուած իբրեւ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցչութիւն, կը ստորագրէ Սեւրի դաշնագիրը: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը իր պարտականութիւնը կը նկատէ շարունակել պաշտպանել Հայ դատը իր ամբողջութեան մէջ եւ կը ջանայ, միջազգային դաշնագիրներու համապատասխան, իրականացնել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, իր վտարանդի կարգավիճակով, սփիւռքի մէջ տասնամեակներ շարունակ ջատագովը հանդիսացաւ Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարին: Այս փաստը մեծ դաս մը կը փոխանցէ ներկայիս հայ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչներուն, որ, հակառակ Արցախի Հանրապետութեան անկումին եւ Արցախի հայաթափման, Արցախի պետական կառոյցներու գոյութիւնը պահպանուի թէկուզ եւ վտարանդի կարգավիճակով, իբրեւ օրինական ներկայացուցիչները Արցախի ժողովուրդին, որպէսզի այդ կառոյցներուն միջոցով ալ կարելի ըլլայ իրագործել արցախահայութեան արժանավայել վերադարձը իր հայրենի հող:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2025
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ