
Լոյս տեսած է Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան ուսումնարանի աւագ գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Յովսէփեանի «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Կ․Պոլսի «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերում (1918-1920 թթ․)» վերնագիրով մենագրութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։
Գիրքը պատմութեան ուսումնարանին կողմէ հիմնադրուած «Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեան» մատենաշարի 253–րդն է։
Աւելի քան 246 էջէ բաղկացած այս աշխատութեան մէջ իբրեւ սկզբնաղբիւրային նիւթ օգտագործուած են Կ․Պոլսոյ «Ճակատամարտ» եւ պոլսահայ շարք մը այլ օրաթերթերու հրապարակումները։
Ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առջեւ ծառացած կարեւոր հիմնախնդիրներուն։
Մեզի համար առաջին անգամ ըլլալով՝ մենագրութեան մէջ ներկայացուած են յիշեալ թերթերու էջերուն մէջ ամփոփուած ու 1918-1920 թթ․ կտրուածքով Հայկական հարցին առնչուող փաստաթուղթեր, գրութիւններ, հրամաններ ու որոշումներ։
Վերլուծութեան ենթարկուած են իւրաքանչիւր պարբերականի շուրջ համախմբուած որոշակի հանրային շերտի կարծիքն ու մօտեցումները հայոց պետական այրերու վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են խորհրդարանի եւ կառավարութեան աշխատանքները, հայ-վրացական եւ թուրք-հայկական պատերազմները, Միլլի շարժումը, Սեւրի դաշնագիրը եւ Մոսկուայի պայմանագիրը, հայ տարագիրներու հանդէպ պետական քաղաքականութիւնը եւ շարք մը այլ խնդիրներ։
Պատմութեան ուսումնարանի գիտխորհուրդի որոշումով տպագրուած եւ իր ունեցած գիտագործնական նշանակութեամբ ուշադրութիւն գրաւող այս գիրքը նախատեսուած է ոչ միայն հայ մամուլի մասնագէտներու, պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու, այլեւ թեմայով հետաքրքրուած ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։
Yerakouyn.com
Leave a Reply