Եթէ Թուրքիա կը փափաքի խաղաղութեան նպաստե, պէտք է ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան իր պատասխանատուութիւնը. ՀՅԴի ներկայացուցիչը՝ Պոլսոյ մէջ

Ընկերվար միջազգայնականի (ԸՄ) ՀՅԴի ներկայացուցիչ եւ ԸՄի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան 23էն 25 մայիսին, Պոլսոյ մէջ մասնակցեցաւ ԸՄի նախագահութեան, Ելեւմտական եւ Կազմակերպական յանձնաժողովներու, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ժողովներուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան առաւել քան 100 երկիրներէ 132 կուսակցութիւններ ընդգրկող կազմակերպութեան վերաբերող հարցեր։

Ժողովներուն հիւրընկալը Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն (CHP) էր։ ԸՄի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերը նախագահեց կազմակերպութեան նախագահ եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ։

Մարիօ Նալպանտեան մասնակցեցաւ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովներուն։  Խորհուրդի 24 Մայիսի նիստի օրակարգի երկրորդ՝ «Բռնութեան եւ բախումներու յաղթահարում. քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը» նիւթի քննարկման ընթացքին, Նալպանտեանի ելոյթի հիմնական մասը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Այս ժողովին ամէնէն շատ հնչած բառերը, հաւանաբար, եղան «խաղաղութիւն»ը, «ժողովրդավարութիւն»ը, «իրաւունք»ը, «մարդկային իրաւունքներ» ը, որոնք, այլ բառերու կողքին, կ՛ամփոփեն այս օրերու ամբողջ մարդկութեան ապրումները։

«Ապրումներ եւ համատարած վախեր՝ երբ կը տեսնենք, որ աշխարհի հզօրները այսօր կը փորձեն օրէնքի փոխարէն ուժի գերակայութիւնը հաստատել ։ Այս ժամանակաշրջանը ես կը կոչեմ յետ-օրինականութեան շրջան, երբ երկրին ներսը օրէնքները կ՛անտեսուին օրուան իշխանութեան օգտին, իսկ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժը կ՛անտեսէ միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ միջազգային կառավարման համակարգի բազմակողմանի կառուցուածքը՝ ձգտելով վերադառնալ կայսրութիւններու եւ հարկատու պետութիւններու նոր դարաշրջանը։

«2023ի վերջին ամիսներուն, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման յատուկ խորհրդական Ալիս Ուայրիմու Նտերիտու, անդրադառնալով 1948ի ՄԱԿի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնութեան՝ ահազանգեց, որ անոր ստորագրութենէն 75 տարիներ ետք՝ այսօր ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ են Միանմարի ռոհինկաները, Եթովպիոյ թիկրայացիները, Սուտանի մասալիթները, Իսրայէլի կողմէ գրաւուած Կազայի պաղեստինցիները, հայերը՝ Արցախի մէջ, որոնց նկատմամբ միջազգային հանրութիւնը պատշաճ արձագանգ չէ ցուցաբերած։

«Արցախի դէպքը շարունակուող ոճիր է։ Հայերը դուրս մղուեցան հազարամեայ իրենց հողերէն՝ Ատրպէյճանի կողմէ, որ կ՛անտեսէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը՝ երաշխաւորելու բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոր արժանապատիւ, ապահով եւ հաւաքական վերադարձը։ Աւելին՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը, Ատրպէյճան կը շարունակէ բանտարկուած պահել հայ գերիները եւ կեղծ մեղադրանքներով կը դատէ զանոնք, ներառեալ՝ Արցախի ղեկավարները, որոնց շարքին է մեր, ձեր ընկեր Դաւիթ Իշխանեան, որուն ծանօթացաք եւ լսեցիք այս կազմակերպութեան 2022ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կ՛ոչնչացնէ հայ ժողովուրդի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ յուշակոթողները։

ԸՄի նախագահութեան նիստէն տեսարան մը

«Այս ժողովին զանազան ելոյթներու ընթացքին հնչեցին Նեթանիահուի, Լուքաշենքոյի եւ Ալիեւի անունները։ Այդ մէկը պատահական չէ, որովհետեւ անոնք իրարու կ՛ամբողջացնեն իրենց կործանարար գործողութիւններով, ներկայացնելով մեր ժամանակներու մռայլ կողմը։

«Այս ժողովին խաղաղութեան մասին խօսքեր եւ մաղթանքներ հնչեցին։ Նոյնիսկ եղաւ ակնարկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնուին խաղաղութեան գործընթացի մէջ՝ գործընթաց մը, որուն վերաբերեալ ունինք անհամաձայնութիւններ եւ հարցականներ, սակայն խաղաղութեան գաղափարին լրջօրէն կը հաւատանք։ Թուրքիա կը հետեւի այդ գործընթացին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ այդ պայմանագիրի ստորագրութեամբ՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Հայաստանի վրայ։ Սակայն, տեղին է յիշեցնել, որ Հայաստան՝ իր վերանկախացումէն ի վեր, 1991էն սկսեալ, միշտ ձգտած է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն Թուրքիա կը մերժէ։ Եթէ Թուրքիա իսկապէս կը փափաքի նպաստել տարածաշրջանին մէջ արդար, տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման՝ պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 1915-1923ի Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ։

«Պարտադրուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար է, ո՛չ ալ՝ կայուն եւ տեւական»։

https://asbarez.am/archives/483290

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2025
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ