Հասան Ճեմալին հարցուցի՝ կ՝ուզէ՞ գիտնալ՝ ի՞նչ եղած է իր մեծ հօր լսած վերջին բառերը․ վրիժառու Արտաշէս Գէորգեանի թոռ՝ Արմէն Գէորգեան

Մայիս 22-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ» գիրքին հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Գիրքին հեղինակը՝ աւստրիացի լրագրող, նախկին դիւանագէտ եւ իրաւաբան Պիրկիդ Քոֆլեր-Պեթշարթն է։ Ան գիրքին մէջ կը ներկայացնէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելու հայ վրիժառուներու գաղտնի առաքելութիւնը։

Շնորհանդէսին ներկայ էին գիրքի հեղինակը անձամբ, թարգմանութեան եւ հրատարակման գործով զբաղուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի ներկայացուցիչները, Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեբօր որդիի Սամուէլ Թեհլիրեանի ծոռնուհին, Ճեմալ Փաշային գնդակահարող Արտաշէս Գէորգեանի թոռը, ինչպէս նաեւ շարք մը քաղաքական եւ հանրային գործիչներ։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․

https://www.youtube.com/watch?v=RuaOT2Rr-aY&t=30s

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ