ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱՏՈՄԻՆ 23 ԱՊՐԻԼԸ

Երկու շաբաթ շարունակ, յարգելի ընթերցող, քալեցինք Պոլսոյ փողոցներէն, մտածկոտ, լուռ: Ներկայ եղանք Զօհրապի, Վարուժանի եւ Սեւակի տուներէն ներս: Առտնին տեսարաններ մեզ յուզեցին: Տիկին Արաքսին, Քլարան եւ Եաննին մայրութեան կը պատրաստուէին, կամ կը դիեցնէին իրենց նորածինները: Անոնք անհատական բնազդով մը ազգատուր՝ կը պաշտպանէին իրենց հայկական բոյնը, նոյնիսկ եթէ – Սեւակի պարագային – ինք ըլլար օտարուհի մը: Այդ օր, հայրերն ալ երկունքի մէջ էին: 23 Ապրիլ, Ուրբաթ օր, մոլեգնօրէն կը ստեղծէին իրենց գլուխգործոցները…։ Իսկ մենք, յարգելի ընթերցող, այս գիշեր, երբ հանգիստ է չորս դին, վերադառնանք քաղաքի հայահոծ թաղամասերը, մեր ոտքը երկիւղածութեամբ դնենք գետին եւ որոնենք Սիամանթոյի հետքերը: Կոմիտա՞սը…։ Ան Էլմատաղի բնակարանին մէջ է: Իր մեծ սեւ դաշնակին վրայ երկու մոմակալ վառած կը մշակէ մէկ այլ գեղջուկ երգ: Աւարտին, վարդապետն ալ պիտի այցելենք եւ հրաժեշտի բարեւ մը պիտի տանք անոր:
Ո՞ՒՐ ԳՏՆԵՄ ԱՏՈՄԸ…
Եփրատի ափին, Ակն գեղատեսիլ գիւղաքաղաքին մէջ սկսաւ Ատոմ Եարճանեանի կեանքին ոդիսականը: Դուք, յարգելի ընթերցող, մի՛ զարմանաք, որ ան քնարական բացառիկ տաղանդ մը ունի։ Նոյն հողէն ծնունդ չե՞ն առած Քուչակները, Արփիարեանները, Մեծարենցները, Չօպանեանները… Այս գիշեր որոշեցի Պոլսոյ Գում-Գաբու հայաշատ եւ յունաշատ թաղամասը երթալ՝ պոլսաբնակ դարձած պատանի Ատոմին հետքերը որոնելու:
ԱՏՈՄԻ ԳՈՒՄ-ԳԱԲՈՒՆ

1892ն է: Գում-Գաբուի փողոցները բազմամարդ են: Թաղին մէջ կը բարձրանան քարաշէն, գեղաքանդակ փարթամ բնակարաններ, Հայոց պատրիարքարանը, աթոռանիստ մայր եկեղեցին, դասական ոճով շինուած յունական վարժարաններ, ակումբներ, ներկայանալի վաճառատուներ, հայատառ, յունատառ եւ ֆրանսատառ բարձրաճաշակ ցուցափեղկեր, հոն մայրեր կամ «եայա»ներ պատշգամէ պատշգամ կը զրուցեն, եւրոպական նորաձեւութիւններուն բծախնդրօրէն հետեւող վայելուչ պարոններ եւ տիկիններ հրապարակի վրայ կը ճեմեն՝ նոյն հաճոյքը վայելող ծանօթներու եւ բարեկամներու բարեւելով: Ամառնային գաղջ իրիկուն է: Ուրախ երգեր կը յորդին գինետուներէ, որոնք օղիի հետ կը մատուցեն Մարմարա ծովու հանապազօրեայ շնորհները: Այդ օրերուն, ջութակահար եւ երգահան Թադէոս էֆէնտին 34 տարեկան էր: Պոսֆորէն մինչեւ Մարմարա կը հնչեն անոր երգերը: Քառասուննոց Քէմէնչէճի Վասիլաքի էֆէնտիի նուագը (Վասիլաքին սիլիվրիցի է, Ռուբէն Սեւակի համագիւղացին) Կալաթայի գռիհներէն կ՛իջնէ ոլոր մոլոր՝ քիչ մը խմած, քիչ մը ծխած, կ՛անցնի Ոսկեղջիւրը, կը մտնէ Աղորա՝ յոյն նաւապետ Աստերի Դուլիդիսի կողմէ Պալաթի մէջ երկու տարի առաջ բացուած այն գինետունը, ուր ձուկերն ու «մէզէ»ները կը սպասարկուին ո՛չ թէ սեղաններու, այլ գինիի մեծ տակառներու վրայ, ապա Վասիլաքիի այդ հեշտալուր եղանակը կը հասնի Գում-Գաբու, ուր «մէրամէթճի» տիկիններ մակոյկներու քով նստած կը նորոգեն ուռկաններ, եւ այդ նաւահանգիստին մէջ է, որ Կոյր Յակոբը 1938 թուականին պիտի բանայ քաղաքի ամէնէն յայտնի ձկնեղէնի գինետուներէն մէկը:

ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՈՂԲԵՐԳԱԿ ՄԸ
Ահա այս կենսունակ եւ կենսուրախ միջավայրին մէջ հասակ կը նետէ պատանի Ատոմը: Տասնչորս տարեկանին կը յաճախէ Միրիճանեան վարժարանը, հայերէնի կողքին՝ յունարէնին, ֆրանսերէնին եւ անգլերէնին ուժ տուած այդ մասնաւոր դպրոցը, որ կը պատրաստուի իր հինգամեակը տօնելու: Բայց, յարգելի ընթերցող, ո՞վ կրնայ մեզի բացատրել, թէ այդ ցնծալից միջավայրին մէջ Ատոմը ինչո՞ւ չեղաւ սիրոյ երգիչ: Այդ պատանին ինչո՞ւ դարձաւ սարսափի երգիչ, իր ազգին վիշտը երգող ողբերգակ մը քսանամեայ… Անոր քերթուածներուն մէջ մենք ինչո՞ւ արիւն տեսանք վարդի փոխարէն, զնգիւն լսեցինք շրշիւնի տեղ, կոյսի մը պարանոցին վրայ խեղդող ձեռք մը զգացինք, բայց ո՛չ՝ համբոյր մը ջերմ. «Այս գիշեր երազիս մէջ ձեռքս առի զքեզ, ո’վ քաղցրախօս Սրինգ…, / Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ արցունքներս էին, որ ինկան վար…»: Դժուա՛ր է բացատրել: Պէտք է կարդալ իր հայրենի տան՝ Ակնայ մոխրացած եղերերգութիւնը եւ իր բարեկամին տուած կարմիր լուրերը, որոնք կու գային Կիլիկիայէն:

ԽՄԲԱՆԿԱՐ ՄԸ ՊԷՇԻԿԹԱՇԷՆ
Մարմարայի ծիրը քալեցի մինչեւ Պէշիկթաշ, Մաքրուհեան վարժարանով յայտնի այդ պատկառելի թաղը, ուր ծնած, ուսում առած եւ ամուսնացած էր Գրիգոր Զօհրապ: 1913 թուականն է: Քաղաքին մէջ համազգային շարժումով մը կը տօնեն հայ գիրերու գիւտի 1500ամեակի եւ հայկական տպագրութեան 400ամեակի կրկնակ յոբելեանները: Այդ աշխատանքներուն մէջ անմասն չի մնար նաեւ Սիամանթօն: Պէշիկթաշի Ահարոնեան ակումբին մէջ կը կատարեն փառաւոր հանդիսութիւն: Ահա՛ շէնքը: Անիկա զարդարուած է դրօշակներով եւ զոյգ հանդիսութիւնները յայտարարող վերտառութեամբ մը: Սիամանթօն այդ առիթով արդէն իսկ գրի առած է «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածը, իր միակ երկը, ուր չկայ մահ եւ ահազանգ: Որոշած են այդ օրը յաւերժացնել: Լուսանկարիչը կը խնդրէ, որ մէկ վայրկեան իր քով կենամ եւ գլխարկը բռնեմ: Խմբանկարին մէջ են ակումբի նախագահ, Մաքրուհեանի շրջանաւարտ, Ռոտոսթօ քաղաքի երեսփոխան տիար Հայկազն Միհրդատը, Սիամանթօն եւ այլք: Լուսանկարիչը շռնդալից կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս այդ ամառ Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցած էին հայկական երրորդ ողիմպիական խաղերը, եւ ի՛նչ հաճոյքով դիտած ու լուսանկարած էր Գում-Գաբուի «Տորք» եւ Պէշիկթաշի «Ահարոնեան» խումբերու խաղերը:
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՍԱՆ
Ժամանակն է որ հրաժեշտ տամ Պէշիկթաշին: Մակոյկ մը կու գայ եւ զիս կը տանի քաղաքի ասիական ափը: Եարճանեան ընտանիքը փոխադրուած է Սկիւտար: Հին լուսանկարները ինծի կու տան գաղափար մը, թէ ի՛նչ երեւոյթ ունէր Պէրպէրեան ուսումնարանը: Ատոմը դարձած է այդ անուանի կրթարանի սան, ինչպէս եղան եւ պիտի ըլլային Ինտրա, Լեւոն Բաշալեան, Սուրէն Պարթեւեան, Վահան Թէքէեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Ռուբէն Սեւակ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի ապագայ տնօրէն եւ Գատըգիւղի հռչակաւոր «Սիւրէյա» թատրոնի ճարտարապետ Գեղամ Գաւաֆեան: Հին փողոցներու մէջ կը քալեմ երկիւղածութեամբ, ապա կը վերադառնամ եւրոպական ափ: Քայլերս այժմ զիս կը տանին Էսայեան վարժարան, գտնելու համար Սիամանթոյի մէկ այլ հետքը:

ԷՍԱՅԵԱՆԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
2 Յունիս 1913: Թաքսիմի հրապարակէն կը մտնեմ «Ռում Գապրիստանը» փողոց (այսօր՝ Մէշէլիք), ուր կան յոյներու փառահեղ Այա Թրիատա եկեղեցին, Զափփէոն աւագ դպրոցը եւ ահա Էսայեան վարժարանը, որ կառուցուած է Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ: Վարժարանի հանդիսասրահէն ներս ներկայ կ՛ըլլամ գրական ասուլիսի մը: Բեմին վրայ հանդիսութիւնը կը նախագահէ «Ազատամարտ» թերթի հրատարակիչ, գրագէտ Ռուբէն Զարդարեան: Զարդարեան չի գիտեր, թէ յաջորդ յօդուածիս մէջ պիտի որոնեմ ի՛ր հետքերը: Այդ օր, քաղաքի հայկական ընտրանին կը տօնէ 35ամեայ բանաստեղծ Սիամանթոյի քերթողութիւնը: Նախ խօսք կ՛առնեն Գարեգին Խաժակ եւ Սարգիս Մինասեան: Բոլորը կը հասկնան, թէ ի՛նչ զօրաւոր ներշնչում, հոգեկան լարուածութիւն եւ տեսիլներ կը պարունակեն Ատոմի տողերը: Ապա բեմ կ՛ելլէ Դանիէլ Վարուժան: Սիամանթոյի գրչեղբայրն ու ճակատագրակիցը կ՛անդրադառնայ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» գիրքին. «Վայրկեան մը կարծեցինք, թէ հոգեվարքի ջահերը մարեցան այլեւս. սահմանադրական օրեր էին: Սխա՛լ: Եարճանեան եկաւ մեզի գուժելու, թէ ընդհակառակն, այժմ հոգեվարքի խարոյկնե՜րը կը վառեն. ստացեր էր, աւա՜ղ, կարմիր լուրեր բարեկամէն: Այդ լուրերը հոյակապ եւ եղերական կերպով կ՛երգէր մեզի… Վիպողի շունչ մը կար իր մէջ»:

ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՆ՝ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՄԱՍԻՆ
1913, Հոկտեմբեր: Մայրաքաղաքի հիմնական հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունեցայ Թարգմանչաց տօնին զուգահեռ: Կը կատարուին եկեղեցական ու աշխարհիկ վեհաշուք եւ բազմամարդ հանդէսներ: Անոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ կառավարութիւնը: Օրուան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան հայ մշակոյթը դրուատող ուղերձ մը կ՛արտասանէ Գում-Գաբուի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ: Հայկական թերթերը կը գրեն, թէ Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» պոէմը լոյս տեսած է նաեւ Թիֆլիսի մէջ: Թալէաթ փաշա կ՛աւարտէ իր խօսքը: Բեմ կ՛ելլէ Կոստան Զարեան եւ պոէմէն հատուածներ կ՛արտասանէ: Այդ խորհրդաւոր պահուն, ճառախօսի դեղին թուղթէն դուրս կ՛ելլեն Սիամանթոյի բառերը, տեսիլները եւ նարեկանման բազմակուտակ մակդիրները, որոնք օդի մէջ կը սկսին պարուրաձեւ պտըտելու եւ զուարթօրէն պարելու…։ Բանաստեղծը, սակայն, բացակայ է: Կովկաս է ան: Էջմիածինի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ ջերմ ընդունելութիւն գտած է հայկական վերնատան կողմէ:
ԲԱՐԵՒՆԵՐ ՁԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ. ԱՅԱՇ
Շրջագայութիւնս սկսաւ Գում-Գաբուի մէջ ու ահա կ՛աւարտի հոն: Յաջորդ մէկ-երկու տարուան ընթացքին ինչե՞ր պիտի պատահին… Պատմե՛մ: Այդ գեղատեսիլ կեանքը, զոր շարժանկարի մը պէս դիտեցինք, յանկարծ պիտի խզուի Համաշխարհային պատերազմի մկրատով: Մահացած է Թադէոս էֆէնտին: Մահացած է նաեւ Քէմէնչէճի Վասիլաքին: Էսայեան վարժարանը պիտի յատկացուի բուժքոյրերու եւ զինուորներու: 1918ին, շէնքին մէկ մասը պիտի դառնայ որբանոց: Իսկ Ատոմի կեանքին պտոյտը վերջ պիտի գտնէ Անգարա կոչուած խուլ գիւղի Այաշ կոչուած բանտին մէջ: Այդ բանտէն, տղան հինգ բացիկ պիտի կարենայ ուղարկել. երկու հատ իր եղբօրը՝ Վահանին, երեք հատ իր քրոջը եւ մօրը: Տիկին Նազելին, Ատոմի մայրը, արտասուալից պիտի ընթերցէ բանտէն ուղարկուած նամակը, որ վերջինը պիտի ըլլար. «ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՅՐԻԿՍ, Այսօրուայ թղթատարով դիմում մը ուղարկեցի երեսփոխան Պետրոս էֆէնտի Հալաճեանին: Անմիջապէս տես եղբայրս եւ ղրկէ այդ յարգելի անձնաւորութեան քով, թող կատարէ հարկ եղած դիմումը եւ զիս ժամ առաջ այստեղէն ազատելու միջոցը գտնէ, որովհետեւ աշխարհը գիտէ, որ ես ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած եմ քաղաքականութեան հետ եւ յանցանք առաջացնող ուրիշ արարքէ ալ բացարձակապէս տեղեկութիւն չունիմ: Քիչ մը անհանգստացայ. շփոթութեան մի մատնուիր… Բարեւներ ձեր բոլորին: Ճենազեան քեռիիս բարեւներ: ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ 1915, Մայիս, Այաշ»:
ԲԱՑԱԿԱՅ Է ԱՏՈՄԸ
Մարմարայի ափին մայրամուտ է: Ժամը՝ հինգ: Գում-Գաբուի գինետուներէն կը յորդին արեւելեան մեղեդիներ, վայելուչ անցորդներէն կը լսեմ «Քալիսբերա»ներ եւ «Ողջոյն ձեզ»ներ, մայր տաճարի զանգակները կը հնչեն հինգ անգամ… Բացակայ է Ատոմը:
Leave a Reply