Տասը նոր նախագիծեր՝ հայ մշակոյթի հարուստ խաւերը արեւմտահայերէնով բացայայտելու

Իբրեւ արեւմտահայերէնով յառաջադէմ մշակութային կիրարկութեան միակ նպաստի ծրագիր՝ «արդ եւս»ը իր առջեւ բարդ ճամբայ մը ունի։ Անիկա կը խրախուսէ հայերէնի նորարարական գործածութիւնը, կ՛ոգեշնչէ լեզուի եւ մշակոյթի նկատմամբ սեփականութեան զգացումը եւ կը խթանէ լեզուի փորձարկումները եւ ուսումնասիրութիւնը։ Նոյն ատեն, միջազգային հեռանկարի եւ ներգրաւուածութեան շնորհիւ, այս նպաստի ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ, որ հայկական մշակոյթը մաս կազմէ համաշխարհային մշակոյթին։ Դառնալով ժամանակակից մշակութային պատումներու մաս՝ «արդ եւս»ի նպաստառու ստեղծագործողները, արուեստագէտները եւ մտածողները արեւմտահայերէնը, հետեւաբար՝ հայկական մշակոյթը կը բերեն համաշխարհային բեմ, եւ հակառակը՝ աշխարհը կը բերեն դէպի լեզու։

Հետեւեալ ստեղծագործողները եւ մշակութային գործիչները կը նաւարկեն ազդեցութեան փոքր եւ անհատական ​​ոլորտներու մէջ, բայց անոնց հսկայական ներուժը կը կայանայ անոնց ամբողջ աշխարհը տարածումին մէջ։ Այս տարի նպաստ ստացան տասը նոր միջազգային նախագիծեր. միասին, անոնք կ՛ընդգծեն հայկական մշակոյթի հարուստ եւ բազմաշերտ բնոյթը՝ արեւմտահայերէնի միջոցով.

ԱՆԱՀԻՏ ԵԱՂՃԵԱՆ (Միացեալ Նահանգներ)՝ «Նելլի». կարճ պատմողական գեղարուեստական շարժապատկեր մը՝ Լոս Անճելըս ապրող երեք հայ կիներու կեանքին մէկ գիշերուան մասին, որ փոխակերպող դեր կը խաղայ։ Երկխօսութիւնը կը սկսի անգլերէնով, բայց, աստիճանաբար, անիկա կը փոխարինուի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի։ Երեք լեզուներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Լոս Անճելըսի բարդ Սփիւռքին տարբեր կողմերը, եւ անոնց բախումը կը խորհրդանշէ ոչ-դիտաւորեալ դասակարգային ուժը եւ արտօնեալութիւնը, որոնք կը գործեն թէ՛ իսկական համայնքին մէջ եւ թէ կերպարներուն կեանքին մէջ։ Լեզուաճիւղերը, ենթամշակոյթները եւ ենթաինքնութիւնները կը բախին ծագումի, դասի եւ սեռի միջեւ։ Վտանգուած արեւմտահայերէնը կը դառնայ հզօր լեզու մը՝ ստանձնելով ֆիլմին պատմողական ոճին վերահսկողութիւնը եւ որոշ չափով կը վերականգնէ այն, ինչը կորսնցուցած էր առաւել քան մէկ դար տեւող շարունակական ջնջումին ընթացքին։

ԾՈՎԻՆԱՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ (Ֆրանսա) եւ ՍԵՐԺ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ (Լիբանան)՝ «Վայրեր». տեսալսողական փորձարարական շարժապատկեր/կահոնք (installation), որ կը ﬕախառնէ գեղարուեստ, երաժշտութիւն/ձայն եւ ժամանակակից բանաստեղծութիւն։ Նախագիծին հիմնական նպատակը Գրիգոր Պըլտեանի «Վայրեր» բանաստեղծական գործին ﬔկնաբանուﬓ է՝ տեսողական եւ ձայնային զգայնութիւններու դրդումին ﬕջոցաւ։ Գոյներու, ձեւերու, ձայներու, ինչպէս նաեւ Պըլտեանի բանաստեղծութիւններուն պատկերաւոր ներկայացումին բազմախաւ յօրինուածքի մը ընդմէջէն, նոր ու խառնածին ստեղծագործական լեզու մը կը փնտռուի՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս ինք՝ բանաստեղծը կը ձգտի հնարել իր գրական լեզուն կամ ապրելու վայրը։

ՃԷՅ. Փի. ՄԵՐԶ (Միացեալ Նահանգներ)՝ «Խազիկ Երգեր». երգերու շարք մը եւ ուղեկցող հետազօտական ​​կայքէջ մը, որ կ՛անդրադառնայ տեղահանութեան, դիմակայութեան եւ մշակութային շարունակականութեան նիւթերուն՝ առաւելաբար մոռցուած հայկական երաժշտական ​​նօթագրութեան համակարգին՝ խազին միջոցով։ Գրուած է նոր խումբի մը համար երաժիշտներու, որոնք ծանօթ են հայկական «մոտալ» (եղանակական) աւանդոյթներուն, յանկարծաբանութեան եւ արեւմտեան նօթագրութեան։ Նախագիծի համոյթին մաս կը կազմեն՝ Արմէն Ադամեան (հայկական փողային գործիքներ), Անդրանիկ Գզիրեան (ուտ), Նիլուֆար Շիրի (քամանչա) եւ Ճէյ. Փի. Մերզ (ալթ եւ ելեկտրոնային գործիքներ)։ Երգերը կը ներառեն Թենի Արլէնի արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւնները եւ Ճեսի Արլէնի հետ ընտրուած յաւելեալ գրութիւններ։ Խազը «վաւերական» ձեւով մեկնաբանելու փոխարէն, «Խազիկ Երգեր»ը այս խորհրդանիշները կը զօրաշարժէ իբրեւ ժամանակակից նօթագրութեան միջոց եւ կորուստի ու հնարաւորութեան փոխաբերութիւն։

ՔՆԱՐ ՌԻԹԱ ԿԷՕՔՃԵԱՆ, (Ֆրանսա/Հայաստան), ԱՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ (Ֆրանսա/Հայաստան) ԵՒ ՄԱՐԻԱՄ ԱՐՈՒՇԱՆԵԱՆ (Արցախ/Հայաստան)՝ «Չաթ-փաթ». անհատներու մասնակցութեամբ կազմուած «փոտքասթ» մը, որ արեւմտահայախօս համայնքներու զանազան ձայներու միջոցաւ կը բացայայտէ մարդկային հաւաքական փորձառութիւններ։ Ութ դրուագներ, որոնք այսօրուան արեւմտահայախօսներուն գիտակցութեան հոսքը կը պատկերեն՝ դիտարկելով համընդհանուր նիւթեր, ինչպէս՝ զգացումներ, յարաբերութիւններ, կեանքի որոշումներ եւ այլն: Այս ձայնային հարթակը պիտի խրախուսէ արտայայտութիւնը, ընդգծելով տարբեր առոգանութիւններ եւ շեշտադրումներ, անկախ լեզուի ձեւէն կամ իմացութեան մակարդակէն։ Լեզուն իր կենսալի եւ հաճելի երանգով պատմութիւններ եւ միտքեր, զգացումներ ու խոհեր, իմաստութիւն եւ բանաստեղծութիւն պիտի փոխանցէ առօրեայ կեանքին։

ՄԱՐԻ ԵՒԳԻՆԷ ԹԻՐԱՐ (Ֆրանսա) եւ ԳՈՀԱՐ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ (Ֆրանսա/Հայաստան)՝ Arcane Voices — If Only I Could Sing Her Words. ֆիլմի նախագիծ, որ կը ներառէ սազի համար նախատեսուած ինքնատիպ փորձարարական երաժշտութիւն եւ ձայն. հիմնուած 1915ին աքսորուած երիտասարդ կնոջ մը՝ Եւգինէ Տիարեանի քերթուածին վրայ։ Անոր արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւնները՝ վերապրելու գործիքներ եւ լուռ մնացած մասունքներ էին 100 տարի ետք, երբ անոնք վերագտնուեցան։ Նախագիծը անոր չխօսուած գործերը կը վերածէ ամբողջական ֆիլմի մը եւ հաւաքական հնչականութեան մը։ Լեզուին բանաստեղծականութիւնը կը վերամարմնաւորուի խորհրդաւոր աշուղի մը ժամանակակից տարբերակին մէջ, ուր կը միահիւսուին երաժշտութիւնը, պատմողականութիւնը եւ փիլիսոփայական խորհրդածութիւնը։ Սազը կը նուագուի՝ իբրեւ ձայնի շարունակութիւն։ Տեսողականը, ձայնայինը եւ երաժշտութիւնը կը ծաւալին Արեւմտեան Հայաստանի հետապնդող խորապատկերին, ուր տեսախցիկը կը շարժի շնչառութեան պէս։ Նախագիծը կը մերժէ կարօտը՝ իբրեւ պարզ սուգ, եւ փոխարէնը՝ զայն կը վերածէ ստեղծագործական դիմադրութեան։

ՆԱՅԻՐԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (Հայաստան)՝ «Գորգագործութեան Մշակոյթ. Աննա Պողիկեան». երկլեզու հրատարակութիւն (արեւմտահայերէն եւ անգլերէն) մը, որ կ՛ուսումնասիրէ Հայաստանի ժամանակակից գորգագործութեան մշակոյթը՝ եգիպտահայ ժամանակակից արուեստագէտ Աննա Պողիկեանի ոսպնեակէն դիտուած: Գիրքը պիտի փաստագրէ հետազօտութեան եւ համագործակցութեան գեղարուեստական ​​գործընթացը՝ սփիւռքահայ նկարիչին, AHA Collective-ի համադրողին եւ Հայաստանի ու Արցախի վարպետ կին գորգագործերուն միջեւ, ընդգծելով գորգագործութեան, ժամանակակից արուեստի եւ համադրողական կիրառումի (curatorial practice) հատումի կէտը: Գորգագործութիւնը՝ իբրեւ պատմողական համատեղ միջոց, կ՛առաջարկէ պատմական յիշողութեան, ընկերային-քաղաքական մարտահրաւէրներու եւ մշակութային նորարարութեան անդրադառնալու ազդու միջոց: Նախագիծը կը նպաստէ լեզուի կենսունակութեան՝ զայն ներառելով ժամանակակից տրամասումներու (discourse) եւ գեղարուեստական ​​արտայայտչաձեւերու մէջ: Երկու ոչ-նիւթական ժառանգութիւններու՝ լեզուի եւ արհեստի համադրումը, կը բերէ ուսումնասիրութեան ենթակայ նոր ստեղծագործական տեսանկիւն մը:

ՐԱՖՖԻ ՃՕ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (Միացեալ Նահանգներ)՝ «Լեզուի երաժշտութիւնը». ուտը՝ իբրեւ քերթուածի անօթ. երիտասարդներու կողմէ գրուած եւ ուտի ինքնատիպ ստեղծագործութիւններէ ոգեշնչուած այս նախագիծը պիտի ստեղծէ նոր արեւմտահայ բանաստեղծական հաւաքածոյ մը: Շարք մը սեմինարներու միջոցով, մասնակցողները պիտի համագործակցին յայտնի արեւմտահայ բանաստեղծներու հետ՝ ընթերցումներու, քննարկումներու եւ ուտի երաժշտութեան արձագանգելու ուղղորդուած գրաւոր վարժութիւններու միջոցով: Նախաձեռնութիւնը պիտի կեդրոնանայ համաշխարհային մասնակցութեան վրայ, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներէն դուրս, եւ պիտի եզրափակուի համաշխարհային բանաստեղծական մրցոյթով մը: Ընտրուած գործերը պիտի հրապարակուին տպագիր եւ թուային շարքով մը, պիտի ներկայացուին միջգիտակարգային կայքի մը վրայ եւ մաս պիտի կազմեն երաժշտական ​​տեսահոլովակի մը, որ պիտի համատեղէ յաղթող քերթուածը եւ ուտի ինքնատիպ ստեղծագործութիւն մը՝ խթանելով աւանդոյթի եւ նորարարութեան հետաքրքրական միաձուլումը:

ՇԱՄԻՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ (Հայաստան)՝ «Արխիւական». հինգ դրուագներէ բաղկացած գլանաձեւ շարանկար կը՝ animation-ի պարբերական ցնցումներով։ Անիկա կը հետեւի ստեղծողի թափառող ներկայութեան՝ Երեւանի, Պոլսոյ, Վիեննայի, Փարիզի, Աթէնքի, Թիֆլիսի ու Վենետիկի գրադարաններուն մէջ, ուր հայկական պատկերազարդ պարբերականները «կը փտին» այն ժամանակներէն ի վեր, երբ տպագրութիւնը տակաւին արդիական էր եւ պահանջուած։ Մասամբ հետազօտական ​​նախագիծ մը, մասամբ՝ քօղարկուած անձնական «էսէյ« (գրափորձ) մը. Ծաղրանկարիչ մը, որ կը թափառի ուրուականներու մէջ, թերթատելով մոռցուած էջեր։ Ստեղծուած անշարժ պատկերներէ, համեստ շարժումներէ եւ հանգիստ ներքին մենախօսութիւններէ՝ շարանկարը վար կը գլորուի ժամանակին պէս, որ կը ցուցադրէ բազմաթիւ արխիւներ, որոնք տասնամեակներով չեն բացուած…։ «Արխիւական»ը շերտաւոր բառախաղ է, որ կ՛արձագանքէ «Ոդիսական»ին, միաձուլելով «Արխիւ»ը, մինչդեռ «ական»ը, կը նշանակէ ռումբ եւ նախագիծին կու տայ պայթուցիկ երանգ՝ արխիւներուն մէջ թաղուածը կրնայ պայթիլ, կը պարունակէ անկայուն, հզօր եւ խորապէս անձնական բաներ…։

ՏԻԳՐԱՆ ԱՄԻՐԵԱՆ, ԱՐՍԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ (Հայաստան)՝ «Հասցէ` Որբախնամ Մարմին Պալաթու». պատկերազարդ եռալեզու գիրք (արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն) մը, որ արդիւնքն է տարիներու միջգիտակարգային հետազօտութեան՝ նուիրուած Պոլսոյ բազմամշակոյթ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Խորենեան վարժարանի մշակութային յիշողութեան։ Երբեմնի վարժարանը, որ հետագային ապաստան դարձաւ Ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւրաւոր որբերու, այժմ լքուած է՝ իր լռութեան եւ դատարկութեան մէջ ամփոփելով դիմադրութեան, կորուստի ու հաւաքական յիշողութեան շերտերը։ Արխիւային ուսումնասիրութիւններու, հետախուզութիւններու եւ բանաւոր պատումներու հաւաքագրումի միջոցով, այս նախագիծը դարձեալ կը միահիւսէ բեկորներու վերածուած պատմութիւնները՝ կամրջելով լեզուներ, սերունդներ եւ ջնջուած մշակութային տարածութիւններ։ Անիկա երկխօսութիւն մը կը ստեղծէ բացակայութեան եւ ներկայութեան, մոռացութեան ու դիմակայութեան միջեւ՝ կրելով Թուրքիոյ հայ համայնքին մշակութային յիշողութեան փխրուն շերտերը։ Վերականգնելով ստուերուած պատումներ եւ ստեղծելով պատկերային ու գրաւոր համայնապատկերներ՝ գիրքը կը վերադարձնէ վայրը եւ յիշողութիւնը՝ վերակենդանացնելով ժամանակին մէջ մոռացութեան մատնուած հայկական ժառանգութիւնը։

ԵԼԵՆԱ ՆԵՐՍԵՍԵԱՆ (Հայաստան) եւ ԱՐԵՒ ՓԱՓԱԶԵԱՆ (Լիբանան)՝ «Մխիթարանք». միջնադարեան գաղտնի ոստիկանական շարապատկեր վէպ մը, որ կը հրատարակուի իբրեւ գիրք։ Այս շարապատկերը գեղարուեստական ​​պատմութիւն մըն է՝ իրական պատմական կերպարներով եւ վայրերով։ Այստեղ գլխաւոր հերոսները Մխիթար Հերացին եւ Մխիթար Գոշն են։ Վերջիններս, ի մխիթարութիւն իրենց պրպտող միտքին եւ հոգիին, կ՛երթան խորհրդաւոր մարդասպանութեան հետքերով…։ «Մխիթարանք»ը նաեւ լեզուական փորձարկութիւն է՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի խառնուրդ մը։ Մխիթար Հերացին պատկերուած է՝ իբրեւ արեւմտահայ գիտնական, որ իր արկածախնդրութիւնները սկսած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, մասնաւորապէս՝ Կիլիկիա, մինչդեռ Մխիթար Գոշ կը ներկայացնէ Արեւելեան Հայաստանը։

https://asbarez.am/archives/482937

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ