ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

1896ին, Նուպար փաշային Եգիպտոսի վարչապետութեան շրջանը արդէն աւարտած էր։ Երկրին հայ բնակչութիւնը մինչեւ այդ թուականը հազիւ 2000 էր, սակայն 1896էն ետք յանկարծ այս թիւը հասաւ 8000ի, որ բաղկացած էր երեք դասակարգերէ՝ ազնուականներ, միջին դասակարգ եւ փախստական գաղթականներ։
Ազնուականներու դասակարգը հաւատարիմ էր Եգիպտոսի կառավարիչներուն եւ շատ սիրուած անոնց կողմէ։
Միջին դասակարգը բաղկացած էր լաւ կրթուած մասնագէտներէ, որոնք կ՛աշխատէին կառավարութեան մօտ․ անոնք կապեր ունէին ազնուական դասակարգի անդամներուն հետ, կամ կը ծառայէին անոնց, մասամբ ձուլուած էին եգիպտական բարձրակարգ դասակարգի մշակոյթին մէջ եւ տկար կերպով պահած իրենց հայկական ինքնութիւնը:
Փախստական գաղթականներու դասակարգը կը բաղկանար 1896էն ետք Եգիպտոս եկած հայ փախստականներէ՝ ուսեալ եւ անուս, մտաւորական եւ արհեստաւոր, յեղափոխական եւ կրօնաւոր, ամէն տարիքի։
Եգիպտահայ համայնքային կազմակերպութիւնները կը կառավարուէին ազնուականներուն կողմէ ու գոյութիւն ունէին երկու ազգային դպրոցներ՝ Պօղոսեանը եւ Գալուստեանը, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներ, որոնց ծախսերը կը հոգային մեծահարուստ հայ բարերարները:
Այդ օրերուն, եգիպտահայ գաղութը հարուստ էր մտաւորականներով, գրողներով, դերասաններով ու նկարիչներով, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Արփիար Արփիարեան, Տիգրան Երկաթ, Սմբատ Բիւրատ, Երուանդ Օտեան, Տիգրան Կամսարական, Վահան Զարդարեան, Սիրանոյշ, եւ Երուանդ Տէմիրճեան։
Սմբատ Բիւրատ 1880ին Փարիզ կը մեկնի Սորպոնի համալսարանը ուսանելու համար եւ 1896ին կը հաստատուի Եգիպտոս։
Բիւրատի «Որդեսպան Ծնողքը» վէպը կը նկատուի արդի եգիպտական մշակոյթի պատմութեան առաջին վէպը՝ եգիպտական կեանքի մասին։ Վէպը կը նկարագրէ եգիպտահայերու կեանքը ու ապրելակերպը 1896ին։ 2020ին, այս տողերուն հեղինակը Բիւրատին սոյն վէպը արաբերէնի թարգմանեց։
Վէպին դէպքերը՝ Աղեքսանդրիոյ Մէնշիէ եւ Գահիրէի Շուպրա թաղերուն մէջ տեղի կ՛ունենան։ Անիկա պատանի Հերանուշ Կորտոնեանի սիրոյ պատմութիւնն է իր եղբօրորդի Գեղամին հետ:

Վէպը կը նկարագրէ այդ ժամանակի անհոգ եւ հաճոյքի շուրջ կեդրոնացուած հայ ազնուական ընտանիքներու կեանքը, երբ երիտասարդ Հերանուշը կը սիրէ իր եղբօրորդին, բայց մերձաւոր ազգականի ամուսնութեան հայկական եկեղեցւոյ պայմանին պատճառաւ՝ հայրը կը մերժէ ամուսնութիւնը։ Հօր եւ հօրեղբօր ճնշման տակ Հերանուշը կ՛ամուսնանայ հարուստ պատեհապաշտ բժշկի մը հետ, որ այդ քայլին կը դիմէ մեծ օժիտ մը ստանալու համար: Երբ իր ծնողը չի կատարէր օժիտի խոստումը, կը սկսին վէճեր եւ Հերանուշը երկար տանջանքներէ ետք կ՛որոշէ իր կեանքը թոյնով վերջացնել:
Վէպը ունի ուրիշ ներքին պատմութիւն մը․ անիկա Գահիրէի նոր եւ սեփական դպրոցի մը հիմնադրութեան մասին է, որ կը կոչուի Կեդրոնական հայկական կրթարան:
Վէպին գլխաւոր հերոսն է ինքը Բիւրատ․ ան համոզուած էր հայերուն համար բարձրորակ կրթական հաստատութեան մեծ կարիքին, քանի որ գոյութիւն ունեցող Գալուստեան Ազգային վարժարանը ցած մակարդակ ունէր եւ միջին դասակարգի շատ աշակերտներ կը յաճախէին օտար դպրոցներ:
Նոր դպրոցին միջոցներ հայթայթելու համար ան դիմեց քանի մը հարուստներու, ինչպէս՝ Տ՛Ապրօ փաշան, որ ընդունեց օժանդակել, սակայն դպրոցը վերահսկողութեան ենթարկելու պայմանով, բայց հեղինակը մերժեց:
Վէպը կը բացայայտէ, թէ ազնուական դասակարգը իր երեխաները չէ ղրկեր հայկական դպրոցներ եւ կը նախընտրէին ֆրանսական կամ անգլիական դպրոցները: Անոնք մեծ ցանկութիւն ունէին ամբողջովին միաձուլուելու Եգիպտոսի բարձր դասակարգին հետ: Անոնք պահած էին հայ կրօնական աւանդութիւնները, բայց չպահեցին ու չհարստացուցին իրենց հայկական մշակութային ինքնութիւնը:
Եգիպտահայերուն մեծ մասը կը կազմէր միջին դասակարգը, որուն մաս կը կազմէր Բիւրատ․ անոնք իրենց երեխաները սովորաբար կ՛ուղարկէին հայկական դպրոցներ:
Փախստականներու դասակարգը՝ շատ դժուար տնտեսական իրավիճակ մը ունէր․ անիկա կախեալ էր եկեղեցիէն եւ համայնքէն ու ամէն տեսակ գործ կ՛ընէր իր օրուան հացը ճարելու համար:
Գալուստեան եւ Պօղոսեան դպրոցները կարիքաւոր դասակարգի երեխաներուն համար էին, իսկ բարձր դասակարգի երեխաները օտար դպրոցներ կը յաճախէին։
Վէպին համեմատ, մտաւորականները յեղափոխական գաղափարներ եւ ոգի ունէին ու կ՛ուզէին բարեփոխել հայ հասարակութիւնը, իսկ փախստականները շփոթած էին, բայց պարտադրուած կախեալ էին հարուստներէն:
Հակառակ իրենց պահպանողական ու նիւթապաշտ կենցաղին, հայ ազնուականները համաձայնեցան իրենց զաւակները ղրկել նոր եւ աւելի ազատական դպրոցը, որ ցոյց կու տայ իրենց հայկական ծագումին հետ կապուածութիւնը։
Բիւրատ փորձեց ստեղծել յառաջադէմ անհատական կրթական շարժում մը Եգիպտոսի մէջ, անկախ տիրող ազնուական ղեկավարութենէն։
Վերջնական արդիւնքը՝ ժամանակաւոր յաջողութիւն էր մտաւորականներուն եւ համայնքային կեանքը վարելու հարուստ դասակարգի փորձերուն ձախողութիւնը:
Վէպը փորձ մըն էր նիւթապաշտ ազնուական դասակարգին մարդասիրական ու հայրենասիրական նոր ոգի ներշնչել։
Շատ հետաքրքրական է որ Բիւրատ վէպին յառաջաբանին մէջ կը հաստատէ, որ իր վէպը իրական կեանքէ առնուած է եւ թէ վէպին հերոսներու իրական անունները գաղտնի պահելու նպատակով, իր հերոսներուն կեղծանուններ գործածած է։
Բիւրատի զաւակը՝ Վաղինակ, իր «Ընտիր Էջեր» ինքնակենսագրական գրքին մէջ կը յիշէ, թէ Բիւրատ 1889ին Աղեքսանդրիոյ մէջ հանդիպեցաւ Թալէաթ փաշային, որուն ոստիկանութիւնը ձերբակալել կ՛ուզէր։
Բիւրատ, գիտնալով, որ ան անմեղ էր եւ օսմանեան կառավարութեան ընդդիմադիր, Անգլիոյ դեսպանին դիմեց ու իրեն կրցաւ ապահովել անոր ազատութիւնը։
Սմբատ Բիւրատի «Որդեսպան Ծնողքը» վէպի հերոսներէն մէկն է Չուպուքճեան անունով հայ փախստական մըն է, որուն դէմ 1889ին Աղեքսանդրիոյ մէջ ձերբակալման հրաման կար, ոճիրի մը պատճառով եւ հոն ալ վէպին հերոսը Անգլիոյ դեսպանին միջոցաւ կրցաւ ազատել։ Հարկաւ յայտնի է, թէ Չուպուքճեանը ինք Թալէաթ փաշան է, որուն փրկեց Բիւրատ, եւ տարօրինակօրէն նոյն Թալէաթն է, որ Բիւրատին սպաննել տուաւ 1915ին։

Բիւրատ՝ յաջողեցաւ ստեղծել անկախ կրթական շարժում մը Եգիպտոսի մէջ՝ որ տեւեց մօտ 50 տարիներ եւ 30 ի մօտ անկախ վարժարաններ բացուեցան 5000 է աւելի շրջանաւարտներով՝ մօտ 50 հազար փախստականներու հոսանքին ծառայելով եւ մշակութային զարթօնք մը ստեղծելով։

Քաղաքական եւ տնտեսական մթնոլորտի փոփոխութիւններու պատճառաւ, 1960ին եգիպտահայ գաղութը սաստիկ նօսրացած էր, բայց մնացին յիշատակները յիսուն տարուան եգիպտահայութեան զարթօնքին՝ քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, գրականութեան, թատերգութեան, եւ կրթասիրական մարզերէն ներս, որպէս վկաներ պանծալի անցեալի մը, որ հայոց պատմութիւնը ու մշակոյթը հարստացուց եւ զարգացուց։
Այժմ մեծ պարծանքով կը վերյիշենք անցեալ դարու եգիպտահայութեան զարթօնքի հերոսները՝ Նուպար եւ Պօղոս Նուպարեանները՝ իրենց քաղաքական հզօր ձեռքբերումներով, Տ. Կամսարականը՝ իր վէպերով, Տիգրան Երկաթի հրապարակախօսութիւնները, Զօրեանի, Սարուխանի ու Կարապետեանի նկարչութիւնները, Զակազիկ ուսանած Հայաստանի սոխակ Գոհար Գասպարեանը՝ իր հրաշալի մեներգներով, Թէքէեանի աննման բանաստեղծութիւնները, Արփիարեանի վէպերը, Օտեանի, Կիւրճեանի ու Սիրանոյշի թատերգութիւնները, Մելգոնեան եղբայրներու, Բիւրատի, Հեքէքեանի ու Չրաքեանի կրթասիրական աննախընթաց յաջողութիւնները, Զարդարեանի միջնադարեան ձեռագրերու յիշատակարանները եւ Եգիպտոս հիմնադրուած ՀԲԸՄը։
Վերջապէս մնաց նաեւ Թալէաթ Փաշայի՝ Բիւրատի ձեռքով մահէ ազատուելու ու նոյն Թալէաթի ձեռքով Բիւրատի նահատակուելու պատմութիւնը, որուն անտանելի անարդարութեան ցաւի զգացումները Բիւրատ մեզ կը փոխանցէ իր «Յիշէ զիս» բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերուն միջոցաւ, որպէսզի յիշենք իր պատմութիւնը…
«Յիշէ զիս, այո, յիշէ քու Բիւրատ,
Որու սիրտն աննենգ, սէրն է անարատ.
Անի ցերեկով նետեցին զնդան,
Գիշերը շըրջի՝ դի կիսակենդան,
Սոսկումը զնդանիս
Յիշելով՝ յիշէ զիս։»
Leave a Reply