
Երեքշաբթի, 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, փրոֆ. Թալին Սուճեան պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ հայութեան իւրայատուկ փորձառութիւններուն մասին իր ուսումնասիրութիւնները։
Փրոֆ. Սուճեան ծնած եւ հասակ նետած է Պոլսոյ մէջ, իսկ մասնագիտութիւնը ստացած է նախ Պոլսոյ, ապա Գերմանիոյ մէջ։ Ան ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ կը դասաւանդէ Միւնիխի «Լուտվիկ Մաքսիմիլիան» համալսարանին մէջ։
Ան հեղինակն է Outcasting Armenians. Tanzimat of the provinces («Վտարանդի Հայեր. Գաւառներու Թանզիմաթը», 2023) գիրքին։
Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին հասցէն է՝ 211 W Chestnut St, Glendale, CA 91204։
Leave a Reply