ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Շաբաթ մը առաջ, կը յիշէ՞ք, որոշեր էի 23 Ապրիլը տօնել, այն վերջին գիշերը, երբ հայ մտաւորականը մոլեգնօրէն կը ստեղծէր, անտեղեակ եւ առանց կասկածելու, թէ յաջորդ օրը ի՛նչ պիտի պատահէր: Փափաքեր էի նաեւ ականատես ըլլալ, թէ ան ո՛ր բանաստեղծութիւնը կը գրէր, ո՛ր երգը կը յօրինէր, կամ՝ ո՛ր թերթը կը խմբագրէր: Լուռ եւ քայլամոլոր անցեր էի Էլմատաղ, Բէրա եւ Այազփաշա թաղերու հանգոյցները ու այցելեր էի Դանիէլի եւ Ռուբէնի տուները: Շաւարշը չէի գտած: Սեպուհեան խան գացեր էր, Չաքմաքճըլար փողոց, խմբագրատուն, «Մարմնամարզ» թերթը տպագրութեան պատրաստելու համար: Նկատած էի նաեւ, թէ այդ պարոնները բոլորն ալ, յարգելի ընթերցող, մեր կէս տարիքն էին: Այդ գիշեր, երբ հասեր էի Այազփաշա կոչուած բարեկեցիկ թաղամասի գեղաքանդակ եւ խիստ տպաւորիչ «Ազարեան աբարթմանը» (այսօր՝ Gumussuyu Palas), չէի համարձակած ներս մտնել: Գիտէի, թէ հոն պարոն Զօհրապը եւ 19ամեայ Տոլորէսը, պատշգամի վրայ նստած՝ կը դիտէին մայրամուտին փայլփլող Մարմարան: Այդ խորհրդաւոր, երանելի եւ երազային պահուն, Զօհրապը աղջնակին կ՛ընթերցէր իր նորագոյն պատմուածքը: Ու, սպասեցի…։
ԲԱՑ ԷԻՆ ԴՌՆԵՐԸ
Կարծեմ ժամանակն է, որ բանամ Ազարեան շէնքի երկփեղկ, երկաթեայ դուռը: Մարմարեայ աստիճաններով կ՛ելլեմ երրորդ յարկ: Ձեռնունայն եմ նորէն: Ի՞նչ բերէի այս տան, երբ տիկին Քլարան ամէն անգամ Haviland Porcelaine de Limoges բաժակներու մէջ կը մատուցէր թէյը, Սեւրի ծաղկաւոր պնակիկներու մէջ կը դնէր աւստրիական տուրմեր, որոնք փաթթուած կ՛ըլլային ոսկեփայլ թղթիկներու մէջ, իսկ արծաթեայ սպասեղէնը ունէր Christofle մակնիշը: Տիկին Քլարան այդ սպասեղէնը գնած էր Grande Rue de Pera 471-473 հասցէին վրայ գտնուող Verrerie H. Decugis պերճ վաճառատունէն: Երբ աւարտի այցելութիւնս, քաղաքին մէջ կը յուսամ գտնել նաեւ Սիամանթոյի, Երուխանի եւ Զարդարեանի հետքերը, որոնելով անոնց վերջին երկերը, վերջին նամակները եւ վերջին իղձերը: Ապա, պիտի վերադառնամ Էլմատաղ, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի թաղը, պիտի թակեմ Կոմիտասի դուռը, ունկնդրելու համար վարդապետին վերջին մեղեդին:

ՊՈԼՍԱԿԱՆ SERNADE ՄԸ
Յարկաբաժինը խաղաղ է: Տիկին Քլարան ֆրանսացի յայտնի ապակեգործ Կալի (Emile Galle) «առ-նուվօ (Art Nouveau)» ծաղկամանին մէջ կը դնէ դեղին կակաչներու փունջ մը: Լեւոնը, Արամը եւ Հերմինէն իրենց սենեակներն են: Հիւրասենեակէն կը լսեմ Քարուզոյի քնարական ձայնը: Կը մօտենամ կրամոֆոնին: Կը պտտուի His master’s Voice ընկերութեան 6 Փետրուար 1915ին լոյս ընծայած ձայնապնակը. Les Deux Sernades (Leoncavallo), Enrico Caruso: Պարոն Գրիգորը եւ Տոլորէսը պատշգամի վրայ նստած՝ հիացիկ կը դիտեն Մարմարայի շիկացած ջուրերը: Խաղաղ է ժամը: Մեղմ: Հեռուն, պատմական թերակղզիի վրայ կը փայլի Սուրբ Իմաստութեան գմբէթը:
ՀԱՄԲՈՅՐ ՍԻՐԱԼԻՐ
Պատմուածքը վերջացաւ: Տոլորէսը շնորհակալական համբոյր մը դրաւ իր սիրելի հօր ճակատին ու տուն մտաւ: Պարոն Գրիգորը մնաց պատշգամը՝ մտահոգ, ցնցուած: Մայրաքաղաքին մէջ օտարահպատակներու յայտնի իրաւաբան-փաստաբանը, ռուսական դեսպանատան իրաւագիտական հարցերու խորհրդական այս մարդը, իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հիասթափուած եւ ցնցուած էր: Չար նախազգացում մը կը տանջէր իր միտքը: Ան 1914 թուականէն ի վեր, խորհրդարանին մէջ ներքին գործոց նախարարին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ կը զրուցէր հայկական բարեփոխումներու հարցը՝ ստանալով դրական եւ յուսադրող պատասխաններ: Ան յաճախ կը դիմէր նաեւ եւրոպական տէրութիւններու միջամտութեան: Այդ գիշեր, սակայն, Զօհրապը լուռ էր. չունէր ռուսերու հետ Յունուարին ստորագրուած հայանպաստ համաձայնագիրին տուած յոյսը: Թուղթի վրայ մնացեր էր անիկա: Եւրոպայի մէջ մեծ պատերազմ էր բռնկած. նպաստաւոր պայման՝ ամէն չարիքի համար:
– Իր տարեդարձին, գիտէ՞ք Քլարային ի՛նչ պիտի նուիրեմ: Անզուգական, թանկագին նուէր մը: Ծանօթ էք, չէ՞, Յովսէփ Մանասին, կայսերական նկարիչին: Ի՛նչ պատիւ է, որ սուլթաններու դիմանկարիչը երեք սերունդէ ի վեր Մանասեաններէն է: Այսօր Բէրա գացի, Եաղխանէ փողոց, իր աշխատանոցը: Ի՞նչ կրնամ նուիրել Քլարային՝ հարցուցի: Առանց նոյնիսկ մտածելու՝ Medaillon en ivoire, ըսաւ՝ աւելցնելով, թէ մայրաքաղաքի ազնիւ տիկիններուն համար փղոսկրի վրայ մանրանկարներ սկսած է փորագրելու: Ձուաձեւ, ոսկեծիր մետալիոն մը ապսպրեցի իմ «քիթիկլի» սիրելիիս համար:

ՎԵՐՋԻՆ ԹՂԹԱԽԱՂԸ
Զօհրապը գնաց ննջասենեակ: Հագաւ մետաքսէ շապիկ մը: Իր անգլիական բաճկոնի ձախ գրպանին մէջ զետեղեց մանիշակագոյն թաշկինակ մը՝ դարձեալ ընտիր մետաքսէ:
– Կարեւոր ժամադրութիւն մը ունենալու էք,- ըսի:
– Cercle d’Orient կ՛երթամ,- ըսաւ,- մեր ակումբը: Ներքին գործոց նախարարին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ թուղթ պիտի խաղանք: Ասիկա լաւ առիթ կրնայ ըլլալ հայկական հարցի նիւթը արծարծելու համար: Մտերիմ յարաբերութիւն ունինք: Չեն մերժեր զիս:
– Յոյս ունիք…
– Հայրենիք մը ունէի թշուառ, ազգ մը ունէի ինձմէ աւելի ողորմելի, անոնց որոշեցի յատկացնել կենացս մնացորդը: Մենք պէտք է որ ըլլանք ուղիղ եւ պարզ, միշտ աւելի պարզ. հոն է յաջողութիւնը:
– Միշտ երջանիկ կ՛երեւիք Պարոն Զօհրապ:
– Երջանկութիւնը երջանկութիւն չփնտռելուն մէջ է: Անոր համար ալ մանուկները միշտ երջանիկ են:
ՀԱՄԲՈՅՐ ՉԱՐԱԳՈՒՇԱԿ
Զօհրապ քալեց Այազփաշայի պողոտան ի վեր: Անցաւ Գերմանական դեսպանատունը, ապա արտաքին գործոց նախարար Թէվֆիկ փաշայի ապարանքի շէնքերը (ապարանքը 1912ին մասամբ այրած էր, մնացեր էին քարաշէն, երկրորդական մասերը: 1930ին, փաշային զուիցերիացի կնոջ որոշումով, անիկա վերածուեցաւ պանդոկի՝ բոլորին յայտնի, աշխարհահռչակ Park Otel-ը: Զօհրապ մտաւ Grand Rue de Pera: Կեցաւ Մեծ Ակումբին, կամ Cercle d՛Orient կոչուած շէնքին առջեւ, ու ինքն իրեն կրկնեց. «Մտերիմ յարաբերութիւն ունինք: Չեն մերժեր զիս»: 2 Յունիսը, Չորեքշաբթի օր, Զօհրապի 23 Ապրիլն էր: Ներսը ի՞նչ պիտի ըլլայ…։ Պատմեմ ձեզի: Զօհրապը դարձեալ մասնակից պիտի դառնայ նոյն խաղասեղանին: Խաղակիցները նոյնն են, խաղը՝ նոյնը: Զօհրապը անայլայլ է: Ունի երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւն: Խաղակիցը անայլայլ է: Իբրեւ ներքին գործոց նախարար՝ ստորագրած է մահագոյժ հրամանագիր: Կէս գիշերը, խաղը պիտի վերջանայ: Զօհրապը ոտքի պիտի ելլէ: Ներքին գործոց նախարարը նոյնպէս: Գրիգոր էֆէնտիի ճակատէն պիտի համբուրէ: Անսպասելի բան.
– Պատճառը ի՞նչ է:
– Մէջէս եկաւ:
Այդ գիշեր Զօհրապը նոյն ճամբով տուն պիտի վերադառնայ: Պիտի նկատէ, թէ պաշտօնեայ մը զինք արդէն կը հետեւի: Տան առջեւ պիտի տեսնէ երկու ոստիկան: Անոնք Զօհրապին պիտի հրահանգեն քանի մը ապրանք պայուսակի մէջ դնել եւ դուրս ելլել:
«ԳՐԵԼՈՒ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻՄ…»
Գոնիա քաղաքին մէջ Զօհրապը տեղւոյն հայերէն խնդրեց. «Մեր ընտանիքներուն լուր տուէք ասկէ անցնելնիս, ուրիշ ծառայութիւն չենք սպասեր ձենէ»: Անոնք հարցուցին. «Ո՞ւր կը տանին ձեզ»: Զօհրապ պատասխանեց. «Տիարպէքիր, դատուելու համար, բայց չեմ կարծեր, որ մինչեւ այնտեղ հասնինք»: 15 Յուլիսի, Հինգշաբթի օր. Հալէպէն ուղարկուած ընտանեկան վերջին նամակ. «Քլարա, սիրակա՛ն, մէկ հատիկ, հոգիս, կեանքս… Տիարպէքիրէն եւ ուրիշ տեղերէ առնուած լուրերը աղէկ չեն. յետոյ շատ խիստ պատիժներ տրուելու եւ գործադրուելու լուրերն ալ կ՛առնենք կոր. Տիարպէքիրի մէջ ալ ի՞նչ պիտի պատահի՝ Աստուած գիտէ: Հիմա, սիրական էակս, ա՛լ վերջին վարագոյրը կը սկսի մեզի համար. հաւատալս չի գար, որ Խալիլ պէյը ամէն երախտիք մոռցած ըլլայ եւ օգնութեան չհասնի: Երկու անգամ է, որ նոր լուսինը կը տեսնեմ եւ զքեզ ու զաւակներս աչքի առջեւ կը բերեմ ու կը համբուրեմ: Աւելի գրելու ոյժ չունիմ. թէ որ ողջ չմնամ, զաւակներուս վերջին պատուէրս եւ կտակս է, որ միշտ սիրով ըլլան իրարու հետ, զքեզ յարգեն եւ սիրտդ չցաւցնեն եւ… զիս ալ յիշեն: Եթէ մեռնիմ՝ ունեցածս 2000 ոսկի բարեգործական նպատակի մը յատկացուցէք: Ամենքիդ կը համբուրեմ: Գ. Զօհրապ»:
Leave a Reply