
Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը իրականացուց շարք մը ձեռնարկներ։
19 Ապրիլին, Պըրպենքի քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համայնքային ձեռնարկը, որուն դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի սկաուտները։ Ներկայ էին պետական պաշտօնատարներ, գլխաւորութեամբ՝ քոնկրեսական Լօրա Ֆրիտմընի եւ քաղաքապետ Նիքի Փերեզի, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան եւ Պըրպենքի Կրթական խորհուրդի անդամ Արմոնտ Աղախանեան եւ շարք մը պաշտօնատարներ, որմէ ետք ծաղիկներ դրուեցան Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշարձանին մանրակերտ կառոյցին վրայ, որ պատրաստուած էր ՀՄԸՄականներու կողմէ։

22 Ապրիլին, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու որոշումը վաւերացուց ու քաղաքապետ Փերեզ հռչակագիր մը յանձնեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեանին եւ վարչութեան անդամներ Անդրանիկ Չարշաֆեանին եւ Էնն Պետեանին, որ փոխանցեց Հայ Դատին պատգամը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով խորհուրդին։
Շեշտելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ հայութեան վերապրելու կամքը՝ 22էն 27 Ապրիլ շաբթուան ընթացքին նաեւ հսկայ պաստառ մը զետեղուեցաւ բանուկ Հոլիվուտ Ուէյ եւ Մակնոլիա փողոցներուն միջեւ եւ քաղաքապետարանը եւ քաղաքին ջուրի եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքը լուսաւորուեցան Հայաստանի դրօշակին գոյներով։

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ իրականացուց աշակերտներու յատուկ շարադրական եւ գծագրութեան մրցանքներ, իսկ 25 Ապրիլին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Էնն Պետեան գլխաւորը հիւրը հանդիսացաւ Պըրպենքի հանրային երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին՝ ներկայացնելով վերապրող Էլիզապէթ Սուլթանեանի պատմութիւնը։
Leave a Reply