Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը ընդունեց բանաձեւ մը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը՝ ի շիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան, վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն յստակ կրթութիւն շնորհելու, մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւնները կանխարգիլելու նպատակով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ քաղաքային խորհուրդի անդամ Չարլզ Ալըն եղած է նախաձեռնութեան առաջատարն ու մտայղացման պաշտպանը։ Քոլումպիա րջանի հարեւանութեան հարցերու խորհրդատուական յանձնախումբի նախագահ Մեթիու Ճիրարտի խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ալընի, նմանօրինակ հիմնարար քայլի միաձայն բանաձեւումին համար։

Նոյն յանձնախումբը ահազանգ հնչեցուց՝ ուղղուած կրթութեան պետական վերահսկիչ գրասենեակին, կոչ ընելով ապահովելու ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ամուր եւ ընդգրկուն կրթական ծրագիր մը, հանրային բոլոր վարժարաններուն համար։

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2025
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ