
Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առիթով, Լաս Վեկասի Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններուն ու եկեղեցիներուն մասնակցութեամբ՝ 26 ապրիլին, քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումը: Այս առիթով, նաեւ յուշարձանին շուրջ ծառեր տնկուեցան։
Ոգեկոչման ներկայ էին շուրջ 300 անձեր:
ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք կատարուեցան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները։
Հանդիսավարը Հըրմըն Պրումն էր, որ բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Լաս Վեկասի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանը՝ կատարելու ոգեկոչման ձեռնարկին բացման աղօթքը։
Իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Լենա Յովհաննէսեան, որ զուգահեռներ գծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 2023ին իրականացած Արցախի ցեղասպանութեան միջեւ։

Քոնկրեսական Տինա Թայթըս, որ առաջնորդած էր Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանել պահանջող Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւը, անգամ մը եւս դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայ բռնարարքները եւ Արցախի հայաթափումը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Շելի Պըրքլի եւ նահանգին դիւանագիտական ջոկատի ներկայացուցիչ Ճոզեֆ Քամփոս։
Իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Հայտի Քասամա եւ քոնկրեսական Սիւզի Լիի ու Լաս Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիքթորիա Սիմիընի ներկայացուցիչները, որոնք հռչակագիրներ յանձնեցին։ Ներկայ էին նաեւ Ճափոնի եւ Ֆիլիփինի հիւպատոսները։
Գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանի աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը, որմէ ետք ներկաները յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցին։
(Քաղուած՝ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի նախկին պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի թղթակցութենէն):
Leave a Reply