Այր մարդու նման` կին

ՍԱՐԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

Ինչպէս այր մարդը կրնայ ըլլալ ֆետայի, այդպէս ալ հայ կինը` ֆետայի:

Հայ կինը մեծ դեր ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարժումին մէջ` թէ՛ գրական, կրթական եւ թէ՛ մշակութային ասպարէզներուն մէջ: Երբ «ֆետայի» ըսենք, միտքով միայն տղամարդ պէտք չէ մտածենք, որովհետեւ նոյնքան ֆետայի կրնայ ըլլալ նաեւ կինը` իր կարողութեամբ: Ֆետայիին կեանքը լեցուն է` պայքարով, դիմադրութեամբ, ինքնազոհողութեամբ ու հայրենիքի փրկութեան համար վտանգուելու պատրաստակամութեամբ: Կիներն ալ պատրաստ են մասնակցելու ռազմական, քաղաքական ու հասարակական պայքարներուն, մինչեւ այն ատեն որ իրենց հոգին եւ կեանքը կապուած են հայրենիքին:

Սօսէ Մայրիկ հայ ազատագրական շարժումին մէջ կին հերոսներէն մէկն էր, որ պնդեց, թէ կիներն ալ նոյնպէս կրնան ռազմական առաջնորդներ ըլլալ: Իր երիտասարդ տարիքէն ան կապուած էր ՀՅ  Դաշնակցութեան` իր սէրն ու կեանքը զոհելով:

Պէտք է յիշել նաեւ «Երիտասարդ Հայաստան»-ին նուիրուած այն կիները, որոնք սիրայօժար պատրաստ էին ծառայելու եւ հասնելու իրենց ազգի փրկութեան:

Կիները կը խորհրդանշեն ուժ եւ դիմադրութիւն` ցոյց տալով, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը միայն տղամարդոց պարտականութիւնը չէ, այլ ամբողջ ազգինը` անխտիր:

Կիները յեղափոխական կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են կազմակերպչական եւ աջակցող աշխատանքներուն` գաղտնի ցանցեր ստեղծելով, կապի համակարգման գործընթացներ կազմակերպելով, ինչ որ կարեւոր էր ազգային ազատագրական շարժումին գոյատեւման համար:

Հայ կինը քաջութեան, զոհողութեան եւ հայ ժողովուրդի կամք զօրացնելու ուղին է: Կարեւորագոյնը այն է, որ կինը ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ ոչ միայն պայքարած է, այլ նաեւ ոգեշնչած է ապագայ սերունդները` մասնակցելու ազգային ինքնապաշտպանական եւ քաղաքական պայքարներուն, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներու դիմադրութիւնը եւ արցախեան շարժումը: Խտրութիւն երբեք պէտք չէ դնենք, երբ խօսինք «Յեղափոխական գործ»-ի մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ