Անգարա կանխակալ կը նկատէ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ միջազգային դիրքորոշումը

Թուրքիան կանխակալ կը նկատէ Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի կալանաւորման եւ անոր հետեւած հանրային լայնածաւալ բողոքներու վերաբերեալ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունջը` միջազգային լրատուամիջոցներու հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպման ժամանակ:

Ան եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է իրադարձութիւնը սթափ գնահատելու:

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր դէմքի` Իմամօղլուի նկատմամբ սկսած քրէական հետապնդումը իրաւապաշտպան կառոյցներն ու եւրոպական երկիրները գնահատած են իբրեւ քաղաքական հոլովոյթ ընդդէմ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հիմնական մրցակիցի:

Էրտողանի գլխաւոր մրցակից Էքրեմ Իմամօղլու ձերբակալուեցաւ 19 մարտինփտածութեան ու ահաբեկիչներու հետ համագործակցելու մեղադրանքով: Իմամօղլու կը հերքէ մեղադրանքները զանոնք կոչելով «զրպարտութիւններ»:

23 մարտին թրքական դատարանը զինք կալանաւորեց, ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ ժամանակաւորապէս պաշտօնէն հեռացուց: Թուրքիոյ մէջ Պոլսոյ քաղաքապետի կալանաւորման դէմ բողոքի ցոյցեր սկսած են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ