Պոլսոյ ժամանակաւոր քաղաքապետի ընտրութիւն

Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդը երէկ քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար ընտրած է, վերջինս պէտք է փոխարինէ նախորդ շաբաթ ձերբակալուած Էքրեմ Իմամօղլուն:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` այս պաշտօնին համար ընտրուած է ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Նուրի Ասլանը: Անոր օգտին քուէարկած են 314 հոգինոց խորհուրդի անդամներէն 177-ը: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Զեյնել Ապիտին Օքուլ 125 ձայն ստացած է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ