Անգարա «հայ-թրքական կարգաւորման նոր թափ հաղորդելու համար» Պաքուի պահանջներու գործադրութիւնը կարեւոր կը նկատէ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմեր Չելիք խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին վերաբերեալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը գոհացուցիչ համարեց ։ Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ ան նոյն ատեն ընդգծեց, որ Երեւանի կողմէ Պաքուի պահանջներու գործադրութիւնը կարեւոր է՝ «հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր թափ հաղորդելու համար»:

«Հայաստանի համար կարեւոր պիտի ըլլայ փոխել որոշ օրէնքներ կամ սահմանադրական յօդուածներ, որոնք Ատրպէյճանի դէմ են: Ժամանակն է լուծարելու ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը, անոնք այլեւս ընելիք չունին, անոնք չեն նպաստեր հարցի լուծման: Երբ այս բոլորը կատարուին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նոր թափ պիտի ստանայ», ըսաւ Չելիք:

https://asbarez.am/archives/478531

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ