Զահրատի հարիւրամեակին առթիւ նոր գիրքի շնորհանդէս եւ ցուցահանդէս

Ծանօթ բանաստեղծ Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ նոր գիրքի շնորհանդէսն ու «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 16 Մարտ 2025, Կիրակի երեկոյեան, Գարակէօզեանի Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ գեղարուեստից աշխատանոցի մէջ: Ցուցադրուեցան Զահրատի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ նկարիչ Լեւոն Գյուլխասեանի ստեղծագործած գծանկարները։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որուն կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան: Ներկայ էին Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ, մամլոյ աշխատակիցներ եւ մշակութասէր անհատներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի համադրող Տիգրան Պասկեւիչեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ Գարակէօզեան Տան հիւրընկալմամբ տեղի ունեցած ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ Ֆակտում փաստագրական կեդրոնը, Ակտուալ արվեստ հրատարակչութիւնը եւ Ժամանակ օրաթերթը։

Օրուան հանդիսավարն էր Մարի Արզուման։ Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Վարժարանի տնօրէն Նարօտ Վերոնիկ Քուրուղօղլու, որ ծանօթացուց օրուան իմաստը, Զահրատն ու անոր հերոսը՝ Կիկոն:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տիգրան Պասքեւիչեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ Դեկտեմբեր 2024ին Երեւանի մէջ բացուած ցուցահանդէսի մասին:

Ժամանակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան իր խօսքին սկսաւ յիշելով, որ Զահրատ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակած է Ժամանակ օրաթերթին մէջ, անդրադարձաւ Զահրատի ու անոր գրականութեան կարեւորութեան եւ մեծութեան: Գօչունեան մաղթեց ունենալ Զահրատի նման նորանոր մեծութիւններ ամէն բնագաւառէ ներս: Խօսքի շարունակութեան Գօչունեան յիշեց, թէ Հոկտեմբեր 2024ին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի գլխաւորութեան Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական բաժանմունքը հրատարակեց Զահրատի հարիւր բանաստեղծութեանց հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ Օհան Շաշքալը եւ Արտաշէս Մարկոսեանը, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին Զահրատի երկերու հրատարակութեան մէջ:

Հմայեակ Ուղուրլեան ներկաներուն փոխանցեց Զահրատի կողակցին՝ Անայիս Եալտըզճեանի ողջոյնները։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ ըսաւ թէ «ստիպուած ենք մեր համայնքին յիշողութիւնը թարմացնել, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ճամբորդութիւնը կեանքի պատմութեան մէջ»: Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Զահրատն ու անոր Կիկոյի միջոցաւ կատարած գործը: Մեծանուն բանաստեղծի պարզութեան ու համեստութեան, Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ Զահրատի ըսածն ու ըրածը համեստ պայմաններու մէջէն դուրս գալ էր տիեզերականով:

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ օրհնեց բոլոր երախտաւորները, որոնց աշխատանքով լոյս աշխարհ եկած է այս գիրքն ու ցուցահանդէսը: Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ մեր վարժարաններու սաները այցելեն այս ցուցահանդէսը, ապա աղօթեց Զահրատի հոգւոյն ի հանգիստ:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան դրուատեց Զահրատն ու անոր արուեստը եւ Պոլսահայ գրականութիւնը, իսկ այս ցուցահանդէսի պատրաստութեան առթիւ՝ Տիգրան Պասքեւիչեանն ու բոլոր գործակիցները:

Յանուն Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան՝ Գարուն Գովան յուշանուէր յանձնեց Տիգրան Պասքեւիչեանին, որ փոխադարձեց:

Հուսկ կատարուեցաւ գինեձօն՝ Նորին Ամենապատուութեան, Տիգրան Պասքեւիչեանի, Գարուն Գովանի եւ Արա Գօչունեանի ձեռամբ:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ շրջեցան ցուցահանդէսը, որմէ ետք պատուասիրութեան սեղաններու շուրջ առիթ ունեցան զրուցելու: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը։

Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ