«Թուրքիան Երեւանի եւ Անգարայի մէջ դեսպանատուներու փոխադարձ բացման հարցը քննարկելու համար նախադրեալներ չի տեսներ» կ՛ըսէ Էրտողանի խորհրդականը

Թուրքիան Երեւանի եւ Անգարայի մէջ դեսպանատուներու փոխադարձ բացման հարցը քննարկելու համար նախադրեալներ չի տեսներ: Այս մասին ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Քըլըչ:

«Ստեղծուած կացութեան մէջ այս հարցը քննարկելու նախադրեալներ չկան: Ես ատոր վերաբերեալ տեղեկութիւն չունիմ: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս նշել, որ մեր այս հոլովոյթին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը յայտնի է` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը շատ հարցերու լուծման բանալին պիտի ըլլայ: Մեզի համար Ազրպէյճանի անվտանգութիւնը եւ անոր տարածքային ամբողջականութիւնը կարեւորագոյն գործօններն են:

«Խօսելով այս դիրքէն` մենք ուշադիր կը հետեւինք ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող հոլովոյթին, խաղաղութեան պայմանագիրի խնդիրին եւ ատոր համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկենք: Բնականաբար, քննարկումներու մէջ ենք Հայաստանի հետ: Կան միջազգային կառոյցներ, որոնց մէջ ներկայացուած են Ազրպէյճանը, Թուրքիան եւ Հայաստանը: Մենք կ՛աշխատինք լաւագոյն լուծումը գտնելու, միասին յառաջ շարժելու եւ խաղաղութեան մէջ ապրելու ուղղութեամբ», ըսած է ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ